Բորբոսով ուտելիքները, մասնաւորապէս հացը, վտանգաւոր են երեխաներու, յղիներու եւ տկար ախտամերժութիւն ունեցող մարդոց համար:
«The Sun»-ի համաձայն, ուտեստեղէնի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտները եւ Միացեալ Նահանգներու գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեսչութիւնները կը զգուշացեն բորբոսած ուտեստեղէնի մահացու վտանգէն: Անոնք խորհուրդ կու տան թափելու ամբողջ հացը, այլ ոչ միայն կտրել բորբոսած հատուածները:
Ի տարբերութիւն մանրէներու` բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի բջիջներէ` բեղմնափոշիներէ, որոնք գոյն կու տան: Այդ կը դիւրացնէ անոնց յայտնաբերումը եւ կը կանխէ փճացած ուտելիքին օգտագործումը:
Բորբոսի որոշ տեսակներ կը յառաջացնեն ալլերժիք հակազդեցութիւններ եւ շնչառական հարցեր: Նաեւ որոշ պայմաններու մէջ բորբոսը կ’արտադրէ միքոթոքսիններ` թունաւոր նիւթեր, որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութիւններու, կը նշէ հետազօտութիւնը: Հիւանդանալու աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուին տարեցները, երեխաները, յղիները եւ տկար ախտամերժութիւն ունեցող մարդիկ:
Բորբոսած հացին վրայ կրնան քանի մը տարբեր տեսակի սունկեր ըլլալ: Հակառակ անոր, որ բորբոսը կը փճացնէ ուտելիքի վերին շերտը, ան կրնայ տարածուիլ ծակոտկէն ուտելիքի խորքը, կը նշեն Մեծն Բրիտանիոյ ուտելիքներու ստուգատիպի գործակալութեան («FSA-Food Standards Agency») մասնագէտները:
«Իբրեւ կանոն, մակերեսի վրայ մէկ սանթիմեթր տրամագիծով բորբոսները նաեւ մէկ սանթիմեթր կը թափանցեն ուտելիքին մէջ», նախապէս յայտարարած է բորբոսի փորձագէտ, դոկտ. Փաթրիք Հիքի:
Բորբոսը, ի տարբերութիւն պաքթերիաներուն, յանկարծակի սննդային թունաւորումներ չ’առաջացներ: Սակայն, սննդային որոշ միքոթոքսիններու ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ արագ եւ սուր: «Եթէ մարդ մեծ քանակութեամբ թունաւոր բորբոս ուտէ, անոր մօտ կրնայ զարգանալ ստամոքսաղիքային խանգարում, լեարդի կամ երիկամներու անբաւարարութիւն: Այդ մահացու է», կը զգուշացնէ Հիքի: