1831-ին Ֆրանսացի դեղագործ՝ Թուերին, ապշեցուց Ֆրանսայի Բժշկական Աքատեմիի իր գործակիցները, երբ մեծ քանակութեամբ թունաւոր նիւթ մը՝ Սթրիքնին խմեց բոլորին դիմաց: Զարմանալիօրէն, ո՛չ մէկ թունաւոր ազդեցութիւն զգաց: Ան մահացու այդ թոյնը խառնած էր մշակուած ածուխի հետ…:
Այսօր, մշակուած ածուխի առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր հիւանդանոցի համար, իբրեւ արագ, արդիւնաւէտ եւ ապահով հակաթոյն ամէն տեսակի թոյներու նկատմամբ:
Շատ քիչեր գիտեն այս հրաշալի բնական հակաթոյնին եւ անոր՝ մարդկային մարմինը թունազերծելու կարողութեան մասին:
Մի՛ շփոթէք մշակուած ածուխը խորովածի փայտածուխին հետ: Մշակուածը ածուխի այն տեսակն է, երբ այրելով օրկանական նիւթեր, ինչպէս՝ հնդընկոյզի կեղեւը կամ պամպուն, եւ ապա վերամշակման ենթարկուելով՝ կը դառնան նուրբ, սեւ փոշի, ծակտիկներով այնքան հարուստ, որ կ՚ունենան ներծծման մեծ մակերես եւ կրնան ներծծել թոյներ, նոյնիսկ գրեթէ ամէն տեսակի սննդարար նիւթեր:
Այս ածուխը օժտուած է մարմնէն թունաւոր ծանր մետաղները հեռացնելու յատկութեամբ, ինչպէս՝ արսենիք, կապար, սնդիկ, որոնք տարիներու ընթացքին կուտակուած են մեր մարմնին մէջ, որովհետեւ ամէն օր կը շփուինք անոնց հետ՝ մեր շնչած օդով, մեր խմած ջուրով, մեր կերած ուտելիքներով, մեր հագած քիմիականօրէն մաքրուած հագուստներով, գործածած փլասթիք գաւաթներով, եւլն:
Մշակուած ածուխը կրնայ ըլլալ փոշիի կամ դեղահատի տեսքով: Սակայն միշտ պէտք է ի մտի ունենալ, որ այս ածուխէն օգտուելու պարագային, խիստ հրամայական է օրական 12-16 գաւաթ ջուր խմել՝ ջրազրկումը եւ պնդութիւնը կանխելու համար:
Այս ապահով ու արդիւնաւէտ հակաթոյնը, որ կը լուայ ու կը հեռացնէ մարմնին թունաւոր ծանր մետաղներն ու թոյները՝ կ՚օգտագործուի նաեւ այլ նպատակներու համար.
1.- Կը ճերմկցնէ ակռաները՝ ներծծելով ակռաներուն վրայի բիծերը:
Կը բարելաւէ բերնի PH հաւասարակշռութիւնը եւ բերանին հոտը:
Փայլուն ժպիտ ունենալու համար, թաց ակռայի վրձինը մխրճել մշակուած փոշի ածուխի մէջ եւ վրձինել սովորական: Ցօղուել բերանը մինչեւ թուքին գոյնը դառնայ թափանցիկ: Ուշադիր ըլլալ փոշի ածուխին, որ կրնայ արատաւորել եւ ներկել: Լաւագոյն արդիւնք ստանալու համար, վրձինել շաբաթը 2-3 անգամ:
2.- Կը մեղմացնէ կազերն ու ուռածութիւնը:
Աղիքային կազերը թեթեւցնելու համար կլլել 500 մկ դեղահատը, կազ արտադրող ճաշ ուտելէն անմիջապէս առաջ լեփ-լեցուն գաւաթ մը ջուրով: Իսկ ճաշելէն ետք, յաւելեալ ջուրով դարձեալ խմել եւ նպաստել ածուխին արեան շրջանառութեան մէջ անցնելուն:
3.- Կը մաքրէ բորբոսը:
Շատեր գաղափար իսկ չունին, որ տան բորբոսը (սունկի տեսակներ), կրնայ պատճառել ընկճուածութիւն, երիկամի եւ լեարդի տկարութիւն, ուղեղի աշխատանքի նուազում, սիրտի հիւանդութիւններ, աչքի գրգռուածութիւն, գլխացաւեր, փսխուք, սուր շնչառական անհանգստութիւն, եւլն: Խոնաւ տուները, գետնափոր սենեակները, թաց արտաքնոցները, պատերու ճեղքերէն ջուրի հոսքը, աղքատ օդափոխութիւնը կրնան ստեղծել բորբոսային միջավայր: Այդ տեսանելի բորբոսը կարելի է թունազերծել օգտագործելով մշակուած ածուխ՝ խառնուած խնձորի քացախի եւ սոտայի հետ: Այսպիսով կարելի է կանխել նաեւ հետագայ բորբոսի աճը: Չմոռնալ հագնելու յատուկ ձեռնոցներ:
4.- Կը բուժէ ալքոլային թունաւորումը:
Հակառակ որ մշակուած ածուխը չի ներծծեր ալքոլը, սակայն կը հեռացնէ ալքոլին հետ մարմին ներխուժած քիմիական, գունաւորող, արուեստական քաղցրացուցիչ նիւթերը. Իսկ ալքոլին հետ միաժամանակ առնելու պարագային՝ կ՚իջեցնէ արեան ալքոլի խտացումը:
5.- Կը զտէ ջուրը:
Այդ պատճառով ալ կը գործածուի տնային ծորակային ջուրի զտիչ մեքենաներուն մէջ: Կը զտէ տարբեր թունաւոր նիւթերը, արդիւնաբերական թափօնները, հողամշակման ժանտասպանները (pesticides), սակայն չի կրնար զտել ժահրերը, մանրէները եւ ջուրի հանքանիւթերը: Բայց եւ այնպէս փաստուած է, որ կը հեռացնէ ջուրին ֆլորիտը (F), որուն բացակայութիւնը անհրաժեշտ է բերանի խոռոչի առողջութեան, ընդհանուր դիմադրողական համակարգի, առողջ երիկամի եւ լեարդի համար:
Ճիշդ է որ ծորակային ջուրը ըմպելի է, սակայն բեռնուած է քիմիական նիւթերով, թոքսիններով եւ ֆլորիտներով: Հետեւաբար նախընտրելի է կարելիութեան սահմաններուն մէջ սահմանափակել ծորակային ջուրի օգտագործումը եւ գործածել մշակուած ածուխով ջրային զտիչներ:
Օրական խմել 8-10 գաւաթ ջուր, թրջելու մարսողական համակարգը, պայքարելու յոգնածութեան դէմ, օրկանները, յօդերը, հիւսուածքները թաց պահելու համար:
6.- Շտապ օգնութեան հակաթոյնն է:
Պատահական կամ դիտաւորեալ դեղահատային թունաւորումներու ժամանակ, ինչպէս՝ Ասփիրինի կամ Ասեթամինօֆենի, սթափ ըլլալու պարագային, բուժումը մշակուած ածուխով պէտք է ըլլայ շատ արագ, դեղի ներմուծումէն գոնէ մինչեւ 1 ժամ տեւողութեան ընթացքին եւ հասցնել հիւանդանոց:
Կը գործածուի նաեւ սննդային թունաւորման ժամանակ, երբ կայ փսխուք եւ լուծ: Սակայն չմոռնալ առատ ջուր խմելու:
7.- Մորթի եւ մարմնի առողջութեան համար:
Բացի ներքին օգտագործումէն, մշակուած ածուխը ունի նաեւ արտաքին գործածութիւն: Արդիւնաւէտ է բշտիկի բուժման, մժեղի, մեղուի, օձի խայթոցներու ժամանակ, ալերժիներու պարագային, եւլն…
Խառնել 1 դեղահատ ածուխը հնդընկոյզի իւղով եւ քսել ենթակայ մասին վրայ. կէս ժամը անգամ մը նորոգել: Նախընտրելի է վիրակապով ծածկել չարատաւորուելու համար:
Բշտիկը բուժելու համար 1 դեղահատը խառնել 2 դգալ ալոէ վերայի քսուկով եւ ծեփել դէմքը. ձգել որ չորնայ, ապա ցօղուել:
8.- Հակածերացնող նիւթ:
Հրամայական է, որ յաճախակիօրէն մարմինէն հեռացնենք քիմիական նիւթերը, թոքսինները, ուտելիքներով անցնող ժանտասպանները, ծորակային ջուրի քլորը, մաքրման դեղերը, փլաստիք գաւաթները, որոնք վնաս կը պատճառեն տարբեր օրկաններուն եւ կ՚արագացնեն ծերացման գործընթացը:
Մշակուած ածուխը մնայուն ձեւով չենք կրնար օգտագործել, քանի որ անիկա մարմնէն կրնայ հեռացնել անհրաժեշտ վիթամինները, կրնայ թուլցնել քրոնիք դեղերու ազդեցութիւնը. հետեւաբար զայն պէտք է առնել դեղերէն եւ վիթամիններու ընդունումէն գոնէ 2 ժամ ետք:
Հետեւաբար որպէս մարմնի թունազերծման միջոց կարելի է օգտագործել յաճախակիօրէն միայն 2 օրով, այլապէս կրնայ պատճառել մարսողական խանգարումներ:
Մշակուած ածուխի կողմնակի ազդեցութիւնները.
Մշակուած ածուխը ընդհանրապէս ապահով դեղ կը համարուի՝ կարճ տեւողութեամբ գործածուելու համար: Բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է գիտնալ, որ հազուադէպ պարագաներու կրնայ յառաջացնել աղիքային արիւնահոսութիւն կամ անշարժացում, ջրազրկում, մարսողութեան նուազում, կրնայ խանգարել սննդարար նիւթերու, վիթամիններու ներծծման գործընթացը:
Մշակուած ածուխը մեծապէս կ՚օգտագործուի դէմքի գեղեցկագիտական դիմակներու եւ շպարի մաքրման լուծոյթներու պատրաստութեան մէջ. ածուխը կպչելով մորթի աղտին, իւղերուն, մանրէներուն՝ կը մաքրէ դէմքը:
Վերջերս, մշակուած ածուխ սկսած են գործածել ճաշարաններու մէջ, որպէս ճաշի բաղադրամաս կամ սեւ գոյնով ներկելու ուշագրաւ հնարք, որ կ՚ապահովէ էկզոթիք կամ նորաձեւային տեսք, ինսթակրամի սեւ ճաշերու ուղղուածութիւն:
Այս տարօրինակ սեւ գոյնի օշարակները, պաղպաղակները, ճաշատեսակները, պըրկըրները կամ սեւ գինին կը պատրաստուին մշակուած ածուխ աւելցնելով:
Իսկ մշակուած ածուխը բնական նիւթ չէ: Առողջ մարդու մարսողական համակարգը մտնելով կը ներծծէ նաեւ լաւ սնունդն ու վիթամինները, աղքատացնելով կերակուրը: Հետեւաբար անիմաստ ու ապարդիւն է ուտելիքին հետ մշակուած ածուխ ընդունիլը. անիկա ընդհանրապէս կը գործածուի իբրեւ detox՝ մարմինը թոյներէն ձերբազատելու համար, անօթի ստամոքսով, այսինքն ճաշին մէջ ընդգրկելը պարզապէս գոյնի հաճոյք է կամ քաշողականութիւն յառաջացնելու հնարք:
Մշակուած ածուխը անմեղ նիւթ չէ, մանաւանդ՝ բազմաթիւ քրոնիք դեղեր օգտագործող հիւանդներուն համար:
Առ այժմ, Մ. Նահանգներու Սննդամթերքի եւ Դեղորայքի Վարչութեան կողմէ չէ վաւերացուած անոր օգտագործումը՝ իբրեւ ուտելիքի բաղադրամաս: