Կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու նպատակով, Հայաստան ձեռք բերած է «մամոկրաֆի»-ի շարժական սարք մը:
«Առաջին կանգառը կ՛ըլլայ Լոռիի մարզին մէջ, ուր բնակչութեան համար կրծքագեղձի անվճար քննութիւններ կը կատարուին»,- յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
Միւս կողմէ, աւելցուց նախարարը, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ, առողջութեան պահպանութեան առաջնահերթ ծառայութիւններու բարելաւման նպատակով՝ ապահովուած են անմիջական բժշկական օգնութեան իրեղէններով օժտուած 620 պայուսակներ, որոնց բաշխումը արդէն իսկ սկսած է գիւղական մանկաբարձական գործող բաժիններուն մէջ։