ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ
Անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, մարդկային երեւակայութիւնը, միացած հնարամտութեան եւ ժամանակի գիտական յառաջդիմութիւններու ընծայած հնարաւորութեանց, առիթ չէ փախցուցած փորձելու, կիրարկելու յղացումը արգիլող միջոցառումներ, որոնց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղած է, առանց վնասելու կնկան առողջութեան եւ առանց «օձիքը ձեռք տալու» վայելել կեանքի հաճոյքները:
Վիժումը, միշտ ալ արգիլուած (բացի համայնավար կարգ մը երկիրներէն) կամ պետական խիստ սեղմումներու ենթակայ, խղճի ու մարդկութեան դէմ մեծ ոճիր մը, մանաւանդ մօրը առողջութեան համար մահացու վտանգ մը նկատուած ըլլալով՝ մարդիկ միշտ ալ փնտռած, հետապնդած են ծնունդներու կանոնաւորման հարցը:
Յաճախ արդարացուցիչ, ընկերային կամ անձնականառողջական պայմաններէ մղուած, քիչ զաւակ կամ բնաւ զաւակ չունենալու առաջադրանքը ամուսնացած զոյգերը կը դնէ մեծ երկընտրանքի առջեւ:
Անհրաժեշտ է երբեմն դիրք ճշդել, որոշել՝ գիտութեան ընծայած դիւրութիւններուն եւ բարոյագիտական տեսակէտերուն միջեւ: Երբեմն կը պատահի նոյնիսկ որ գիտութեան եւ բարոյական ըմբռնումներուն միջեւ ծագի այլամերժ վիճակ մը: Ո՞ր ձեւը որդեգրել: Դիւրին միջոցներո՞ւ հակիլ թէ բարոյագիտական-անձնական ուժեղ կամքի ճամբով լուծել հարցը: Հոս է որ ի վերջոյ, մարդկային անհատական վճիռը կ՚որոշէ կիրարկուելիք վերջնական ձեւը:
Դարուս մեծագոյն գիւտերէն մէկը կարելի է նկատել յղացումը արգիլող դեղահատերը, մանաւանդ հազուագիւտ պարագայ մը, եթէ նկատի առնենք, որ շատ քիչ անգամ բժշկական նորութիւն մը այնքան շուտ ընդհանրացած է եւ մեծ տարակարծութիւններու դուռ բացած, սկսած է ընկերային շրջանակներէ մինչեւ կրօնական աշխարհը, ստիպելով որ ամէն ընտանիք պատասխանատու դիրք ճշդէ, նոյնիսկ եթէ չկիրարկէ տակաւին…:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
Քրիստոսէ առաջ, յղացումը արգիլող միջոցառումներու մասին կը խօսուի հին Յունաստանի մէջ գտնուած ձեռագիրներու մէջ: 2400 տարի Քրիստոսէ առաջ, յոյն իմաստագէտներ կը թելադրէին կիրարկել որոշ օրէնքներ՝ ճշդելու համար ընտանիքին ունենալիք զաւակներուն թիւը:
Արիստոսէլ կը խորհէր, թէ փրկելու համար իր երկրին քաղաքակրթութիւնը, հարկ է բնակչութեան թիւը սահմանափակել, եւ կը թելադրէր ճշդել իւրաքանչիւր ընտանիքին ունենալիք զաւակներուն թիւը: Ան խիզախութիւնը կը հասցնէր բարձրագոյն աստիճանի, երբ կ՚ըսէր, թէ պէտք է կիրարկուին վիժումի օրէնքը եւ ընտանիքէն ներս ծնած աւելորդ նորածիններու մահացումը…:
Հին Եգիպտոսի մէջ, Քրիստոսէ առաջ 1550 թուէն մեզի հասած ձեռագիրի մը մէջ կը խօսուի յղացումը արգիլող միջոցներու մասին: Անոր համար կը գործածուէր խէժի փոշիին մէջ թաթախուած սպունգը, որով կը խեցէին կնկան իգափողը: Երբեմն ալ մեռելներու զմռսումէն աւելցած ջուրը կը խմցնէին կիներուն յղի չմնալու համար, ինչպէս նաեւ՝ ուղտին աղբը…:
Ճափոնի մէջ, մեղուներու դիակը փշրելով կը խառնէին մեղրին եւ կը կերցնէին կիներուն յղութիւնը արգիլելու մտադրութեամբ…:
Քրիստոսէ ետք, մասնաւոր բոյսերու արմատներէն պատրաստուած շիճուկներ կը խմցնէին, երբեմն անոնց խառնելով թոյներ, որոնք ոչ միայն կը սպաննէին երեխան արգանդին մէջ, այլ նաեւ շատ անգամ մօրը մահուան պատճառ կը դառնային: Սպունգը կը խառնէին պղպեղի փոշիին, կամ մանանեխի փոշին խառնելով մեղրին՝ կը պատրաստէին խմորանման նիւթ մը, կամ կոկորդիլոսի կղկղանքը խառնելով սպունգին հետ կը զետեղէին իգափողին մէջ… յղութիւնը արգիլելու մտադրութեամբ:
ՅՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Մինչեւ 17-րդ դար, երբ տեղի ունեցաւ խոշորացոյցի գիւտը եւ մարդիկ սկսան տեսնել սերմնաբջիջները, յղութեան մասին յստակ գաղափար մը չկար ընդհանրապէս:
Արիստոտէլ մարդկային սերմին մէջ կը տեսնէր հոգիի եւ մտքի կարողութիւն մը միայն: Շատերու համար յղութիւնը յառաջ կու գար ուտելիքի մը ազդեցութենէն, եւ ոչ մէկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուէր ամուսնոյն ունեցած դերին: Ոմանց համար, յղութիւնը արդիւնք էր արեւուն կամ լուսնին ունեցած որոշ ազդեցութիւններուն… կամ կնկան տեսած մէկ երազին…:
Նախնական մարդուն համար դժուար էր իրար կապել սերնդագործումի արարքը ինը ամիս ետք ծնելիք երեխային հետ: Գիտական ճշգրիտ տուեալներ կը պակսէին եւ կիրարկուած միջոցառումները յղութիւնը արգիլելու՝ բոլորովին անհիմն էին եւ անկատար, հեռու ազդեցութիւն մը ունենալէ:
Միայն 17-րդ դարուն խոշորացոյցի գիւտն էր որ եկաւ առարկայականօրէն սահմանում մը տալու սերմնաբջիջին կատարած դերին մասին եւ անկէ յետոյ է որ սկսան կիրարուիլ առաւել կամ նուազ ազդու միջոցներ՝ յղութիւնը արգիլելու ձգտող: Կնկան մօտ սկսան գործածուիլ կենդանիներու բարակ մորթէ կամ այծի միզամանէ պատրաստուած կիսագնդաձեւ առարկաներ, արգիլելու համար սերմնաբջիջի յառաջացումը արգանդէն ներս:
19-րդ դարուն է որ առաձգական նիւթերու գիւտին շնորհիւ կարելի եղաւ հրապարակ հանել քաուչուկէ պատրաստուած եւ յղութիւնը խափանող նշանաւոր առարկաներ:
20-րդ դարը կարելի է նկատել ժամանակաշրջան մը, ուր իրապէս գիտական հիմքերով առաջին անգամ առաջարկուեցան միջոցներ, որոնք ճշգրիտ գործածելու պարագային կ՚ապահովեն մեծ տոկոսով յաջողութիւն:Պարբերական ժուժկալութիւնը 1930-էն սկսած, միակ միջոցն է որ պաշտօնապէս ընդունուած եւ արտօնուած է կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէ:
19-րդ դարու վերջը, Սիկմընտ Ֆրէոյտ կը գրէր.- «Կարելի չէ ժխտել, թէ յղութիւնը արգիլող միջոցները անհրաժեշտութիւն կը դառնան կեանքի մէջ: Եթէ կարելի ըլլայ կամովին եւ կանխամտածուած զաւակ ունենալ, տեսական գետնի վրայ այդ պիտի ըլլայ մարդկութեան մեծագոյն յաղթանակներէն մէկը»: Ամբողջ պատմութեան տեւողութեան, 20-րդ դարը առաջին անգամն է որ ի վիճակի է կիրարկելու յղութիւնը արգիլող միջոցներ, լուրջ գիտական հիմքերով պատրաստուած, գրէթէ հարիւր առ հարիւր տոկոսով ապահով եւ բաղդատաբար շատ քիչ անպատեհու-թիւններ ներկայացնող:
Նշանաւոր դեղահատը, շատ շուտ ընդհանրացաւ աշխարհի չորս կողմը եւ այնքա՜ն մեծ աղմուկ հանեց: Անցնելէ առաջ նշանաւոր դեղահատին, թուենք այն միջոցառումները, որոնք տակաւին կը կիրարկուին կարգ մը շրջանակներու մէջ, համաձայն իրենց երկրին մէջ տիրող պետական օրէնքներուն կամ կրօնական ընբռնումներուն:
Պարբերական ժուժկալութիւնը, զոր 1930-ին գտան ճափոնցի Օժինոն եւ աւստրիացի Հերման Նոսը, ճանչցուած է առաւելաբար «Օժինոյի կանոնը» անուան տակ: Այստեղ նկատի կ՚առնուի այն իրողութիւնը, որ դաշտանի կիսուն՝ 14-րդ օրը ձուիկը դուրս կու գայ ձուարանէն, եւ կ՚ապրի միայն մէկ օր: Իսկ սերմնաբջիջը կ՚ապրի երկու օր:
Հետեւեալ ցուցատախտակին վրայ կ՚երեւին արգասաբեր օրերը՝ 28 օրեր տեւող դաշտանի մը ընթացքին, որոնք ընդգծուած են:
ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13
14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24
25 26 27 28
Երկրորդ ցուցատախտակը ցոյց կու տայ անկանոն դաշտան ունեցողներուն պարագան, որոնց համար կ՚երեւին արգասաբերութեան առաջին եւ վերջին օրերը:
Դաշտանի Առաջին օրը Վերջին օր
Տեւողութիւն արգասաբերութեան
21 օր 3-րդ օր 10-րդ օր
22 օր 4-րդ օր 11-րդ օր
23 օր 5-րդ օր 12-րդ օր
24 օր 6-րդ օր 13-րդ օր
25 օր 7-րդ օր 14-րդ օր
26 օր 8-րդ օր 15-րդ օր
27 օր 9-րդ օր 16-րդ օր
28 օր 10-րդ օր 17-րդ օր
29 օր 11-րդ օր 18-րդ օր
30 օր 12-րդ օր 19-րդ օր
32 օր 13-րդ օր 20-րդ օր
32 օր 14-րդ օր 21-րդ օր
33 օր 15-րդ օր 22-րդ օր
34 օր 16-րդ օր 23-րդ օր
35 օր 17-րդ օր 24-րդ օր
36 օր 18-րդ օր 25-րդ օր
37 օր 19-րդ օր 26-րդ օր
38 օր 20-րդ օր 27-րդ օր
Ջերմաչափերու կանոնը, բնական միջոց մըն է, որ կը յենի այն իրողութեան վրայ, թէ ձուիկը, ձուարանէն դուրս գալէ առաջ, կնկան մօտ ջերմը 0,3 աստիճան բնականէն բարձր կ՚ելլէ, ու կը մնայ նոյնը մինչեւ յաջորդ դաշտանը: Այս ձեւով, դիւրին է գիտնալ ճշգրտօրէն այն օրը, երբ ձուիկը դուրս կու գայ ձուարանէն, եւ հետեւաբար գիտակցիլ իր արգասաբեր օրերուն:
Դժուարութիւնը հոն է, որ անհրաժեշտ է ամէն օր հետեւիլ ջերմաչափին, եւ մանաւանդ ջերմ պատճառող հիւանդութիւն չունենալ: Պարբերական ժուժկալութիւնը եւ ջերմաչափերու կանոնը երկու միակ ձեւերն են, որոնք բնական եւ առողջ պայմաններու վրայ հիմնուած, ընդհանրապէս ապահով միջոցներ են խուսափելու համար անբաղձալի յղութիւններէն:
Ներկայիս, սահմանափակ թիւով կը գործածուին իգափողի մէջ դրուող քիմիական թունաւոր նիւթեր, որոնց յատկութիւնն է սպաննել սերմնաբջիջները: Նաեւ առաձգական նիւթերէ պատրաստուած առարկաներ, այր թէ կնկան մօտ գործածուող, սակայն մեծագոյն անպատեհութիւնը ունին անախորժ ըլլալով մէկտեղ, անապահով ըլլալը, տրուած ըլլալով որ ամենափոքր ճեղք մը կը բաւէ սերմնաբջիջներուն անցնելու արգանդէն ներս:
Արգանդին մէջ զետեղուող սուր գործիքներ, ըլլան անոնք օղակ, ոլորանման, կլոր, բժիշկին կամ նոյնիսկ մանկաբարձին ձեռքով կը զետեղուին արգանդէն ներս: Գործողութիւնը տեղի կ՚ունենայ գրեթէ առանց ցաւի, երբեմն քանի մը կաթիլ արիւն կը հոսի: Հետագային կրնան ցաւատանջ պրկումներ տեղի ունենալ, բայց շուտով ամէն ինչ բնականոն կը դառնայ:
Արգանդին մէջ գտնուող առարկաներ թոյլ չեն տար արգասաբերուած ձուիկին բոյն դնել արգանդէն ներս: Այս ձեւը, ինչքան ալ դիւրին տեսնուի, հարիւր առ հարիւր տոկոսով ապահով միջոց մը չէ, որովհետեւ հակառակ օտար գործիքին ներկայութեան, կը պատահին յղութիւններ: Եւ այս պարագային կը փաստուի թէ կամ առարկան նախապէս ինկած է եւ կամ դուրս կու գայ ծննդաբերութեան ատեն: Կայ նայեւ կամաւոր ամլութեան պարագան, ուր այր մարդուն կամ կընկան մօտ կը խցեն ձուաբեր խողովակները: Այս միջոցը կը կիրարկուի մասնաւորաբար բժշկական ստիպողական պարագաներու մէջ, երբ յղութիւնը բացարձակապէս կ՚արգիլուի:
Դեղահատը, 20-րդ դարու նորութիւնը որ շատ արագ արդէն աշխարհի ամէն կողմը տարածուեցաւ եւ ամէնուրեք յարուցեց ընկերային, ընտանեկան եւ բարոյական հարցեր: Միակն է յղութիւնը արգիլող բոլոր միջոցառումներուն մէջ, որ եթէ ճշդապահօրէն գործածուի, հարիւր առ հարիւր տոկոսով ապահով է եւ բաղդատաբար քիչ անպատեհութիւններ կը ներկայացնէ, եթէ գործածութենէ առաջ խղճմտօրէն ընդհանուր քննութիւնեէ անցած է գործածող անձը եւ ճշդուած օրերուն կը գործածէ դեղահատերը, առանց մոռացումի:
Շատ պարզ է դեղահատին ազդեցութեան եղանակը. ան թոյլ չի տար որ ձուիկը դուրս գայ ձուարանէն, արգանդին բերանը գոցող լպրծուն նիւթը կը մնայ թանձր եւ սերմնաբջիջները չեն կրնար մուտք գործել արգանդէն ներս, եւ վերջապէս արգանդին ներքին մաշկը չի զարգանար, եթէ նոյնիսկ արգասաբերուած ձուիկ մը հասնի արգանդին՝ չի կրնար դնել անոր մաշկին մէջ:
Որո՞նց համար արգիլուած է գործածել դեղահատը: Դիեցնող եւ յղի կիները պէտք չէ զայն գործածեն, նաեւ լեարդի հիւանդութիւններէ, լայներակութենէ, արեան մածնացումի խանգարումներէ կամ կուրծքի քաղցկեղէ տառապող կիները: Նոյնպէս անոնք որոնք շնչարգելութիւն, մորթային հիւանդութիւններ ունին, լուսնոտութենէ եւ գլխու ցաւերէ (միկրէն) կը տառապին: Ինչե՞ր կրնայ պատճառել դեղահատը, եթէ երկար ատեն գործածուի.- Կշիռքի յաւելում, որ իրական գիրութիւն մըն է, կուրծքերու անբնական աճում, գլխու ցաւ, կուրծքի սեղմում, սիրտխառնուք, թեթեւ արիւնահոսութիւն դաշտանի կէսերուն, հոգեկան անձկութիւն, քնաթաթախ վիճակ մը եւ նոյնիսկ հերաթափութիւն: Կարեւոր է նկատի ունենալ բժշկական ընդհանուր լուրջ քննութիւն մը, դեղահատը սկսելէ առաջ եւ մանաւանդ 3-4 ամիսը անգամ մը գործածութեան շրջանին, անհրաժեշտ է բժիշկին հանդիպիլ առողջական վիճակը ընդհանուր քննութենէ մը անցնելու համար:
Վերոյիշեալ դեղահատէն զատ, գիտական աշխատանոցներու մէջ գիտնականներ կ՚աշխատին այլ միջոցներու վրայ, որոնք եթէ վերջնականապէս յաջողին՝ հաւանական է որ ներկայի նշանաւոր դեղահատը օր մը մոռացութեան դատապարտուի..:
Յիշենք՝
– Քսան տարուան դեղահատը, որ կը զե-տեղուի մորթին տակը, վիրաբուժական պզտիկ գործողութեամբ մը: Սոյն դեղահատը կ՚երաշխաւորէ քսան տարի զաւակ չունենալը. երբ ամուսնացած զոյգը որոշէ զաւակ ունենալ դեղահատը մորթին տակէն կը հանեն, եւ զաւակը ծնելէ ետք, կրկին կը զետեղեն զայն մորթին տակը…:
– Ամսական ասեղը, ուր փոխանակ ամէն օր դեղահատ կլլելու՝ ամիսը մէկ ասեղ պիտի բաւէ ապահովելու զաւակ չունենալը:
– «Մէկ օր վերջուայ դեղահատը», այսինքն՝ դեղահատ մը որ կ՚առնուի այն պարագային երբ կասկած կայ որ յղութիւն կրնայ տեղի ունենալ: Այսպիսով, փոխանակ ամէն օր դեղահատ առնելու կը բաւականանան միայն յղութեան կասկած տուող յարաբերու-թենէ մը ետք առնելու…:
– Յղութեան դէմ պատուաստ, միջոց մը որ կը չէզոքացնէ սերմնաբջիջներու ազդեցութիւնը:
– Վերջապէս այր մարդոց դեղահատը: Այս պարագային փոխանակ կնկան ստիպելու որ ամէն օր կլլէ իր դեղահատը՝ այր մարդը յանձն կ՚առնէ այդ պարտականութիւնը…:
Ներկայիս, յղութիւնը արգիլող դեղահատին շնորհիւ գրեթէ վերջնականապէս լուծուած կարելի է համարել անբաղձալիօրէն յղի մնալու մղձաւանջը: Բայց կը մնայ բարոյական եւ ընկերային գետնի վրայ այժմէական գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ զանոնք ընդհանրացնե՞լ թէ ոչ, եւ ի՞նչ պայմաններու տակ:
Լիբանանի մէջ Առողջապահական Նախարարութիւնը շատ խիզախ եւ առողջ որոշում մը առնելով խիստ հսկողութեան ենթարկեց յղութիւնը արգիլող դեղահատերու գործածութիւնը:
Իւրաքանչիւր ամսուան համար գործածուելիք քանակը պիտի տրուի այսուհետեւ դեղագրով: Դեղագործը պարտաւոր է պահել դեղագիրը եւ զայն ներկայացնել պատկան իշխանութիւններու:
Այսպէսով, վերջին խօսքը եւ դեղահատի գործածութեան որոշումը կը մնայ բժիշկին: Բժիշկը, համապատասխան իրեն ներկայացող անհատին առողջապահակն, ընկերային, ընտանեկան պայմաններուն, պիտի որոշէ զայն յանաձնարարել կամ ոչ:
Եւ վերջապէս, պարբերական ժուժկալութիւնը, ջերմաչափերու կանոնը եւ վերոնշեալ դեղահատերը երեք գլխաւոր միջոցներ են, որոնք բժշկականօրէն, նայած իւրաքանչիւրի պարագան՝ պիտի թելադրուի կիրարել: