Հաւանաբար, դուք որոշ ծանօթութիւններ ունիք թոքախտի մասին, այդ պատճառով այս գրութեամբ կը ներկայացնենք այդ հիւանդութեան վերաբերող նուազ ծանօթ տեղեկութիւններ:
Թոքախտը աշխարհի ամէնէն հին հիւանդութիւններէն մէկն է
Անիկա Ափրիկէի մէջ ի յայտ եկած է շուրջ 70 հազար տարի առաջ, Nature Genetics գիտական պարբերականին համաձայն: Թոքախտէ տառապող մարդու մոմիան յայտնաբերուած է Եգիպտոսի մէջ. հնագէտների կարծիքով՝ մոմիան, որ ունի աւելի քան 2000 տարուան հնութիւն, ունէր թոքախտի յատուկ ախտանշաններ: Նման ախտանշաններ յայտնաբերուած են նաեւ Ֆէոպսի բուրգերու փարաւոններու մոմիաներուն մօտ:
Տակաւին, թոքախտը նկարագրուած է Հիպոքրաթի եւ հին դարերու Եգիպտացի, Չին, յոյն ու արաբա այլ գիտնականներու աշխատութիւններուն մէջ:
Թոքախտը կը փոխանցուի նաեւ կենդանիներէն
Մարդկոց մեծամասնութիւնը այլ անձերէ կը վարակուի թոքախտէ, բայց իրականութեան մէջ կարելի է վարակուիլ նաեւ կենդանիներէ:
2014ին, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամ արձանագրուած է երկու դէպք, երբ թոքախտը մարդոց փոխանցուած է կատուէն: Կենդանիները կրնան թոքախտով վարակել նաեւ այլ կենդանիներ, որոնց շարքին՝ ընտա-նի կենդանիներ:
Outbreaks ամսագրին մէջ հրապարակուած գիտական հետազօտութեան մը տուեալներուն համաձայն՝ անասուններու պարագային, թոքախտի վարակումներուն աւելի քան 50 առ հարիւրին պատասխանատու են փորսուղները (badger):
Բաբելոնի մէջ արտօնուած էր ամուսնալուծուիլ թոքախտէ տարապող հիւանդ կնոջմէն
Ըստ հին հնդկական Մանուի օրէնքներուն, տղամարդոց արգիլուած էր ամուսնանալ թոքախտաւոր կիներու հետ: Իսկ Բաբելոնի մէջ կար ուրիշ օրէնք մը. տղամարդը կրնար անյապաղ ապահարզան պահանջել, եթէ կինը վարակուած էր թոքախտով:
Շարք մը հանրածանօթ դէմքեր եւ գիրքի հերոսներ կը տառապէին թոքախտէ
Կ՚ըսուի որ իշխան Սվէաթոսլաւ Եարոսլովիչ կը տառապէր թոքախտէ: 27 Դեկտեմբերի 1076ին կը փորձեն զայն բուժել վիրաբուժական միջամտութեամբ, սակայն ան կը մահա-նայ վիրահատութեան ընթացքին:
Ֆլորանսի մէջ, Սիմոնեթա Վեսպուչին, որ հանրածանօթ Վեներայի բնորդուհին էր, կը մահանայ 22 տարեկանին թոքախտի հետեւանքով: Ժամանակակից բժիշկները կ՚ըսեն որ այդ կտաւին վրայ թոքախտի յատուկ արտաքին նշաններ կը նշմարուին բնորդոհիին ուսերուն վրայ:
Թոքախտէ տառապած եւ անկէ մահացան են շարք մը նշանաւոր դէմքեր, ինչպէս՝ Պելինսքին, Տոպրոլեուպովը, Չեխովը, Շոբէնը եւ ուրիշներ:
Թոքախտը նշուած է նաեւ Տոստոյեւսքիի, Տիքընզի, Տիւմայի ստեղծագործութութիւններուն, գեղանկարիչներ Քլոտթի, Մաքսիմովի, Փոլենովի կտաւներուն, ինչպէս նաեւ՝ Վերտիի եւ Փուչինիի օբերաներուն մէջ:
Թոքախտը միայն թոքերը չէ որ կ՚ախտահարէ
Թոքախտը ընդհանրապէս կ՚ախտահարը թոքերը, սակայն գոյություն ունի այսպէս կոչուած արտաթոքային թոքախտ, որ կը վարակէ այլ օրկաններ՝ մարսողական համակարգը, միզասեռային օրկանները, ջղային կեդրոնական համակարգը եւ ուղեղի թաղանթը, ինչպես նաեւ՝ մաշկը, աչքերը, ոսկորները եւ յօդերը: