ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Ճիշդ է որ բժշկութեան եւ դեղագիտութեան յարաճուն զարգացումը կրցաւ նկատելիօրէն նպաստել երկարակեացներու թուային եւ տոկոսային աճին, սակայն անիկա չկրցաւ այդ տարիքի մարդոց համար ապահովել համապատասխան կեանքի որակ մը: Ոսկրային հարցերը՝ կոտրուածքներ, յօդացաւ… մէկ կողմէ, յիշողութեան եւ հոգեկան խանգարումները միւս կողմէ կը զարգանան երկարակեացներու զուգահեռ եւ կեանքը կը դարձնեն անհրապոյր:
Երկարակեցութեան նպաստող բժշկութիւնը այսօր կը փորձէ նաեւ ապահովել այդ տարիքի մարդոց կեանքին որակը, զոր ձեռքբերելու համար մարդիկ պէտք է կանուխէն վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կենսակերպը, որդեգրեն աւելի՛ շարժունակ կեանք մը, բնական սննդականոն մը, նաեւ՝ յաճախակի զբօսնուն մաքուր օդի մէջ եւ հեռու մնան աշխատանքային եւ ընտանեկան լարուածութենէ:
Առողջ սննդականոնի համար անհրաժեշտ է վերադառնալ մեծմայրերուն խոհանոցը, ուր տիրող էին արմտիքը, բանջարեղէնը, չոր միրգը, պտուղները, իսկ մսեղէնը վերապահուած էր տօնական սեղաններուն:
Աշխատանքային եւ ընտանեկան լարուածութիւնը կարելի է նուազեցնել, եթէ անհատը կարենայ չափաւորել պահանջները եւ զանոնք համապատասխանեցնել իր եկամուտին: Լարուածութեան մեծագոյն պատճառ է պահանջ եւ մատակարարում համակարգին մէջ գոյացած անհամաչափութիւնը: Եթէ մատակարարումը նուազ է քան պահանջը՝ պէտք է նայիլ պահանջներու ցանկին եւ ըստ առաջնահերթութեան զայն վերակազմել եւ չիյնալ սպառողական շուկային պարտադրած ծուղակին մէջ:
Անձնական յարաբերութիւններէ եկած լարուածութիւններն ալ կարելի է չէզոքացնել՝ զանոնք դարձնելով աննիւթական յարաբերութիւններ, առանց ակնկալիքներու, իսկ ծայրայեղ պարագային բարեկամներու ցուցակը վերանայիլ՝ դուրս ձգելով լարուածութիւն յարուցող կապերը:
Յիշողութեան եւ հոգեկան մարզին մէջ, կարեւոր է ամէնօրեայ մարմնական աշխոյժ կեանքը, երաժշտական գործիքի մը հետ կապը նոյնպէս կ՚օգնէ առողջ ուղեղի պահպանման: Մտաւոր բոլոր ձեւի մարզանքները, ուրախ, անհոգ առօրեան, որակաւոր սնունդը եւ դրական անհատականութիւնը կը նպաստեն ապագայի ուղեղային արթնութեան:
Կեանքի ընթացքին անտեղի դեղորայքի գործածութիւնը կրնայ իր հետեւանքները ունենալ: Հոգեկան ցնցումներու պարագային, խրախուսելի է հոգեբանական խորհրդակցութիւնը, մարզանքը: Հոգեմէտ դեղերը որդեգրել, երբ այլ միջոցներ չկան եւ փորձել զանոնք օգտագործել կարճ ժամանակի մը համար, մինչ այդ ճիգ չխնայել ինքզինք վերագտնելու համար: Նոյն ձեւով անտեղի չօգտագործել հակամանրէ դեղերը:
Վերջերս, Ամերիկեան բժշկական կազմակերպութեան պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած է տասներկու տարիներու վրայ երկարող ուսումնասիրութիւն մը համաձայն, որուն մասնակցած են եօթանասուն տարիքը բոլորած տասնութ հազար կիներ:
Ուսումնասիրութեան մասնակցող կիները օժտուած են քայլերը չափող մեքենայով մը: Ուսումնասիրութիւնը եզրակացուցած է, որ օրուան ընթացքին կատարուած քայլերու քանակը կապ ունի երկարակեցութեան հետ:
Աւելին, անոնք եզրակացուցած են, որ օրական անհրաժեշտ է եօթը հազար հինգ հարիւր քայլ երկար կեանք մը ապահովելու համար: Այս թիւով քայլերը կարեւոր է կատարել ամբողջ օրուան ընթացքին եւ ոչ երկու ժամէն զայն ամբողջացնելով: Հետեւաբար, լման օրը շարժումի մէջ մնալը որոշիչ դերակատարութիւն ունի երկարակեցութեան համար:
Գրասենեակի մէջ աշխատողներ՝ մտածեցէ՛ք այդ մասին: