ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Ժամանակին՝ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գիշերները իսկապէս մութ եղած են: Իսկ մութ կը նշանակէր խաւար: Հակառակ որ արեւը դեռ եւս կը շարունակէ մար մտնել ամէն իրիկուն, բայց եւ այնպէս, այսօրուան դրութեամբ, մութ գիշեր գոյութիւն չունի այլեւս, որովհետեւ ենթակայ ենք արհեստական լուսաւորման, եւ ասիկա կրնայ որոշ առողջական խնդիրներ յառաջացնել:
Ելետրական լոյսի ներմուծումէն ի վեր, գիշեր այլեւս երբեք չի նշանակեր մութ, այլ ընդհակառակն՝ չափազանցուած լուսաւոր: Աշխարհը, արբանեակներէն դիտուած, դարձած է շողշողուն երկնային գունդ մը, որուն համար մսխուած են միլիոնաւոր տոլարներ: Փողոցներու լոյսերը, բարձրայարկ շէնքերու լուսարձակները, ինքնաշարժներու փարոսներն ու ելեկտրական սարքերու գործածութիւնը այնքա՛ն առկայ եղած են մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որ յաճախ կ՚անգիտանանք անոնց բացասական ազդեցութեանը, յատկապէս՝ մարդու բնականոն քունին վրայ:
Իրականութիւն է, որ մարդկութեան 40%ը գիշերը կը քնանայ 7 ժամէն պակաս, եւ ըստ էութեան՝ պլպլացող լուսաւորութեան ներքոյ: Նոյնիսկ հեռատեսիլին կամ բջիջային հեռաձայններուն արձակած լուսաւորումը կ՚ընկճէ մեր դիմադրողականութիւնը, եւ հաւանական կը դառնայ շատ շուտով հիւանդանալը, քանի որ մարդկային մարմինը օժտուած է կենսաբանական «ժամացոյց»-ռիթմով մը, որ կը կառավարէ քունարթուն փուլերը: Փաստօրէն մարմնի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է մթութիւն: Ապացուցուած է, որ մեր մարմինը միայն ամբողջական մթութեան պայմաններու մէջ կ՚արտադրէ մեծ քանակութեամբ մելաթոնին (քունի հորմոն), որ մարմնին կը թելադրէ քունի մտնել, ինչպէս նաեւ կը կասեցնէ կուրծքի եւ փրոսթաթի քաղցկեղային բջիջներու զարգացումը: Սակայն ննջարանի ամենաթոյլ լուսաւորութեան պարագային իսկ մելաթոնինի (քունի հորմոն) եւ լեփթինի (ախորժակը ընկճող հորմոն) արտադրութիւնները կրնան նուազիլ, եւ վերջինիս պակասը կ՚առաջնորդէ կէս գիշերային ուտելու տենչանքի: Ցերեկը մելաթոնինի արտադրութիւնը ինքնաբերաբար կը նուազի, ինչ որ մեզ կը մղէ արթննալու:
Այսօրուան աշխարհը կ՚ուզէ վայելել գիշերը եւ ցերեկը հաւասարապէս: Իսկ զայն կարենալ ընելու համար մեզի պէտք են կայտառութիւն, աշխուժութիւն, եւ հետեւաբար՝ փայլ ու լուսաւորութիւն: Եւ այպիսով գիշերները սկսած ենք վերածել ցերեկի եւ ինկած հակասութեան մը մէջ՝ մեր մարմնի եւ ուղեղի ցանկութիւններու միջեւ…:
Այնուամենայնիւ, եթէ կ՚ապրիք բնակարանի մը մէջ, ուր արեւու լոյսին ու խաւարի հակադրութիւնը շատ փոքր է (օրինակ՝ նկուղի մէջ), կա՛մ կ՚աշխատիք գիշերային հերթափոխութեամբ, կա՛մ ցերեկը քնանալու պատճառով կը գիշերէք արհեստական լուսաւորութեան տակ, կա՛մ կ՚օգտուիք գիշերային ճամբորդութիւններէ ու իրիկնային համացանցի օգտագործումէն, ապա շատ հաւանական է, որ հետագային ունենաք լուրջ առողջական խնդիրներ, մանաւանդ որ աշխարհն այսօր որդեգրած է 24/7 վարքագիծը:
Մինչդեռ բոլորս ալ շատ լաւ կը գիտակցինք, որ գիշերային քունը շատ կարեւոր է առողջութեան համար: Երբ առնուազն 7էն 8 ժամ քնացած չենք ըլլար, ապա, օրուան ընթացքին, ուղղակի մենք մեզ լաւ չենք զգար. կը դառնանք դիւրագրգիռ, ջղային, անտրամադիր եւ յստակ մտածելու անկարող:
Դեռ աւելին՝ ընկճուածութիւն, դէմքի մորթի կնճռոտում, բշտիկներու առաջացում, սեռային տրփոտութեան նուազում: Իսկ եթէ գիշերային անքնութիւնը դարձած է քրոնիկ, սա արդէն կապուած է շատ աւելի լուրջ վտանգներու հետ, ինչպէս՝ շաքարախտը, գիրութիւնը, սրտային հիւանդութիւնները, կաթուածը, ալզհայմըրը եւ քաղցկեղը..:
Հոս նկատի պէտք է ունենանք նաեւ քունի որակը: Դժուարութեամբ քունի անցնիլը, գիշերը բազմաթիւ անգամներ արթննալը կամ վաղ առաւօտեան զարթնիլը կը նուազեցնեն մեր քունին որակը:
Մթութիւնը լաւագոյն պայմանները կը ստեղծէ որակեալ քուն ունենալու:
Այնուամենայնիւ պէտք է յիշել, որ դեղին (մոմի) լոյսը կամ կարմիրը, շատ մեծ ազդեցութիւն չունին մարդու քունի կենսաբանական «ժամացոյց» ռիիթմին վրայ, որքան արեւու կամ կապոյտ (հեռատեսիլ, հեռաձայն) լոյսը: Ինչպէս քաֆէինը ու նիքոթինը, վառ լոյսը եւս ունի խթանիչ (stimulating) ազդեցութիւն:
Հիմա արդէն պարզ եւ յստակ է, թէ հին հայկական պատմուածքներուն մէջ սիրահարները ինչո՛ւ կը սիրէին մութ, լուսընկայ գիշերները… եւ թէ ի՛նչպէս Աղթամարի սիրեկանը չկողմնորոշուելով գիշերային մթութեան մէջ խեղթամահ եղաւ՝ «Ախ Թամար» կանչելով…: