ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՂԸՐԵԱՆ
Ի՞ՆՉ Է ԱՐԿԱԾԸ
Մարդկային մարմնին անակնկալ վնաս հասցնող որեւէ պատճառ կը դասուի արկածներու շարքին: Արկածի արդիւնք են վէրքերը նախապէս առողջ մորթի վրայ, արիւնահոսումները, յօդային խախտումները, ոսկրային բեկումները, թունաւորումները եւ զգայազուրկ վիճակները:
Ո՞ՒՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ
Արկածները կը պատահին ամէն տեղ, ուր մարդիկ ներկայութիւն հաստատած են՝ տուներէն ներս, վերելակներուն մէջ, փողոցին մէջ, գործատեղիներէն ներս, օդանաւային թռիչքներու ընթացքին, եւ ապագային ալ, հաւանօրէն, տիեզերանաւերուն մէջ…:
ԱՌԱՋԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մարմնին հասցուած վնասը լուրջ ըլլայ կամ ոչ, արկածեալը ուշքը կորսնցնէ կամ ոչ, անհրաժեշտ են անմիջական խնամքը եւ ծրագրուած եւ խելացիօրէն կիրարկուած հոգածութիւնը: Արկածեալին հետ առաջին շփումը խիստ կարեւոր է: Թեթեւ արկածներու պարագային, յաճախ բաւարար պիտի ըլլայ ներկայութիւնը առաջին օգնութեան սկզբունքներուն ծանօթ անհատի մը կամ բժիշկի մը, ենթակային վստահութիւն ներշնչելու համար: Աւելի ծանր պարագաներուն, երբ վնասը լուրջ է, եւ արկածեալը կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը, անհրաժեշտ է արագ շարժիլ, եթէ բարդութեանց առաջքը կ՚ուզենք առնել: Այս պարագաներուն ուրեմն, ժամանակը մեծ դեր կը խաղայ արկածեալին վիճակին հետագայ ընթացքին մէջ:
Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ
Երկար կրնայ ըլլալ թուումը այն անձերուն որոնք ակամայ կերպով կրնան առաջին խնամք տանողներ ըլլալ, արկածի մը պարագային՝ ծնողները, ուսուցիչները, մարզական եւ սկաուտական խումբերու պատասխանատուները, գործարաններու հսկիչները, դայեակները, դեղագործները, եւայլն:
Մինչեւ բժիշկին ժամանումը ուրեմն, վերոյիշեալ ցանկէն եւ կամ ուրիշներ ալ կրնան առաջին օգնութիւն տալ արկածեալին:
Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ԱՐԿԱԾԵԱԼԻ ՄԸ
1- Արկածեալը պահել պառկած վիճակի մը մէջ, գլուխը մարմնէն քիչ մը աւելի ցած:
2- Եթէ անհրաժեշտ է արուեստական շնչառութիւն տալ, հիւանդը դնել համապատասխան դիրքի մէջ:
3- Մարմինը պահել տաք, արկածեալը ծածկելով:
4- Բերնէն բացարձակ բան չտալ ուշքը կորսնցուցած արկածեալին. հեղուկները թոքերուն մէջ երթալով կրնան բարդութիւններ յառաջացնել:
5- Ոսկրային բեկումներու պարագային, խնդրոյ առարկայ անդամը լաւապէս անշարժացնել, որեւէ փոխադրական միջոցի դիմելէ առաջ:
6- Շնչառական դրութիւնը զերծ պահել որեւէ արգելքէ՝ քակել, թուլցնել օձիքի սեղմ կոճակները, գօտին, բանալ պատուհանները, լեզուն պահել բերնէն դէպի դուրս:
7- Ի մտի ունենալ միշտ այն կարելիութիւնը թէ, արկած մը շատ աւելի լուրջ կրնայ ըլլալ, քան արտաքին երեւոյթները:
8- Ըլլալ հանդարտ, առանց իրարանցում կամ շփոթ ստեղծելու:
9- Շտապ օգնութիւն հասցնելով հանդերձ, կազմակերպել արկածեալին հիւանդանոց փոխադրութեան գործը:
ԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՂ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ
Արկածներու ընթացքին, երեւան կու գան շարք մը ախտանշաններ, որոնց մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է դարձնել.-
– Գիտակցութեան վիճակ
– Մորթային վիճակ
– Աչքերու վիճակ
– Մարսողական դրութեան վիճակ:
Հակիրճ կերպով անդրադառնանք ասոնցմէ իւրաքանչիւրին:
Գիտակցութեան վիճակ
Խիստ կարեւոր է ճշդել, թէ արկածի ենթարկուողը արթո՞ւն է, թէ ոչ: Եթէ «գրեթէ մեռած», զգայազուրկ պառկած է գետին, հարկ է ճշդել պատճառը: Զգայազրկութիւնը յառաջ կրնայ գալ՝
1- Ջղային ազդակներէ՝
Գանկի ոսկորի կամ ողնայարի բեկումները կրնան անդամալուծութիւն յառաջացնել: Ուղեղային ցնցումները եւ երակախցումները նոյնպէս զգայազրկութիւն կը պատճառեն: Լուսնոտութեան նոպայի մը ընթացքին կամ լուրջ արեւահարումները ջղային դրութեան խանգարումներու տեղի կու տան:
Հարկ է ուրեմն փնտռել եւ գտնել այս պատճառներէն մէկը տուեալ արկածի մը ընթացքին:
2- Ջղային դրութենէն դուրս ազդակներ
– Թունաւորումներ՝ դեղային, կազային, սննդային, կրնան զգայազրկութիւն յառաջացնել
– Ելեկտրական ցնցումները եւ ելեկտրահարութիւնը
– Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը
– Շաքարախտաւորներու յատուկ զգայազրկութիւն
– Ջղացնցում (հիսթերիք)
– Սրտի հիւանդութիւններ
– Բարձր տաքութիւն:
Մորթային վիճակ
Արկածեալին մորթին վրայ երեւան կու գան կարգ մը ախտանիշներ, որոնք որոշ վիճակներ կը թելադրեն՝
– Արտաքին կամ ներքին արիւնահոսումները, արեան ճնշման անկում արձանագրելով, մորթին կու տան դալուկ գոյն մը, խոնաւութիւն կամ պաղ քրտինք:
– Մորթային կարմրութիւնը կրնայ նշան ըլլալ ուղեղային երակախցումի, բարձր տաքութեան, ալքոլի միջոցաւ թունաւորման (carbon monoxide):
– Շրթունքի կապուտացումը նշան է խեղդումի մը, թթուածինի պակասէ յառաջ եկող:
Աչքերու վիճակը
Պէտք է լաւ նայիլ արկածեալին աչքերուն: Անոնք կրնան ներքին լուրջ բարդութեան նշաններ ցոյց տալ:
Լայնցած բիբերը կը թելադրեն՝
– Գանկի մէջի ճնշման բարձրացում, ուղեղային արիւնահոսութեան պատճառաւ՝
– Թմրեցուցիչ դեղերով թունաւորում:.
Նեղցած, պզտիկցած բիբերը արդիւնք են՝
– Մորֆինով թունաւորման
– «Տէմօլ» եւ յարակից դեղերով թունաւորման:
Մարսողական դրութեան վիճակ
Արկածներու եւ թունաւորումներու ընթացքին, փսխուքը կը թելադրէ՝
– Ուղեղային խանգարումներ
– Ներքին արիւնահոսութիւն: