ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Այն վարկածը՝ թէ սքիզոֆրենիան 2 անհատ է՝ մէկ անձի մէջ, առասպելական է ու երեւակայական, որովհետեւ սքիզոֆրենիան քրոնիք մտային խանգարում է՝ մտա-ընկալման անառողջ վիճակ եւ կեդրոնացման բացակայութիւն, անհատին եւ արտաքին աշխարհին միջեւ զգացական եւ իմացական յարաբերութեանց խախտում կամ աղաւաղում, մասնաւորաբար զգացումներու եւ մտածումներու ներքին կազմակերպութեան անկում:
Այս սխալ պատկերացումը հաւանաբար առաջ եկած է հիւանդութեան անուանումէն schizo=ճեղքում, երկփեղկում phrenia=միտք:
Այս իմաստը՝ «մտքի երկփեղկում» մարդիկը առաջնորդած է կարծելու, որ հիւանդութիւնը կը կայանայ բազմաթիւ տարբեր անձնաւորութիւններ ունենալու մէջ: Սակայն սքիզոֆրենիայի ախտաճանաչումը ցոյց կու տայ, որ ան արտաքին աշխարհի ընկալման եւ մտածելակերպի երկփեղկում է:
Երկրորդ տարածուած վարկածը այն է, որ սքիզոֆրենիկ անձերը շատ կոպիտ ու վայրենի կ՚ըլլան: Այս կարծիքը տարածուած է մանաւանդ այն փաստէն ետք, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային ոճրագործութիւններ իրականացնողներէն շատերը կը տառապէին այս հիւանդութեամբ: Ուսումնասիրութիւնները պարզած են որ սքիզոֆրենիկ հիւանդները պարզապէս աւելի ցասկոտ են, քան բնական մարդիկը: Խորքին մէջ, անոնք են, որ զոհ կը դառնան իրենց շրջապատի կոպտութիւններուն, քանի որ այս հիւանդութեան պատճառած ախտանիշերուն հետեւանքով, անոնք կ՚առանձնանան կամ անգործութեան կը մատնուին եւ դրամի պակասութեան պատճառով կը դառնան թափառական եւ հետեւաբար՝ դիւրին խոցելի:
Ինչպէ՞ս կ՚աշխատի սքիզոֆրենիկի ուղեղը, ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան սքիզոֆրենիկի ուղեղին մէջ, եւ ի՞նչ պատկեր կը ներակայացնէ FMRI-ը (ուղեղի ռեզոնանսային նկարումը)
Հակառակ որ վերջին 100 տարիներու ընթացքին եղած են բազմաթիւ գիտական հետազօտութիւններ, սակայն այս հիւանդութեան ելքը պէտք եղած չափով չէ բարելաւուած:
Սքիզոֆրենիան կը պատահի մարդկային ընկերութիւններու տարբեր դասակարգերու մէջ: Ան կը կազմէ 0,5-1%, որ բաւականին բարձր ցուցանիշ է: Տղամարդոց մօտ կը սկսի զարգանալ 15-25 տարեկան հասակին, իսկ կիներուն մօտ 25-35 տարեկանին: Սքիզոֆրենիայով տառապողները կ՚ապրին ծանր սթրես եւ ըստ փաստարկներու՝ հիւանդներուն 50%-ը հակամէտ է գործելու անձնասպանութիւն. անոնցմէ միայն 10%-ը կրնայ յաջողիլ իր անձնասպանութեան մէջ: Ասիկա բաւականին բարձր ցուցանիշ է եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՛ ճնշող ընկճուածութիւն կ՚ապրին այս հիւանդները:
Հիւանդութեան պատճառները
Հիմնական պատճառներէն են՝
1- ժառանգական ծիներու փոխանցումը:
Եթէ աշխարհի բնակչութեան մէջ, սքիզոֆրենիան 0,5-1 տոկոսը կը ներկայացնէ, եթէ ունիս ազգական, հարազատ քոյր, եղբայր, հայր, մայր, որոնք կը տառապին այս հիւանդութենէն, ապա հաւանականութիւնը կրնայ հասնիլ 10%-ի: Իսկ իսկական երկուորեակներու մօտ, երբ անոնցմէ մէկն արդէն ունի այս հիւանդութիւնը, ապա՝ միւսին քով զարգանալու հաւանականութիւնը կը բարձրանայ 50%-ի եւ ո՛չ թէ 100%-ի: Սա կը նշանակէ, որ ժառանգականութենէն բացի կան նաեւ այլ՝ միջավայրի սթրեսային գործօններ, որոնք կը նպաստեն այս ծիներու բացայայտման:
Մէկ խօսքով՝ սա ծիներու եւ միջավայրի փոխազդեցութիւն է:
2- Միջավայրի սթրեսային գործօններ:
Միջավայրի սթրեսային գործօններէն մէկը կրնայ հանդիսանալ նախածննդեան սթրեսը (prenatal): Սա երկունքի սթրեսն է կամ երկունքէն առաջ ապրուած սթրեսը:
1940-ի Հոլանտայի ձմեռնային սովը ապրած ծննդաբերած մայրերու մօտ՝ 20-30 տարի հետեւողական ուսումնասիրութիւնները պարզած են, որ թերսնուցում ստացած մայրերէն ծնած երեխաներու մօտ սքիզոֆրենիայի տոկոսը բաւականին բարձր եղած է : Այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ յղութեան շրջանին «խոլին»-ով թերսնուցումը մեծ նշանակութիւն ունի հիւանդութեան զարգացման գործին մէջ: Եթէ ֆոլինային թթուն (acid folic) կ՚ապահովէ սաղմին առողջ ոսկորներ եւ կազմուածք ունենալու փաստը, ապա խոլինը կ՚ապահովէ սաղմի ուղեղին բնական մտաընկալման կառուցուածքը:
Խոլինով հարուստ են կենդանական ծագումով ուտելիքները՝ միս, հաւկիթ, որոնք անհրաժեշտ են յատկապէս յղութեան 2-րդ եւ 3րդ եռամսեակին: Կ՚արժէ յիշեցնել, որ յղութենէն դուրս առնուած խոլինը անիմաստ է, քանի որ ըստ ուսումնասիրութեան՝ բնական մարդիկ խոլինի պակասով չեն տառապիր:
Միջավայրի սթրեսային 2-րդ գործօններէն մէկը՝ յղութեան ընթացքին ժահրային կամ մանրէային հիւանդութիւններով վարակուիլն ու անոր բարդութիւններն են, որոնք ուղիղ համեմատական են սքիզոֆրենիա ունենալու հաւանականութեան հետ:
Ախտանշաններ
Սքիզոֆրենիայի ժամանակ տեղի կ՚ունենան իմացողական խանգարումներ՝ անուշադրութիւն, ապակեդրոնացում, յիշելու դժուարութիւն, ընկալման անկարողութիւն:
Այս ախտանշանները ելեւէջային են՝ այսինքն ժամանակի ընթացքին սուր ձեւով մէյ մը կը զօրանան, մէյ մը կը թեթեւնան:
Սքիզոֆրենիայի ախտանշանները կարելի է բաժնել 2 դասակարգի՝
– Դրական ախտանիշներ,
– Բացասական ախտանիշներ:
Դրական ախտանիշները ունին 2 հիմնական բնագաւառ՝
1- Զառանցանք, զգայախաբութիւն (hallucinations),
2- Պատրանք, երեւակայածին, ցնորք (delusions):
Զգայախաբութիւնը ընդհանրապէս կապուած կ՚ըլլայ հինգ զգայարաններուն հետ՝
Ա.- Երբ ականջին ձայներ կը լսուին (հեռուէն խօսող Աստուած, կամ Յիսուս իրեն կուտայ թելադրանքներ՝ երբեմն ան կրնայ վերածուիլ երկխօսութեան եւ որոնք կը լսուին միայն հիւանդին ականջին),
Բ.- Երբ աչքին կ՚երեւին մեռած կամ երեւակայածին մարդիկ,
Գ.- Երբ մարմինի վրայ կամ ներքին օրկաններուն մէջ կը զգայ քալող գոյութիւններ,
Դ.- Երբ կ՚առնեն գոյութիւն չունեցող հոտեր կամ համեր,
Ե.- Շարժումներ, վէրքերու, այրուածքներու զգացողութիւն:
Երկրորդ բնագաւառը՝ պատրանքներն ու ցնորքներն են, այսինքն՝ տրամաբանութեան մէջ չտեղաւորուող մտքեր, անիրապաշտ իրականութիւն, տարօրինակ գերմարդկային զգացողութիւն (supper power) օրինակ` ինքնիրեն կը յայտարարէ Յիսուս կամ աստուածային ուժերով գերմարդ, այլ մոլորակային, հրաշքներ գործելու կարող անձնաւորութիւն (ծովը 2-ի կիսելու կարողութիւն), գաղտնիքներ իմացող եւ բացայայտող տաղանդաւոր անձ, եւլն…:
Պատրանքներն ալ կրնան ունենալ որոշ հակուածութիւն՝
– Հալածախտային պատրանքներ, հիւանդը վախի մէջ կ՚ըլլայ եւ կը մտածէ որ մարդիկ իրեն դէմ են, զինքը կը հալածեն, իր համակարգիչին միջոցով իրեն կը հետեւին, մարդիկ բոլորը հիւանդ են եւ սատանայ կայ իրենց մէջ, կրնան զինք ցաւցնել, խաբել կամ մատնել ոստիկանութեան, քանի որ ըստ իրեն՝ ինք շատ գաղտնիքներ գիտէ եւ կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է…:
– Եսակեդրոն պատրանքներ, հիւանդը կը մտածէ, որ մարդիկ անընդհատ իր մասին կը խօսին, նոյնիսկ հեռատեսիլէն կամ ձայնասփիւռէն լսած խօսքերը ինքնիրեն կը վերագրէ:
– Հեռակառավարուող պատրանքներ, հիւանդը կը մտածէ, որ ինչ որ բան հեռուէն կը վերահսկէ իր միտքը կամ մարմինը կամ կը տիրապետէ իրեն, ինչ որ կապ մը կայ իր եւ արտաքին հեռու աշխարհին միջեւ (օրինակ՝ ելեկտրական հոսանք կը զգայ իր մարմինին մէջ՝ փոխանցուած հեռուէն):
Գոյութիւն ունին նաեւ բացասական ախտանշաններ, որոնք կ՚արտայայտուին վարուելակերպի անբաւարարութեամբ, գիտակցութեան բացակայութեամբ՝
– Գոյութեան բացակայութիւն՝ (avolution), երբ անկարող է կատարել առօրեան, եռանդի պակաս:
– Անխօսութիւն՝ (alogia), երկար ժամանակ կը մնայ լուռ, անկարող խօսք փոխանակելու:
– Բութ յոյզեր՝ երբ դէմքի արտայայտութիւնը փայտային է, եւ տրամադրութիւնն ու յոյզերը չեն արտացոլեր իսկական զգացմունքները:
– Հաճոյք զգալու անկարողութիւն (anhedonia):
– Անընկերային՝ (asocial), ժողովուրդէն կ՚առանձնանան, կը հեռանան, ոչ մէկ կապ ընկերներու կամ ընտանիքի հետ, մինակութիւն՝ որուն պատճառով ալ կը զարգանան մարմնական խնամքի պակաս եւ առողջական հարցեր:
Վերջերս, ուսումնասիրութիւններ պարզած են նաեւ 3-րդ տեսակի ախտանշաններ՝ անկազմակերպուածութիւն խորագրին տակ.
– Մտքի անկազմակերպուածութիւն, տրամաբանական մտածողութեան տագնապ, մտքի գնացքի խզում.
– Բառերու աղցան՝ լսողին համար անկապ եւ պատահական բառերու արտասանում.
– Յանգաւորում՝ իրարու հետ իմաստ չունեցող բառերու բանաստեղծական յանգաւորում.
-Անհամապատասխան հակազդեցութիւն՝ գոյժի կամ վատ լուրի ժամանակ խնդուքի արտայայտութիւն, անտեղի շարժումներ, տարօրինակ պահուածք, եւլն…:
Այս հիմնական 3 տեսակի ախտանշանները՝ դրական, բացասական եւ անկազմակերպ, յաճախ կրնան համընկնիլ, յաճախ կրնան առանձին ձեւով ներկայանալ, եւ նայած թէ ո՞ր ախտանշաններն են գերիշխողը, ատոր համեմատ ալ կ՚որոշուի սքիզոֆրենիայի աստիճանը եւ բուժման ձեւերը:
Իսկ ի՞նչ է սքիզոֆրենիայի կենսաբանական բացատրութիւնը: Կենսաբանական բացատրութեան լաւագոյն կարելիութիւնը տոփամինի տեսութիւնն է:
Տոփամինը ուղեղի նեարդահաղորդիչ է: Ըստ այս տեսութեան՝ ուղեղին մէջ շատ քանակութեամբ տոփամին արտադրուելու պատճառով կը զարգանան վերոնշեալ ախտանիշերը, քանի որ փորձարկումները փաստած են, որ այն դեղերը, որոնք տոփամինի ընկալիչներու արգելակիչներ են (D2-receptor blockers), արգիլելով տոփամինի տեղափոխումը ուղեղի բջիջներուն մէջ, կը նուազեցնեն տոփամինի ազդեցութիւը եւ հետեւաբար կը շտկեն դրական ախտանշանները՝ այսինքն կը հանեն զգայախաբութիւնն ու պատրանքները: Դժբախտաբար պարզուած է նաեւ, որ այս հակատոփամին դեղերը կը նուազեցնեն տոփամինի քանակը ուղեղի ենթակեղեւային եւ ճակատային կեդրոններուն մէջ: Ենթակեղեւային կեդրոնի տոփամինի նուազումը կը բարելաւէ դրական ախտանըշանները: Իսկ ճակատային շրջանին մէջ կը գտնուին տրամաբանութեան, յիշողութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնները, ուր տոփամինի նուազումը ընդհակառակը կը խորացնէ բացասական ախտանշանները՝ բացակայութիւն, բութ յոյզեր, մինակութիւն, անխօսութիւն… մէկ խօսքով՝ տոփամինը մեծ նշանակութիւն ունի այս ախտանշաններու երեւումին մէջ:
Բուժում
Սքիզոֆրենիան սովորաբար կը բուժուի հոգեկան եւ մտային խանգարումներու յատուկ դեղերով, սակայն միայն հոգեկան դեղերը բաւարար չեն: Անհրաժեշտ են իմացական, ընկերային, հոգեբանական եւ վարքագծային դաստիարակիչ ամէնօրեայ միջամտութիւններ, վերականգնելու համար մտային ընկալումը:
– Անհատական մօտեցում՝ հոգեբանի օգնութեամբ. բարելաւել մտածողութեան օրինաչափութիւնները եւ փոխարինել աւելի իրատեսական մտածողութեամբ, սորվեցնել ճանչնալ պատրանքներն ու կեղծ երեւակայութիւնը, յաղթահարել սթրեսը, բացայայտել նախազգուշական նշանները եւ կարենալ ինքնակառավարել հիւանդութիւնը:
– Հմտութիւններու ուսուցում՝ սորվեցնել շրջապատին հետ բարելաւել յարաբերութիւնները եւ բարձրացնել ատակութիւնը առօրեայ գործեր կատարելու:
-Ընտանիքի անդամներու դաստիարակում՝ ուսուցանել աջակցիլ հիւանդին իրականութիւնն ու հիւանդութիւնը տարբերակելու եւ սատարել անոր բարելաւման ընթացքին:
Գոյութիւն ունին տարբեր տեսակի դեղամիջոցներ. առաջին եւ երկրորդ սերունդի հոգեկան դեղամիջոցներ՝ որոնց տարբերութիւնը այդքան ալ մեծ չէ, յատկապէս եթէ նկատի առնենք նիւթական արժէքը. այսինքն՝ առաջին սերունդի դեղերը մեծ բանով չեն զիջիր երկրորդ սերունդի դեղերուն, որոնց գիները աւելի մատչելի են. իսկ դեղի ընտրութիւնը կը վստահուի մասնագէտ բժիշկին՝ ըստ ախտանշաններու աստիճանին:
Այս յօդուածը ընթերցելէ ետք, կը խնդրուի զայն չընկալել որպէս սքիզոֆրենիայի ախտորոշում. եթէ նկագրուած ախտանշանները կը համապատասխանեն ձեր հիւանդութեան, ապա կ՚առաջարկուի դիմել մասնագէտ բժիշկի: