Իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած հարցումներ շատ կան: Ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչ է անոնց դերը, ինչո՞ւ այդպէս կը կոչուին, առողջական ի՞նչ խնդիրներ կրնան ստեղծել բերանին մէջ… Այս յօդուածով՝ փորձեմ որոշ բացատրութիւն մը տալ կարգ մը հարցերու, յաջորդին շարունակելու խոստումով .-
1. Ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները
Իմաստութեան ակռաները կամ ինչպէս որ ընդունուած է ըսել ՝ «խելքի ակռաները», երրորդ մեծ աղօրիքներն են, որոնք թիւով չորս հատ են եւ իւրաքանչիւր ծնօտի, երկու կողմի վերջին ակռաներն են:
Անոնք դուրս կու գան ուշ պատանեկութեան կամ վաղ երիտասարդութեան շրջանին, այսինքն՝ 17-էն 25 տարեկանին միջեւ: Երբեմն այդ ակռաները շատ կարեւոր դեր կրնան ունենալ բերանին մէջ, երբ առողջ են եւ ամբողջութեամբ դուրս եկած են, սակայն յաճախ անոնք առողջական տարբեր խնդիրներ կրնան ստեղծել ու անհրաժեշտ կը դառնայ անոնց կանուխ հեռացումը:
2. Ի՞նչու այս ակռաները կը կոչուին «իմաստութեան ակռաներ»
Այս ակռաները կը կոչուին իմաստութեան ակռաներ, որովհետեւ անոնք ի տարբերութիւն մնացեալ ակռաներուն, դուրս կու գան համեմատաբար աւելի հասուն տարիքի ընթացքին: Մնացեալ բոլոր ակռաները դուրս եկած կ՚ըլլան մինչեւ 12 տարեկան, իսկ իմաստութեան ակռաները դուրս կու գան 17 տարեկանէն ետք, այսինքն՝ հասուն կամ իմաստուն տարիքին, այդ պատճառով ալ կը կոչուին «իմաստութեան ակռաներ»:
3. Ի՞նչ է իմաստութեան ակռաներուն դերը բերանին մէջ
Ժամանակին այս ակռաները շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ծամելու գործողութեան մէջ, սակայն դարերու ընթացքին պակսած է անոնց դերը: Ինչո՞ւ այդպէս պատահած է. հին դարերուն երբ մարդիկ կը սնուէին կարծր սննդամթերքով, անոնց ակռաները արագ կը մաշէին կամ կը կոտրուէին: Այդ ժամանակ իմաստութեան ակռաները պահեստի ակռաներու դեր կը կատարէին ու դուրս գալով կ՚ամբողջացնէին միւս ակռաներուն բացը ու կը նպաստէին ծամելու գործողութեան: Սակայն դարերու ընթացքին, երբ մարդիկ սկսան օգտագործել աւելի փափուկ ուտելիքներ, բերանն ու ակռաները փոփոխութիւններ կրելով՝ սկսան յարմարիլ նոր պայմաններուն: Ժամանակի ընթացքին, մարդոց ծնօտները, ինչպէս ամբողջ ոսկրային համակարգը, բարեշրջուելով սկսան փոքրանալ ու կամացկամաց իմաստութեան ակռաներուն տեղը նեղնալով, անոնք սկսան բարդութիւններ առաջացնել:
4. Ի՞նչ բարդութիւններ կրնան յառաջացնել իմաստութեան ակռաները
Երբ իմաստութեան ակռաները, ծնօտներուն մէջէն դուրս գալու անհրաժեշտ միջոցը չեն ունենար, անոնք կրնան ամբողջութեամբ կամ կիսով փակուած մնալ ոսկորին մէջ ու կրնան ցաւի կամ առողջական այլ խնդիրներու պատճառ դառնալ, ինչպէս օրինակ՝ ու-ժեղ գլխացաւ, ականջի ցաւ, լինտերու բորբոքում եւ արիւնահոսութիւն, վատ շնչահոտ, բերանը բանալու դժուարութիւն, եւն…
5. Արդեօք պէ՞տք է անպայման հեռացնել այս ակռաները
Բոլոր պարագաներուն չէ, որ պէտք է անպայման հեռացնել իմաստութեան ակռաները: Յաճախ այս ակռաները, միւս ակռաներուն պէս ամբողջութեամբ կրնան դուրս գալ առանց որեւէ խնդիր պատճառելու: Երբեմն նաեւ, երբ անոնց շատ փոքր մէկ մասը մնացած կ՚ըլլայ ոսկորին կամ լինտերուն տակ, կարելի է վիրաբուժական փոքր միջամտութիւն մը կատարելով, հեռացնել այդ ոսկորի կամ լինտի հատուածը ու առիթ տալ, որ ակռան ամբողջութեամբ դուրս գայ առանց բարդութիւն յառաջացնելու:
Ատամնաբոյժը, բուժման տարբեր միջոցներով, կարելի եղածին չափ կը փորձէ բուժել ու երկար ժամանակ պահել իմաստութեան ակռաները, որովհետեւ անոնք կրնան օրին մէկը հիմք ծառայել արուեստական կամուրջներու համար:
6. Ե՞րբ պէտք է հեռացնել այս ակռաները
Իմաստութեան ակռաները պէտք է հեռացնել երբ անոնք կը սկսին յառաջացնել տարբեր բարդութիւններ ու անհնար կ՚ըլլայ զանոնք պահել բուժման տարբեր միջոցներ օգտագործելով:
Հեռացնելու հիմնական պատճառ կրնան հանդիսանալ՝
– Եթէ իմաստութեան ակռան ամբողջութեամբ կամ կիսով մնացած է ոսկորին մէջ:
– Եթէ ակռան փտած է այն աստիճան, որ անհնար է զայն վերականգնել:
– Եթէ քովի ակռաներուն վնասման պատճառ կը հանդիսանայ:
– Եթէ լինտերու յաճախակի բորբոքումի պատճառ կը դառնայ:
– Երբ բերանը բանալու դժուարութիւն կու տայ:
Եւն….
7. Ի՞նչ կը պատահի եթէ չհեռացնենք իմաստութեան ակռան
Եթէ իմաստութեան ակռան կը պատճառէ վերոնշեալ հարցերը՝ պէտք է անմիջապէս դիմել ատամնաբոյժին ու հեռացնել զայն, այլապէս կրնան յառաջանալ հետեւեալ բարդութիւնները.
– Անտանելի ցաւ, որ կրնայ վերածուիլ ուժեղ գլխացաւի ու տարածուիլ դէպի ականջները…
– Երբ ակռան կիսով մնացած է լինտին կամ ոսկորին մէջ, անոր եւ իր քովի աղօրիքին մի-ջեւ կրնան հաւաքուիլ ճաշի մնացորդներ, որոնք դիւրութեամբ չմաքրուելով, լինտի բորբոքումի ու երկու ակռաներուն փտելուն պատճառ կը հանդիսանան:
– Իմաստութեան ակռային շուրջի լինտը կրնայ բորբոքիլ, ու բորբոքումը տարածուելով՝ կրնայ անցնիլ ծնօտի ոսկորին:
– Լեզուի, կոկորդի եւ այլ գեղձերու բորբոքումի պատճառ կրնայ դառնալ:
– Բորբոքումը յաճախ ուռածութիւն կրնայ յառաջացնել:
Հարցերը շատ են…
Ինչպէ՞ս տեղի կ՚ունենայ իմաստութեան ակռաներուն հեռացումը, հեռացնելէն ետք ի՞նչ խնդիրներ կրնան ստեղծուիլ, ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռք առնել հեռացումէն ետք…: Այս եւ ուրիշ հարցերու կը փորձեմ պատասխանել յաջորդին: