ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Մաքրոպիոթիք ակնոցով՝ ուտելիքն է հիւանդութիւններու գլխաւոր պատճառը. նոյն տրամաբանութեամբ՝ ուտելիքներու մէջ կը կայանայ նաեւ անոնց դարմանն ու բուժումը:
Մաքրոպիոթիք դեղամիջոցները կը մեկնին «Եին-Եանկ»ի հաւասարակշռութեան սկզբունքէն եւ կը հիմնուին տիեզերական ընդհանուր համակարգի օրինաչա-փութեան հասկացողութեան վրայ: Այդ ի-մաստով, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, Մաքրոպիթիքը կը դիմէ բնական (ոչ-քիմիական) կամ ճարտարարուեստական ուտելիքներու՝ ըստ պարագայի նկատի ունենալով իւրաքանչիւր անհատի իւրայատկութիւնները:
Այս առիթով անհրաժեշտ է շեշտել Մաքրոպիոթիքի գերազանցօրէն «կանխարգելիչ յատկութիւնը». ան միաժամանակ նոյնքան ազդու է իբրեւ բուժիչ սննդականոն՝ պայմանաւ որ ճշգրիտ, բծախնդիր եւ հետեւողական ձեւով կիրարկուի առանց պարագայական շեղումներու եւ մանաւանդ՝ առանց յուսահատելու, որովհետեւ «ապրելու կամքը» հոգեբանական կարեւոր ազդակներէն մէկն է այդ առումով: Այդ իմաստով պէտք է շեշտենք նաեւ, որ ըստ Մաքրոպիոթիքի, կարելի չէ բուժել հիւանդութիւնը առանց նախապէս բուժելու մարդը…
Այսինքն՝ առանց ենթակայի ամբողջական պատրաստակամութեան եւ մանաւանդ հասկացողութեան, յումպէտս կը ցնդին բոլոր թափուող ճիգերը, մանաւանդ երբ ան կասկածամտութեամբ կը մօտենայ հարցին:
Մաքրոպիոթիքը «փորձադաշտ» չէ, ոչ ալ «փորձաքար» է. հազարամեակներու վրայ երկարող տիեզերական անխախտ օրէնքներու եւ սկզբունքներու վրայ յենող աւանդութիւն է ան: Կեանքի, բնութեան եւ տիեզերքի օրինաչափական անխախտ եւ անշեղ հոլո-վոյթը չըմբռնողին համար անկարելի է զայն (Մաքրոպիոթիքը) հասկնալը:
Այս հասկացողութեամբ է որ կ՚ըսենք. ա-ռանց բուժելու (համոզելու) հիւանդը, կարելի չէ բուժել հիւանդութիւնը: Այս պատճառով է որ յաճախ տեղի կ՚ունենան յուսախաբութիւններն ու յուսահատութիւնները:
Հետեւաբար, «բարիկամեցողութեան տէր» մարդոց համար է, որ կը գրենք այս բոլորը եւ ոչ թէ ի յառաջագունէ կեցուածք ճշդողներու համար, որոնք յաճախ ոչ մէկ տող կարդացած են այդ մասին եւ ոչ մէկ պարագայի հետ կապ ունեցած են…
Անցնինք բուն նիւթին:
ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐ
1 – ՄԻԶՕ (MISO)
Երկար ժամանակ խմորումի ենթարկուած գարիի եւ սոյայի խառնուրդ՝ «պիպէրի ջուրի» թանձրութեամբ:
ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Մէկ թէյի գաւաթ ջուր եռացնել եւ մարել կրակը: Մէկ թէյի դգալ միզօ լուծել մէջը եւ խմել ամէն առաւօտ անօթի փորով: Ուշադիր ըլլալ որ շատ աղի չըլլայ:
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
– Մարմնին իւղերը հալեցնելու համար:
– Նիհարնալու համար:
– Շաքարը իջեցնելու համար:
– Նիքոթինը չեզոքացնելու համար:
– Կուրծքի քաղցկեղը չեզոքացնելու համար:
– Արեան որակը եւ մարմնի ընդհանուր դիմադրողականութիւնը (Immunity) զօրացնելու համար:
– Կտրուածքներու արիւնը կասեցնելու համար:
– Այրուածքներու (նոյնիսկ շողարձակումներու պատճառած) պարագային:
– Մեղուի խայթոցը չեզոքացնելու համար:
– Բորբոքումներուն առաջքը առնելու համար:
– Կենսոլորտի ապականումէն (ծուխ, մուխ, աղբակոյտ եւ այլն) պաշտպանուելու համար:
– Հորմոնները կանոնաւորելու համար:
– Մարսողական դրութեան աշխատանքը կանոնաւորելու համար:
– Դէմքին բշտիկները անհետացնելու համար:
– Ծանր եւ թունաւոր մետաղներու եւ կազերու պատճառած վնասները չեզոքացնելու համար: Խիստ թելադրելի է մասնաւորաբար հանքագործներուն, ձուլագործներուն, ոսկերիչներուն եւ ընդհանրապէս թունաւոր միջավայրերու մէջ աշխատողներուն:
– Հիւանդանոցներու մէջ պատահող «վիրիւսներէն» (Virus) պաշտպանուելու համար:
– Օրական պնակ մը միզոյի ապուր (Soupe miso) ստամոքսի քաղցկեղէն պաշտպանուելու համար:
– Որեւէ ձեւի շողարձակումներէ (Radia-tion) պաշտպանուելու համար:
Մասնաւորաբար վերջին երկու կէտերուն (ստամքսի քաղցկեղ եւ Radiation) կապուած եւ միզոյի «հրաշագործ յատկութեան» մասին վկայող հետեւեալ տեղեկութիւնը կ՚ուզեմ յանձնել ընթերցողներուս ուշադրութեան.-
Schinchiro Akizuki, Նակազաքիի St, Fran-cis Hospital-ի տնօրէնը, որ երկար տարիներ յիշեալ հիւանդանոցին մէջ խնամած է հիւլէական ռումբէն վնասուածները, ոչ ինք եւ ոչ ալ իր պաշտօնեաներէն ոեւէ մէկը վարակուած է շողարձակումէ հակառակ անոր որ պայթումի զերօ կէտէն հազիւ քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ եղած է հիւանդանոցը: Ըստ Տոքթոր Աքիզուքիի, պատճառը այն է, որ ինք եւ իր պաշտօնէութիւնը օրա-կան պնակ մը միզոյի ապուր կերած են…
1972-ին, Աքիզուքիի եզրակացութիւնը կը հիմնաւորուի երբ հետազօտողներ միզոյի մէջ կը յայտնաբերեն Dipicolinic acid կոչուածը որ կը չեզոքացնէ ծանր մետաղներու (Radioactive strontium) թոյները եւ զանոնք մարմնէն դուրս կը վանէ:
Ամէնէն համոզիչ փաստերէն մէկն ալ այն է, ըստ Փրոֆ, Akihiro Ito-յի, որ Չեռնոպիլի աղէտի յաջորդող օրերուն, եւրոպական շատ մը երկիրներ ծանրաբեռնուած բեռնակառքերով միզօ ներածած են իրենց երկիրը՝ շողարձակումներու հաւանական թափանցումներէն պաշտպանուելու համար:
Առնէտներու վրայ կատարուած փորձ մը եւս յօգուտ Աքիզուքիի տեսութեան կը վկայէ:
Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուս…
2 – ՈՒՄԵՊՈՇԻ ՍԱԼՈՐ
(UMEBOSHI PLUM)
Մաքրոպիոթիքի երկրորդ «հրաշագործ ուտելիքի» մասին է խօսքը:
Կը նշանակէ «չորցած սալոր»:
Ան թէեւ սալոր կը կոչուի, սակայն ծիրանի ընտանիքին կը պատկանի:
Ծովու աղով եւ shiso-յի տերեւներով կոխ-ւած կը պահուի երկար ժամանակ, նոյնիսկ տասնեակ տարիներ:
Aveline Kushi, Michio Kushi-ի կինը, իր խոհագիրքին մէջ կը նշէ, որ 27 տարի առաջ կոխուած ումեպոշի օգտագորած է:
Թարմ վիճակի մէջ չուտուիր իբրեւ սովորական պտուղ:
ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Լման վիճակի մէջ կամ ճզմուած եւ թանձրացուած «պիպէրի ջուրի պէս» եւ կամ հեղուկ՝ իբրեւ քացախ, զանազան թէյերու, սալատներու կամ ճաշերու մէջ:
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
– Ումեպոշին ծայրայեղութիւնները հակակշռող եւ «ոսկի միջինի» յանգեցնող գերազանց միջոց է:
– Արեան եւ ընդհանրապէս ճաշերու թթուութիւնը չեզոքացնող եւ ալքալայնի վերածող։
– Սրտխառնուքի դէմ:
– Գլխու ցաւի եւ գլխու պտոյտի (Vertigo) պարագային:
– 1 սալորը 100 կրամ շաքար կը չեզոքացնէ:
– Բերնի գարշահոտութեան դէմ (Halito-sis):
– Ալքոլի դէմ:
– Պնդութեան (Constipation) դէմ:
– Ճամբորդական անհանգստութիւններու պարագային. ինքնաշարժ. նաւ, օդանաւ եւ այլն (Motion sickness):
– Լեարդի աշխատանքը կանոնաւորող:
– Երկարակեցութեան նպաստող (օրական 1 կամ 2 սալոր):
– Սեռային ախորժակը խթանող եւ պահպանող:
– Արիւնը մաքրող:
– Յոգնութիւնը վանող:
– Ախորժակը խթանող:
– Բերնի մէջ յառաջացած ճեղքերու պարագային:
– Խմիչքի հետեւանքները չեզոքացնելու համար:
– Աւրուած ճաշերու վնասները չեզոքացնող:
– Ասմայի (Asthma) դէմ:
– Պաղարութեան եւ հարբուխի դէմ:
– Ճաշերէ թունաւորումի (Ptomaine) պարագաներուն:
– Ջերմութեան (Fever) դէմ:
– «Մայասըրի» (Hemorrhoid) պարագային:
– Վիժումի համար՝ յատուկ ձեւով (Contraceptive method):
– Արեան տկարութենէ (Anemia) յառաջացած գլխու պտոյտի դէմ:
– Յղութեան շրջանին «դուրս տալու» (Vomiting) դէմ:
– Vaginitis – (Disinfectant)
ԾԱՆՕԹ. – Վերոյիշեալ դեղամիջոցներէն որեւ մէկուն դիմելէ առաջ անհրաժեշտ է նախ ճիշտ ախտաճանաչում կատարել, յատկապէս Եին-Եանի դիտանկիւնէն:
Որեւէ կասկածի կամ անորոշութեան պարագային՝ դիմել փորձառուներու խորհուրդին: