Փօլիֆենոլները (polyphenols) կամ ֆենոլային բաղադրութիւնները բուսական ծագումով բնական բաղադրութիւններ են, որոնք օժտուած են հակաօքսիտային յատկութեամբ։
Փօլիֆենոլները կարելի է բաժնել 4 խումբի՝ ֆլավընոյտներ, սթիլպիններ, լիկնաններ, ֆենոլաթթուներ, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին տարբեր ենթախումբերու։
Իբրեւ կանոն, սննդաթերքները կը պարունակեն փօլիֆենոլներու բարդ բաղադրութիւններ, իսկ բոյսերու արտաքին շերտերուն՝ կեղեւին մէջ անոնց պարունակութիւնը աւելի բարձր է։ Փօլիֆենոլները պատասխանատու են պտուղներու, հատապտուղներու եւ բանջարեղէնի վառ գունաւորման, ինչպէս նաեւ կ՚ազդեն անոնց համի, հոտի, օքսիտացման յատկութիւններուն վրայ։
Մարդկային մարմնին մէջ փօլիֆենոլներու ունին կենսաբանական տարբեր ազդեցութիւններ, որոնց շարքին՝
– Կը պայքարին քաղցկեղի բջիջներու եւ անճիոճենեսիսի (angiogenesis-չարորակ ուռուց-քները սնուցող արիւնատար երակներու աճ) արգելակման դէմ։
– Մաշկը կը պաշտպանեն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն։
– Կը պայքարին ազատ radicalներու դէմ եւ կը նուազեցնեն բորբոքային գործընթացները։
– Կ՚օգնեն ամրապնդելու գլխուղեղի առողջութիւնը։
– Կը դանդաղեցնեն ծերացման գործընթացները։
– Կ՚օգնեն պայքարելու թուլամտութեան եւ ալզայմըրի դէմ։
– Կը նպաստոեն աղիքային բարենպաստ մայքրոֆլորայի (microflora) ձեւաւորումին:
– Կը բարելաւեն ոսկրային հիւսուածքի նիւթափոխանակութիւնը՝ նուազեցնելով ոսկրափխրութեան (osteoporosis) վտանգը։
– Կ՚օգնեն կարգաւորելու արեան ճնշումը եւ կը պաշտպանեն սրտանօթային համակարգը։
– Ֆլավընոյտներն ու փօլիֆենոլները կը բարելաւեն երակներու եւ զարկերակներու լորձաթաղանթի բջիջներու գործընթացը։
– Կ՚օգնեն պահպանելու շաքարի բնական մակարդակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ճարպերու կանոնաւոր նիւթափոխանակութիւնը եւ նուազեցնելու դիմադրողականութիւնը ինսուլինի հանդէպ՝ այդպիսով նուազեցնելով 2-րդ տիպի շաքարախտի յառաջացման վտանգը։
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ փօլիֆենոլները կարեւոր դեր ունին սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ բուժման գործի մէջ։
Օրինակ, փաստուած է, որ Ֆլավընոյտներով հարուստ պտուղներու (յատկապէս կապոյտ, կարմիր եւ գոց մանիշակագոյն երանգ ունեցող) օգտագործումը կ՚օգնէ նուազեցնելու սրտամկանի խցումի եւ կաթուածի հաւանականութիւնը տղամարդոց մօտ։
Հետեւեբար, անհրաժեշտ է ուտել ամբողջական պտուղները, այլ ոչ թէ միայն անոնց հիւթը, որովհետեւ հիւթը կը պարունակէ մեծ քանակությամբ ֆրուքթոզ, ինչ որ այնքան ալ նպաստաւոր չէ առողջութեան համար։ Ինչպէս ծանօթ է, ֆրուքթոզի բարձր տոկոսը կրնայ ինսուլինի հանդէպ դիմադրողականութեան եւ սրտի հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ։
Փօլիֆենոլներու հրաշալի աղբիւր կը հան-դիսանան կանաչեղէնները, համեմները եւ հատապտուղները։ Պտուղների կապոյտ կամ մանիշակագոյն երանգաւորումը արդէն իսկ կը յուշէ փօլիֆենոլներով հարուստ ըլլալու իրողութիւնը։
Կարգ մը հետազօտություններու համաձայն, հապալասը (blueberries), թութն ու մանիշակագոյն գետնախնձորը կ՚օգնեն պայքարելու քաղցկեղի եւ քրոնիկ այլ հիւանդութիւնների զարգացման դէմ։
Մանիշակագոյն գետնախնձորը կը նուազեցնէ հաստ աղիքի քաղցկեղի վտանգը։
Բացայայտուած է, որ Փօլիֆենոլներու կը նպաստեն հաստ աղիքին մէջ քաղցկեղի բջիջներու տարածման խափանումին՝ որուն շնրհիւ անոնք ծրագրաւորուած մահուան կ՚ենթարկուին։
Գետնախնձորի բացասական կողմը անոր մէջ մեծաքանակ օսլայի պարունակութիւնն է։
Եթէ պատրաստելէ ետք, գետնախնձորը որոշ ժամանակ պահուի սառնարանին մէջ, անոր քիմիական բաղադրութիւնը կը փոխուի եւ գետնախնձորին մէջ առկայ օսլայի մեծ մասը դիմացկունութիւն կը զարգացնէ մարսողութեան նկատմամբ։ Մարսողութեան նկատմամբ դիմադրողականութիւն ունեցող օսլան կազմուած է մածուցիկ մանրաթելէ, որոնք բարակ աղիքին մէջ դիմակայելով մարսողութիւնը՝ դանդաղօրէն կը խմորուին հաստ աղիքին մէջ։
Այդպիսի օսլան probiotic ազդեցութիւն կ՚ունենայ՝ սնուցելով օգտակար պաքերիաները եւ բարելաւելով ճարպերու օքսիտացումը։
Փօլիֆենոլներով եւ այլ հակաօքսիտային նիւթերով հարուստ է նաեւ թութը։