ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեր մարմինը ունի ընդհանրապէս չորս յա-րավահանագեղձեր (parathyroid glands), որոնք կը գտնուին վահանագեղձին (thyroid gland) յետսամասի մակերեսին վրայ: Յաճախ անոնք ներմուծուած կ՛ըլլան վահանագեղձին մէջ: Անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 8ի: Այս չորս յարվահանագեղձերը կը ներկայանան վահանագեղձի երկու բլթակներու ետին՝ իբրեւ երկու զոյգեր: Իւրաքանչիւր յարվահանագեղձ ունի բրինձի հատիկի մը մեծութիւնը:
Յարվահանագեղձ անուանումը եղած է՝ համաձայն չորս գեղձերուն դիրքին, այսինքն՝ անոնց անմիջական դրացնութեան վահանագեղձին հետ:
Յարվահանագեղձերը եւ վահանագեղձը ունին բոլորովին տարբեր դերակատարութիւններ եւ տարբեր գործունէութիւն մեր մարմինին մէջ:
Յարվահանագեղձերը կը գործեն շարունակ եւ առանց դադարի: Անոնք ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւններ մեր առողջութեան պահպանման եւ մեր կեանքի յարատեւութեան համար: Մարդ կրնայ ապրիլ եւ յարատեւել նոյնիսկ մէկ յարվահանագեղձով:
Յարվահանագեղձերը կ՛արտադրեն բնա-սպիտային (protein) ներծորոյթ մը, որ կը կոչուի յարվահանագեղձի ներծորոյթ (parathor-mone): Այս ներծորոյթը կ՛արտադրուի, երբ արեան եւ մարմինի կրածինի քանակը կը նուազի: Հակառակը կը պատահի արեան եւ մարմինի կրածինի բարձրացումով:
Այս ներծորոյթի պարտականութիւններն են՝
- Կանոնաւորել ոսկորներու կրածինի քանակը եւ անոր տեղաշարժը ոսկորներէն դէպի արեան շրջագայութիւն: Արեան կրածինի նուազումով (osteopenia) այս ներծորոյթը կը գործէ ոսկորներուն վրայ եւ հոն պահ դրուած կրածինէն մաս մը արեան շրջագայութեան կը մղէ:
- Կանոնաւորել կրածինի ներծծումը աղիքներէն դէպի արեան շրջագայութիւն: Արեան կրածինի նուազումի պարագային, այս ներազդակը կ՛աշխուժացնէ աղիքներուն մէջ գտնուած սննդանիւթերու կրածինի ներծըծումը, որպէսզի բարելաւուի արեան կրածինի քանակը: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ աղիքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող D կենսանիւթի եւ յարվահանագեղձի ներծորոյթի ներգործութեամբ:
- Աշխուժացնել կրածինի ներծծումը երիկամներուն մէջ։
Յարվահանագեղձերը կը յայտնուին հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով.
- Յարվահանագեղձի գերգործունէութեամբ (hyperparathyroidism).
- Յարվահանագեղձի ենթագործունէութեամբ (hypoparathyroidism)։
Յարվահանագեղձի գերգործունէութիւնը կը յառաջանայ հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներով՝
Ա. Հիմնական ախտապատճառներն են.
ա. Յարվահանագեղձերու ծաւալում եւ անոնց ներծորոյթի գերարտադրութիւն.
բ. Յարվահանագեղձերէն մէկուն լաւորակ ուռի փոփոխութիւն եւ անոր ներծորոյթի առատ արտադրութիւն.
գ. Յարվահանագեղձերէն մէկուն խլիրդի (cancer) փոփոխութիւն եւ անոր ներծորոյթի առատ արտադրութիւն: Այս վերջինը հազուադէպօրէն կը պատահի:
Բ. Երկրորդական ախտապատճառներն են.
ա. Արեան կրածինի նուազում մարմնական զանազան հիւանդութիւններու պատճառաւ.
բ. Արեան կրածինի նուազում յոռի սննդառութեամբ, անբաւարար կրածին պարունակող սննդանիւթերու եւ անբաւարար D կենսանիւթի սպառումի պատճառաւ.
գ. Արեան կրածինի նուազում երիկամային երկարատեւ հիւանդութիւններու պատճառաւ, երբ կրածինի ներծծումը երիկամներէն դէպի արեան շրջագայութիւն տեղի չ՛ունենար:
Յարվահանագեղձի գերգործունէութեան ախտանշանները գերկրածնութեան ախտանշաններու նման են: Դարմանումը կը կատարուի համաձայն անոր ախտապատճառին: Հիմնական ախտապատճառներու պարագային, յարվահանագեղձի գերգործունէութիւնը կը դարմանուի ծաւալած գեղձին հատումով: Այս մէկը կ՛ապահովէ վերջնական եւ ամբողջական ապաքինում: Իսկ երկրորդական ախտապատճառներու պարագային յարվահանագեղձի գերգործունէութիւնը կը դարմանուի դարմանելով անոր ախտապատ-ճառը:
Յարվահանագեղձի ենթագործունէութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտա-պատճառներով՝
- Յարվահանագեղձերու մասնակի հատում, որ կը պատահի վահանագեղձի վիրահատումի (thyroidectomy) ընթացքին.
- Յարվահանագեղձի ընդոծին (congenital) բացակայութիւն եւ կամ թերաճութիւն: Այս երեւոյթը շատ հազուագիւտ է:
- Ինքնավարակամերժութեան հիւանդութիւն (autoimmune disease): Անիկա կը յատկանշուի մարմնին մէջ հակամարմիններու արտադրութեամբ, որոնք կը գործեն յարվահանագեղձին դէմ եւ արգելք կը հանդիսանան անոնց ներծորոյթի արտադրութեան:
- Մարմնի մագնեզիումի անբաւարարութիւն.
Յարվահանագեղձի ենթագործունէութեան ախտանշանները նման են ենթակրածնութեան ախտանշաններուն:
Անոր գերգործուէութեան եւ ենթագործունէութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան կրածինի եւ յարվահանագեղձի ներծորոյթի քննութեամբ, յարվահանագեղձի եւ մարմնի ոսկորներու Ք-ճառագայթային յատուկ նկարահանումներով: Յարվահանագեղձի ենթագործունէութիւնը կը դարմանուի սուր պարագաներուն կիրի երակային ներարկումով, իսկ երկարատեւ պարագաներուն՝ բերանային կիրի եւ D կենսանիւթի գործածութեամբ: