Ծխելու հետեւանքով իւրաքանչիւր 8 վայրկեանը անձ մը կը մահանայ աշխարհի տարածքին: Հաւանաբար բազմիցս լսած էք այս: Բայց, ահաւասիկ, քանի մը հետաքրքրական տուեալներ ծխելու մասին, որոնք հաւանաբար չէիք գիտեր.
- Ծխելը պատճառ կը դառնայ սթրեսի, եւ ոչ թէ հակառակը:
Ծխողները կը կարծեն, որ այս մոլութիւնը կ՚օգնէ յաղթահարելու սթրեսը, սակայն իրականութեան մէջ, հակառակը ճիշդ է: Ծխողները աւելի շատ կը տառապին սթրեսէ, քան երբեք չծխողները եւ ծխելէ հրաժարածները:
- Ամէն 8 վայրկեանը ծխող մը կը մահանայ ծխելու հետ կապուած հարցերու հետեւանքով:
20-րդ դարուն, ծխելու հետեւանքով աշխարհի տարածքին մահացած է շուրջ 100 միլիոն մարդ: Աւելին, ամէն երկվայրկեան անձ մը կը մահանայ ծխելու հետ կապուած հարցէ մը: Ըստ որոշ տուեալներու, տասը ծխողներէն մէկը կը մահանայ քաղցկեղէ: Նոյնինքն ծխելն է պատճառը քաղցկեղի ամէնէն տարածուած տեսակին՝ թոքերու քաղցկեղին, մասնաւորաբար տղամարդոց մօտ:
- Ծխախոտին ծուխը կը սպաննէ նաեւ չծխողները:
Մարդոց մօտ, որոնք կ՚ապրին կամ կ՚աշխատին ծխողներու հետ, թոքերու քաղցկեղի զարգացման վտանգը կը բարձրանայ 22 տոկոսով: Ծխող կիներու մօտ քաղցկեղի զարգացման վտանգը երկու անգամ աւելի է, քան չծխող կիներու մօտ: Ծխախոտի ծուխէն կրնան տուժել նոյնիսկ բազմայարկաբաժին շէնքերու բնակիչները: Եթէ շէնքին մուտքին կամ վերելակին մէջ կան ծխողներ, անոնք կրնան պատճառ դառնալ մնացեալներու հիւանդանալուն կամ նոյնիսկ մահուան՝ ծխելու հետ կապուած հիւանդութիւններու պատճառով:
- Փոքրերը կը տուժեն մեծերու ծխելէն:
Յղութեան շրջանին, տարեկան շուրջ 50 միլիոն կին կը ստիպուի շնչել ծխախոտին ծուխը: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ այդ ծուխը բացասաբար կ՚անդրադառնայ սաղմին վրայ եւ կրնայ նաեւ կանխահաս ծննդաբերութեան, վիժումի եւ սաղմի մահուան պատճառ դառնալ: Հետազօտութիւններու համաձայն, ծխող ծնողներու երեխաները աւելի հակամէտ են նորածինի յանկարծակի մահուան, ինչպէս նաեւ՝ շնչառական հիւանդութիւններու զարգացման:
- Ծխելէն հրաժարիլը այնքան ալ դժուար չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն:
Ծխողներէն շատերը կը կարծեն, որ երբեք պիտի չկարենան հրաժարիլ, սակայն իրականութեան մէջ, շատ ալ դիւրին է: Տարբեր տուեալներու համաձայն, ծխողներուն 95 տոկոսը անմիջապէս կը հրաժարի ծխելէն, երբ սրտի տագնապի կ՚ենթարկուի: