Մ. Նահանգներու Քոլորատոյի համալսարանի մասնագէտներուն համաձայն, մթնոլորտին մէջ ածխաթթու կազի (carbon dioxide) մակարդակին բարձրացումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ մարդոց մտային կարողութեան վրայ:
Հետազօտողները ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՞ս ածխաթթու կազի մակարդակին բաձրացումը կ’ազդէ մանուկներու սորվելու կարողութեան վրայ: Նախորդ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած էին, որ կազին բարձր մակարդակը կը ներգործէ մտային կարողութեան վրայ, սակայն խնդիրը դիւրութեամբ կարելի կ՚ըլլայ լուծել՝ օդափոխելով սենեակը: Միաժամանակ, հետազօտողները ծանօթ չէին մեծ քանակութեամբ ածխաթթու կազ պարունակող թարմ օդի ունեցած ազդեցութեան:
Մասնագէտները քննարկած են երկու հաւանականութիւն: Առաջին պարագային, մարդկութիւնը կը նուազեցնէ մթնոլորտ արտանետուող ածխաթթու կազի քանակը, իսկ երկրորդ պարագային՝ արտանետումները կը մնան նախկին մակարդակին վրայ:
Պարզուած է, որ աշակերտներու մտային կարողութիւնները կը նուազին երկու պարագային ալ: Ըստ գիտնականներու նախատեսութեան, լաւագոյն տարբերակով, մինչեւ 2100 թուական, մտային անկումը պիտի կազմէ 25 առ հարիւր, յոռեգոյն տարբերակով՝ 50 առ հարիւր: