Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) յայտարարեց, թէ նշանակած է Քրիստինա Մեհրանպոտը՝ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրողը, եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը՝ իբրեւ օգնական համադրող:
Մեհրանպոտ եւ Թիւթիւնճեան Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ այլազան գործակալութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին:
Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանէն շրջանաւարտ՝ Մեհրանպոտ ստացած է իր պսակաւոր արուեստից տիտղոսը հանրային առողջապահութեան մարզէն ներս, մասնագիտանալով նաեւ Սպաներէնի ու գրականութեան մէջ: Ներկայիս, ան կը շարունակէ իր ուսումը Քոլոմպիա համալսարանի հանրային առողջապահութեան Մէյլմին դպրոցին մէջ հանրային առողջապահութեան համաճարակագիտութեան ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոսին արժանանալու նպատակով:
Թիւթիւնճեան, շրջանաւարտ է Մոնթքլեր նահանգային համալսարանէն՝ հոգեբանութեան ճիւղի պսակաւոր արուեստի տիտղոսով, միանգամայն մասնագիտացած է քաղաքային յանձնառութեան ճամբով ղեկավարութեան զարգացման մարզին մէջ: Միասնաբար, զոյգ համադրողները կը տիրապետեն հայերէնին, անգլերէնին, սպաներէնին, արաբերէնին, պարսկերէնին եւ թրքերէնին: «Բարի գալուստ կը մաղթենք ՀՕՄ-ի անձնակազմին միացող Քրիստինային ու Մարալին: Անոնց նշանակումը առաւել եւս կ՛ամրացնէ մեր նուիրումը հանդէպ այն սկզբունքներուն, զորս կը բաժնենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հետ: Իբրեւ մին աշխարհի 5083 կազմակերպութիւններէն, որոնք ճանաչում ստացած են ՄԱԿ-էն, խանդավառ ենք այն համոզումով, որ մեր նոր համադրողները իրենց որակաւոր դաստիարակութեամբ ու փորձառութեամբ պիտի արժեւորեն մեր գործունեայ ներկայութիւնը համաշխարհային այս կազմակերպութեան մէջ», ըսաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեան: Մեհրանպոտ եւ Թիւթիւնճեան պիտի ջանան ռազմավարական գործակցութիւններ զարգացնել ՀՕՄ-ի համար ՄԱԿ-ի մէջ՝ ամրացնելով ՀՕՄ-ի նուիրումը հանդէպ տիեզերական արժէքներու, ինչպիսին են մարդկային իրաւունքներու, կիներու եւ մանուկներու ընկերային, առողջական եւ դաստիարակչական ու տնտեսական կարիքներու գոհացման եւ պահպանման ու աշխարհի տարածքին ապահովումը՝ պայքարելով նոյն ատեն կենսոլորտին սպառնացող բոլո՛ր վտանգներուն դէմ:
«Պատիւ կը զգամ, որ առիթը կը տրուի ինծի մասնակցելու ՄԱԿի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն իբրեւ համադրող: Անհամբեր եմ ծառայելու կազմակերպութեան մը, որ ամբողջական, աշխարհածի՛ր նուիրումով կը ծառայէ Հայաստանին եւ հայութեան՝ իր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան, սեռերու հաւասարութեան, տնտեսական ու մշակութային զարգացման ի խնդիր հաստատած ծրագիրներով ու հաստատութիւններով:
Եւ ահա՛, պատրաստ եմ ՀՕՄ-ը ներկայացնելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ», ըսաւ Մեհրանպոտ: