ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
«Զգոյշ»-ի նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ (Զ. տարի, թիւ 1, 2020) անդրադարձած էի իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած կարգ մը հարցերու՝ խոստանալով հետագային ուրիշ յօդուածով մը անպայման շարունակել զանոնք:
Նախորդ յօդուածին մէջ ներկայացուած հարցերն էին՝ ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչու այս ակռաները կը կոչուին «իմաստութեան ակռաներ», ի՞նչ է իմաստութեան ակռաներուն դերը բերանին մէջ, ի՞նչ բարդութիւններ կրնան յառաջացնել իմաստութեան ակռաները, արդեօ՞ք պէտք է անպայման հեռացնել զանոնք, ե՞րբ պէտք է հեռացնել, եւ ինչ կը պատահի եթէ չհեռացնենք իմաստութեան ակռան:
Այս յօդուածին մէջ պիտի անդրադառնանք հետեւեալ երկու հարցերուն. ինչպէ՞ս տեղի կ՚ունենայ իմաստութեան ակռաներուն հեռացումը եւ ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռք առնել զանոնք հեռացնելէ ետք:
Ինչպէ՞ս տեղի կ՚ունենայ իմաստութեան ակռաներուն հեռացումը
Իմաստութեան ակռայի հեռացումը վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, որ կը կատարուի ատամնաբոյժի մը կամ դիմածնօտային վիրաբոյժի մը կողմէ: Վիրաբուժական գործողութեան տեսակը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի ակռան: Ձեր յիշողութիւնը թարմացնելու համար վերաթուարկեմ նախորդ յօդուածիս մէջ նշած այն կէտերը, ուր բացատրած էի, թէ ե՛րբ պէտք է հեռացնենք իմաստութեան ակռան:
Իմաստութեան ակռաները պէտք է հեռացնել երբ անոնք կը սկսին յառաջացնել տարբեր բարդութիւնները, ու անկարելի կ՚ըլլայ զանոնք պահել բուժման տարբեր միջոցներով: Հեռացնելու հիմնական պատճառ կրնան հանդիսանալ՝
– Եթէ իմաստութեան ակռան ամբողջութեամբ կամ կիսով մնացած է ոսկորին մէջ:
– Եթէ ակռան փտած է այն աստիճան, որ անկարելի է զայն վերականգնել:
– Եթէ քովի ակռաները վնասելու պատճառ կը հանդիսանայ:
– Եթէ լինդերու յաճախակի բորբոքումի պատճառ կը դառնայ:
– Երբ բերանը բանալու դժուարութիւն կու տայ:
Եւն …:
Ակռային հեռացումը ընդհանրապէս կը կատարուի ատամնաբոյժին դարմանատան մէջ: Շատ բարդ պարագաներու միայն, երբ հիւանդը ունի առողջապահական ուրիշ խնդիրներ, որոնց համար կը պահանջուի ընդհանուր զգայազրկում կամ արւեստական շնչառութիւն, հեռացումը կը կատարուի հիւանդանոցին մէջ: Անշուշտ այսպիսի պարագաները շատ հազուադէպ են: Հեռացումը հիմնականօրէն տեղի կ՚ունենայ ատամնաբոյժին դարմանատան մէջ եւ գործողութենէն անմիջապէս ետք՝ ստանալով բժիշկին թելադրանքները, հիւանդը անմիջապէս կը վերադառնայ տուն:
Գործողութեան ձեւը եւ ընթացքը, ինչպէս որ ըսինք, կախեալ են հեռացուող ակռային վիճակէն: Երբ ակռան կիսով կամ ամբողջութեամբ մնացած է լինդին կամ ոսկորին մէջ, բժիշկը ստիպուած է ճեղքելու լինդը, երբեմն նաեւ ոսկորը, որպէսզի մէջտեղ գայ հեռացուող ակռան: Յաճախ բժիշկը կը ստիպուի կտրել ու փոքր մասերու վերածել ակռան, որպէսզի դիւրացնէ անոր հեռացումը: Ակռան հեռացնելէն ետք, բժիշկը կը մաքրէ վէրքը, տարբեր դեղամիջոցներով կը խնամէ զայն, ապա իրար մօտեցնելով լինդին ծայրերը, բժշկական կարի միջոցով կը գոցէ վէրքը:
Գործողութիւններու այս ընթացքին նկարագրութիւնը կրնայ շատ բարդ թուիլ ձեզի ու վախ պատճառել, սակայն խորքին մէջ, վիրաբուժական այս գործողութիւնները շատ կը դիւրացնեն իմաստութեան ակռաներու հեռացումը ու կը կանխեն կամ կարելի եղածին չափ կը պակսեցնեն հետագայ բարդութիւնները, ինչպէս՝ ցաւ, արիւնահոսութիւն, ուռեցք, եւն…
Ի՞նչ միջոցներ պէտք է որդեգրել իմաստութեան ակռաները հեռացնելէն ետք
Իմաստութեան ակռան հեռացնելէն ետք ատամնաբոյժը հիւանդին կը յանձնարարէ դեղեր՝ փոխանցելով անոր դեղագիր մը, ապա կը կատարէ կարգ մը շատ կարեւոր թելադրանքներ:
Ա. Դեղերով բուժում
Դեղագիրին վրայ նշուած կ՚ըլլան հիմնականին մէջ երեք տեսակ դեղամիջոցներ՝
ա. Հակաբորբոքային ցաւազրկիչներ (Anti inflamatory analgesics)
բ. Հակամիքրոպային դեղեր (Antibiotics)
գ. Հականեխիչ ողողումներ (Antiseptic mouthwashes):
Դեղերուն տեսակները երբեմն կախեալ են հիւանդին առողջական վիճակէն: Այն պարագաներուն, որ հիւանդը ունի առողջական այլ խնդիրներ, ատամնաբոյժը կը խորհրդակցի այն մասնագէտ բժիշկին հետ, որուն քով տուեալ անհատը կը ստանայ բուժում, ապա կը կատարէ դեղերու նշանակումը:
Բ. Թելադրանքներ
ա. Ակռաներով լաւ սեղմել ատամնաբոյժին տեղադրած բամպակը ու պահել մօտաւորապէս մէկ ժամ, արիւնահոսութիւնը արագ կեցնելու համար:
բ. Անմիջապէս դուրսի կողմէն սառ տեղադրել հեռացուած ակռային կողմը, ուռեցքէ եւ յաւելեալ արիւնահոսութենէ խուսափելու համար:
գ. Երբեք չթքել ու անընդհատ բերանը չցօղուել, որպէսզի վէրքին մէջ կազմուող արեան մակարդուկը դուրս չգայ: Նշենք որ ակռան հեռացնելէն ետք, անոր վէրքի փոսիկին մէջ կը կազմուի արեան մակարդուկ մը, որ կը կանգնեցնէ արիւնահոսութիւնը ու հետագային կը նպաստէ այդ վէրքին մէջ ոսկորի յառաջացումին: Եթէ անընդհատ բերանը ողողելու պատճառով այդ արեան մակարդուկը դուրս իյնայ, կրնայ պատճառել յաւելեալ արիւնահոսութիւն, ցաւ եւ բորբոքում որուն պատճառով կ՚ուշանայ վէրքին առողջացումը: Ճիշդ այս պատճառով նաեւ, ատամնաբոյժին թելադրած հականեխիչ ողողումի դեղամիջոցը առաջին օրը չօգտագործել, այլ սկսիլ յաջորդ օրը:
դ. Ակռաները վրձինել միայն յաջորդ օրը եւ կարելի եղածին չափ զգուշութեամբ, առանց վրձինը մօտեցնելու հեռացուած ակռայի վէրքին:
ե. Առաջին քանի մը օրը կարծր ուտելիքներ չօգտագործել ու կարելի եղածին չափ շատ հեղուկ խմել:
զ. Տաք ուտելիքներ ու խմիչք չօգտագործել առաջին երկու օրը: Տաքը պատճառ կը դառնայ մանրէներու աճին ու բորբոքումի:
է. Բացարձակապէս չծխել: Բացի անկէ որ ծխելը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ բորբոքումի համար, նաեւ կը խանգարէ վէրքին արագ լաւացումը:
ը. Ատամնաբոյժին թելադրած բոլոր դեղերը օգտագործել ճշդուած ժամանակամիջոցներուն, որպէսզի ազդու ըլլայ անոնց բուժումը: Եթէ դեղերը ճիշդ ժամերուն չօգտագործուին, վէրքին լաւացումը կրնայ ուշանալ, նաեւ բարդութիւններ յառաջ կու գան, ինչպէս՝ ցաւ եւ ուռեցք:
թ. Ոգելից խմիչքներ չօգտագործել նշուած դեղամիջոցներուն հետ: Ալքոհոլը ոչ միայն կրնայ չէզոքացնել այդ դեղերուն ազդեցութիւնը, այլ նաեւ պատճառ կրնայ դառնալ ուրիշ բարդութիւններու՝ սրտխառնոց, փսխունք, քոր, փորհարութիւն, ալերժի եւն…
ժ. Ծանր աշխատանքներ չկատարել:
ժա. Վերոնշեալ բոլոր թելադրանքներուն հետեւիլ լիուլի:
Երբեմն կը պատահի որ իմաստութեան ակռայի հեռացման յաջորդ օրը կամ քանի մը օր ետք հիւանդը ունենայ անտանելի ցաւ, արիւնահոսութիւն, ուռեցք կամ այլ խնդիրներ…: Այս բարդութիւններուն հիմնական պատճառը վերը նշուած թելադրանքները ճիշդ չկատարելն է: Այնպէս որ միշտ հետեւեցէք ձեր ատամնաբոյժին խորհուրդին: Լիուլի կատարեցէք անոր թելադրանքները, քանի մը օր ետք այցելեցէք անոր դարմանատունը ցոյց տալու համար առողջացող վէրքը ու հեռացնելու համար կարերը ու պիտի տեսնէք որ իմաստութեան ակռային հեռացումը ձեր կարծածին չափ ալ դժուար բան մը չէ: Առողջ մնացէք:
Իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած հարցումներ շատ կան: Ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչ է անոնց դերը, ինչո՞ւ այդպէս կը կոչուին, ի՞նչ առողջական խնդիրներ կրնան ստեղծել բերանին մէջ…:
Այս յօդուածով, փորձեմ որոշ բացատրութիւն մը տալ կարգ մը հարցերու, յաջորդին շարունակելու խոստումով: