Գիտնականներու համաձայն, այն կիները, որոնք կանոնաւոր եւ անընդհատ կերպով կ՚օգտագործեն ներկեր եւ քիմիական նիւթեր մազերու համար, աւելի բարձր համեմատութեամբ ենթակայ են կրծքագեղձի քաղցկեղ զարգացնելու վտանգին, քան այն կիները, որոնք չեն օգտագործեր այդ արտադրութիւնները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակած է International Journal of Cancer պարբերականը:
Առողջութեան ազգային հիմնարկի անդամ ամերիկացի գիտնականներ վերլուծած են 46 հազար 709 կիներու տուեալները, որոնք 2003-2009 թուականներուն մասնակցած են Sister Study-ի հետազօտութեան՝ ուսումնասիրելով շրջակայ միջավայրին եւ «ծիներուն» ազդեցութիւնը կաթնագեղձի քաղցկեղի զարգացման հաւանականութեան վրայ: Այդ բոլոր կիներուն մօտիկ ազգականներէն մէկը՝ քոյրը կամ մայրը, ունեցած է ուռուցքային այդ հիւանդութիւնը, բայց հետազօտութեան պահուն անոնք առողջ եղած են:
Հեղինակները բացայայտած են, որ այն կիները, որոնք կանոնաւոր կերպով մազերու համար ներկ օգտագործած են հետազօտութեան մասնակցելու նախորդած տարուան ընթացքին, 9 առ հարիւրով աւելի հակամէտ եղած են քաղցկեղի զարգացման, քան այն կիները, որոնք այդ ներկը չեն օգտագործած:
Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի մնայուն կերպով օգտագործուած ներկի նիւթերուն, որոնք կը խախտեն «Էնտոքրին» համակարգը եւ քաղցկեղածին են: Մազերու գոյնի ժամանակաւոր փոփոխութեան համար օգտագործուած միջոցներուն պարագային՝ ոչ մէկ վտանգ յայտնաբերուած է:
Կաթնագեղձի քաղցկեղին եւ մազերու համար քիմիական ուղղիչներու օգտագործման միջեւ յայտնաբերուած կապը նկատուած է բացայայտում մը: Հետազօտողները պարզած են, որ ուռուցքային հիւանդութեան զարգացման վտանգը անոնց մօտ, որոնք այդ միջոցները օգտագործած են իւրաքանչիւր հինգ-ութ շաբաթը անգամ մը, 30 առ հարիւրով աւելի բարձր եղած է բաղդատած այն կիներուն, որոնք երբեք չեն օգտագործած զանոնք: Թէ՛ առաջին, թէ՛ երկրորդ պարագային, ներկերու եւ ուղղիչներու համար, վտանգը աւելցած է մազերու համար միջոցներու աւելի յաճախակի օգտագործման համեմատ: Գիտնականները նշած են, որ իրենց տուեալները նախնական են եւ հաշուի չեն առներ այլ գործօններու ազդեցութիւնը: