Այս տարի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ հռչակուած է «Հայ Մամուլի Տարի»:
«ԶԳՈՅՇ»-ը, իբրեւ առողջապահական եւ նախազգուշական պարբերաթերթ, անցնող հինգ տարիներու իր շարունակական եւ հետեւողական հրատարակութեամբ մեծ ընդունելութիւն գտած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Գանատայի եւ Եւրոպայի մէջ:
Ուրիշ խօսքով, մեծ թիւով ընթերցասէրներ կը սպասեն «ԶԳՈՅՇ»-ի իւրաքանչիւր թիւի հրատարակութեան:
Փաստօրէն անհրաժեշտ բաց մը գոցելու նպատակով սկսած աշխատանքը իր արդիւնքները քաղելու գոհունակութիւնը կու տայ մեզի: Արդարեւ, հինգ տարիներ ետք, նոր բժիշկներու ստորագրութիւններ կը միանան մեզի:
Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի, առողջապահական եւ նախազգուշական, ընտանիքի պարբերաթերթի մը հետեւողական հրատարակութիւնը իր ինքնուրոյն դիրքը գրաւած է:
Վարձքը կատար բոլոր աշխատակիցներուն, վարձքը կատար հայ ընթերցողին, որ անգամ մը եւս եկաւ փաստելու որ անհրաժեշտը, հաճելին եւ օգտակարը մէկտեղելով նոր մթնոլորտ մը կրցած ենք ստեղծել միասնաբար:
Վեհափառ հօր կողմէ «Հայ Մամուլի Տարիե հռչակման առիթով, ուրախ ենք յայտարարելու, թէ այս թիւով «ԶԳՈ3Շ»-ի էջաթիւերն ու տպաքանակը կը բարձրանան, եւ ցրուումի նոր կեդրոններ կ’ունենանք:
Առաջին թիւի հրատարակումէն անցած են արդէն հինգ տարիներ: Յոյսով ենք, որ բոլորիդ նեցուկով նոր յաջողութիւններ ձեռք կը ձգենք: