Կանոնաւոր մարզանքը կը նպաստէ կանխելու դրուագային յիշողութեան` անցեալի մէջ պատահած դիպուկ իրադարձութիւններու, ներառեալ` անոնց ժամանակի, վայրի եւ այլ տեղեկութիւններու մասին յիշողութեան վատթարացումը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փիթսպըրկի համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները:
Դրուագային յիշողութիւը առաջին հերթին կը վատթարանայ տարիքի հետ: Բայց գիտնականներուն համաձայն, շաբաթը 3 անգամ կատարուող մարզանքը, առնուազն 4 ամիս տեւողութեամբ, կը փոխհատուցէ` տարիքի հետ կապուած դրուագային յիշողութեան վատթարացումը:
Մուկերու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց կու տան, որ ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը բարձրացնէ արեան քանակը ուղեղին մէջ եւ կը բարելաւէ յիշողութիւնը: Մարզանքի նման ազդեցութիւնը մարդոց օրկանիզմին վրայ հաստատուած է 1,276 հետազօտութիւններու վերլուծութեամբ: Գիտնականները ընտրած են որոշ չափանիշներու համապատասխանող 36 գիտական աշխատութիւն եւ վիճակագրական վերլուծութեան ենթարկած անոնցմով ներկայացուած արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին 3,000 մասնակիցի:
Գիտնականներուն համաձայն, 55-68 տարեկան մարդոց մօտ, շնորհիւ մարզանքներուն, նկատուած են դրուագային յիշողութեան զգալի բարելաւումներ` 69-85 տարեկաններու խումբին համեմատ: Այս կը նշանակէ, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ սկսիլ կանոնաւոր ֆիզիքական մարզանքներուն:
Գիտնականները նաեւ մարզանքներէն ստացուած մեծագոյն արդիւնքը արձանագրած են անոնց մօտ, որոնք դեռ չեն զգացած, որ իրենց մտային գործառոյթները վատթարացած են: Այդ արդիւնքը նկատուած է նաեւ հետազօտութիւններու այն մասնակիցներուն մօտ, որոնք շաբաթը քանի մը անգամ մարզանք կ՚ընեն: