ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ
Իւրայատուկ քայլով, որ մեծ հակասութիւններու դուռ բացած է, Ճափոնի Եամակաթա մարզի տեղական իշխանութիւնները վերջերս հրապարակած են օրէնք մը, որ կոչ կ’ուղղէ ժողովուրդին օրական առնուազն մէկ անգամ խնդալու:
Օրէնքը նաեւ կը պահանջէ ընկերութիւններէն «զարգացնել խնդուքով լեցուն աշխատանքային միջավայր մը», եւ իւրաքանչիւր տարուան 8 օգոստոսը կը սահմանէ որպէս խնդուքի օր:
Օրէնքը կը նշէ, որ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, խնդուքը պէտք է ըլլայ «բարձրաձայն», այլապէս, լուռ ծիծաղն ու ժպիտը խնդալ չեն սեպուիր: Ակնարկուած ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ կանոնաւոր խնդուքը կրնայ նուազեցնել սրտի հիւանդութեան վտանգը եւ կը նպաստէ երկարակեցութեան:
Օրէնքը ներկայացուած եւ ընդունուած է պահպանողական ազատական-ժողովրդավար կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, սակայն ընդդիմադիրները քննադատած են օրէնքը` ըսելով, որ ան կը խախտէ դէմքի դիմագիծը բնական կամ լուրջ պահելու «մարդու հիմնական իրաւունքը»: Տակաւին, ան խտրականութեան պատճառ կը դառնայ անոնց նկատմամբ, որոնք չեն կրնար խնդալ` հաշմանդամութեան կամ այլ պատճառներով:
Եամակաթա համալսարանի բժշկական դպրոցի ուսանողներուն կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք, որոնք կը խնդան շաբաթը առնուազն մէկ անգամ, աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին սրտանօթային հիւանդութիւններ զարգացնելու, քան անոնք, որոնք կը խնդան ամիսը անգամ մը կամ պակաս: