7 Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը շրջեց յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տիրող (որոշ չափով) հանգստութիւնը: Աշխարհը այլեւս նոյն, սովորութեան կարգ անցած ձեւով չի նայիր պաղեստինեան դատին կամ Իսրայէլի արտօնեալ առաձնաշնորհումներուն:
Լիբանանը անմասն չմնաց այս բոլորէն:
17 եւ 18 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցած զարգացումներով՝ «Փէյճըր»ներու եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումով եւ անկէ 10 օրեր ետք Հզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի ահաբեկումով Լիբանանը մտաւ պատերազմական նոր փուլ:
Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու, Պեքայի եւ անկէ ետք Լիբանանի գրեթէ ամբողջ տարածքին իսրայէլեան ռմբակոծումները, դէպի լիբանանեան տարածք ցամաքային ներխուժման փորձերը Լիբանանը հասցուցին այնպիսի փուլի, ուր արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապները շատ աւելիով վատթարացան:
Լիբանանի պետական մարմինները, նախարարութիւնները եւ բանակը ամէնօրեայ բազմաբնոյթ աշխատանքներու մէջ են: Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ տեղակայուած են Հարաւային Լիբանանէն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն եւ Պեքայէն գաղթականներ: Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 13 Նոյեմբեր 2024-ի տուեալներով իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 3386 զոհեր եւ 14417 վիրաւորներ:
Լիբանանի տարածքին գործող պետական, բարեսիրական եւ համայնքային կազմակերպութիւնները կը կատարեն իրենց պարտքը իրենց գաղթական հայրենակիցներուն նկատմամբ: Այս իմաստով իր պարտքը կը կատարէ նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը՝ իր բարեսիրական, կուսակցական, ընկերային, բժշկական եւ Ազգային վարչութեան կառոյցներով: Անցնող օրերուն տեղի ունցած նախաձեռնութիւնները կը վկայեն վերեւ նշուածին մասին եւ որուն կ’անդրադառնանք նաեւ «Զգոյշ»-ի այս թիւով:
Այո, դժուար օրեր են. պատերազմ է, իսկ թշնամին ծանօթ է իր անկախատեսելի արարքներով, որոնց հետեւանքը աներեւակայլի ոճիրներ են:
Այո, դժուար օրեր են, սակայն անպայման յաղթահարելի պէտք է ըլլան, միասնաբար՝ հաւատքով, յոյսով եւ ապրելու կամքով: