ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Յղութիւնը կանխարգիլող միջոցները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ոչ միայն խուսափելու անցանկալի յղութենէ, այլեւ ծրագրելու ապագայ երեխաներուն թիւը եւ անոնց ծնելու հաւանական ժամկէտները:
Հակաբեղմնաւորիչներ չօգտագործելու հետեւանք է անբաղձալի յղութիւնը, որմէ ձերբազատելու նպատակով (ըստ UNESCO-ի տուեալներու), իւրաքանչիւր 10 վայրկեանը կին մը կը մահանայ:
Յղութենէն խուսափելու նպատակով կ՚օգտագործուին, ինչպէս հակաբեղմնաւորիչ տարբեր միջոցներ, այնպէս ալ յատուկ վիրահատական մեթոտներ:
1.- Վիրահատութեան միջոցով, այրերու մօտ կը կապուին սերմնատար խողովակները՝ (Vasectomy sperm duct), իսկ կանանց մօտ արգանդի ֆալլոփեան փողերը, եւ այդ անձերը անվերադարձ կը զրկուին սերունդ ունենալու հնարաւորութենէն: Վիրահատութեան ճամբով յղութիւնը արգիլող այլ միջոց մըն է նաեւ կրտումը՝ castration*։
2.- Հակառակ հակաբեղմնաւորիչ միջոցներու բազմազանութեան, մինչեւ օրս շատեր կ՚օգտուին յղութենէ պաշտպանուելու ամէնէն պարզ եղանակէն: Սերմնաժայթքումէն առաջ, առնանդամը իգափողէն դուրս հանելով սերմնահեղուկը դուրս կը թափեն եւ կ՚ընդհատեն սեռային մերձեցումը: Այրը, այս պարագային, ստիպուած է ջիղերը միշտ կեդրոնացուցած պահելու, որպէսզի ճիշդ ժամանակին կարենայ յարաբերութիւնը ընդհատել: Այս մեթոտէն օգտուելու պարագային, ժամանակի ընթացքին կը խանգարուի թէ՛ կնոջ եւ թէ այր մարդուն հոգեֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը, կը յառաջանայ սեռային պաղութիւն, մինչեւ իսկ անկարողութիւն:
3.- Յղութենէ կարելի է պաշտպանուիլ ճշդելով կնոջ ամսուան բեղմնաւոր եւ ամուլ օրերը՝ հետեւելով դաշտանային շրջանին հետ կապուած օրացոյցի գիտական մեթոտին (birth control): Այս մեթոտէն օգտուելու նպատակով կինը պէտք ունի կազմելու իր ջերմաստիճանին ցուցանիշը՝ graphic**:
Ջերմաստիճանը պէտք է չափել առաւօտեան, արթննալէ անմիջապէս ետք, նախքան բաղնիք մտնելը, ջերմաչափը երկու վայրկեան դնելով սրբանին (rectum) մէջ: Առողջ կնոջ մօտ, եթէ դաշտանը կը տեւէ 28 օր, ձուազատում տեղի կ՚ունենայ դաշտանին 14-րդ օրը:
Դաշտանային արիւնահոսութեան յաջորդող երկու շաբթուան ընթացքին, ջերմաստիճանը կը պահպանուի մօտաւորապէս 36,5 C ապա 14-15-րդ օրը կ՚իջնէ 36 C-ի, որ կը նշանակէ, թէ ձուազատում (ovulation) տեղի ունեցած է:
Երբ ջերմաստիճանը կրկին կը բարձրանայ մինչեւ 37-37,5 աստիճան, ուրեմն ձուազատում տեղի ունեցած է եւ ձուն կ՚ուղղուի արգանդ: Այդ ջերմաստիճանը կը պահպանուի մինչեւ յաջորդ դաշտանի սկսելէն մէկ օր առաջ:
Այժմ կարելի է ձուազատումը որոշել կատարելով մէզի քննութիւն՝ ovusing-ի միջոցով։
Երեք ամիս շարունակ պէտք է չափել ջերմաստիճանը, որմէ ետք ճշդել կնոջ բեղմնաւոր եւ ամուլ օրերը: 28 օրը մէկ դաշտան ունեցող անձին մօտ դաշտանին յաջորդող 10 օրերը եւ դաշտանի 16-րդ օրէն մինչեւ յաջորդ դաշտանի սկիզբը, յղանալու հաւանականութիւն չկայ:
Յղի մնալու նպատակով նախընտրելի է յարաբերութիւն ունենալ դաշտանի ամսուան 10-16-րդ օրերուն ընթացքին:
4.- Ժամանակակից հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերը՝ (pills) բազմազան են եւ գրեթէ անվտանգ, սակայն կան որոշակի հակացուցումներ, հետեւաբար նախընտրելի է գործածել բժիշկին հսկողութեամբ: Անոնք կը պարունակեն արուեստական հորմոններ, որոնք կը ճնշեն ձուաբջիջի անջատումը (ovulation) կամ կ՚ազդեն արգանդի վզիկին լորձի վրայ՝ դարձնելով զայն սերմնաբջիջի համար անանցանելի: Հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերը եթէ գործածուին ըստ ցուցմունքի, ապա յղութեան հաւանականութիւնը շատ քիչ կ՚ըլլայ: Մոռնալու պարագային կը բարձրանայ յղանալու հաւանականութիւնը: Եթէ անձը որոշեր է յղանալ, նախընտրելի է դեղահատերու օգտագործումը դադրեցնել, ապա երեք ամիս ետք միայն յղանալ: Պէտք չէ հակաբեղմնաւորիչ դեղահատեր գործածել լայներակութեան (varise), սրտի եւ աչքի ծանր հիւանդութիւններու ժամանակ:
5.- Յղութիւնը կանխելու նպատակով ներարկումներու ձեւով կ՚օգտագործուին նաեւ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունեցող հորմոնային դեղանիւթեր:
6.- Շատեր կը գործածեն պահպանակ (condom), որ մինչեւ այսօր ամէնէն տարածուած հակաբեղմնաւորիչ միջոցը կը նկատուի: Այս մեթոտին անպատեհութիւնը այն է, որ սեռային յարաբերութեան ժամանակ կրնայ խախտիլ անոր ամբողջականութիւնը կամ ան կրնայ սահիլ առնանդամին վրայէն:
Պաշտպանութեան այս ձեւը նաեւ արգելք կը հանդիսանայ կնոջ եւ այր մարդու անմիջական շփման եւ ժամանակի ընթացքին կնոջ մօտ կրնայ յառաջացնել բորբոքումներ, սեռային զգացողութեան նուազում: Ապահովութեան նպատակով կարելի է հակաբեղմնաւորիչ մոմիկներու հետ գործածել, զոր կինը յարաբերութենէ առաջ կը դնէ հեշտոցին մէջ: Անհրաժեշտ է պահպանակներէ օգտուիլ պատահական, անծանօթ անձերու հետ յարաբերութեան պարագային, խուսափելու համար սեռային ճանապարհով փոխանցուող վեներական հիւանդութիւններէն:
7.- Անցանկալի յղութենէ պաշտպանուելու նպատակով արգանդին մէջ կը տեղադրուի ներարգանդային պարոյրը՝ Intrauterine device IUD, որ յղութիւնը կը դարձնէ անհաւանական:
8.- Հակաբեղմնաւորիչ նոր միջոց է Mirena-ն, որ ներարգանդային պարոյր է եւ միաժամանակ կը պարունակէ Levonorgestrel հորմոնը: Mirena-ն օժտուած է բարձր հակաբեղմնաւորիչ յատկութեամբ եւ նոյն ատեն կը պահպանէ օրկանիզմին հորմոնային հաւասարակշռութիւնը: Պարոյրը ցանկացած ժամանակ կարելի է հանել արգանդէն եւ կինը նորէն կրնայ յղանալ:
Երբ ներարգանդային պարոյրի IUD-ի չափը սխալ կ՚ըլլայ կամ ան սխալ ձեւով կը տեղադրուի, կինը կրնայ յղանալ: Հակաբեղմնաւորիչ պարոյրի տեղադրումէն ետք, եթէ բարդութիւններ յառաջանան, անհրաժեշտ է զայն հեռացնել:
9.- Հորմոնային սպեղանին՝ (Contraceptive patch) յղութիւնը կանխելու նպատակով ան կը փակցուի մարմնի տարբեր մասերուն:
10.- Երբեմն կինը անհրաժեշտութիւն կ՚ունենայ հակաբեղմնաւորիչ միջոց օգտագործել միայն յարաբերութեան ընթացքին: Այդ պարագային ան կրնայ օգտուիլ յատուկ մոմիկներէ, զորս կը ներմուծէ հեշտոց, յարաբերութիւնէն տասը վայրկեան առաջ:
11.- Յղութիւնը կանխարգիլող միջոց է նաեւ սեռային յարաբերութենէն վերջ իգափողի լուացումը (douche): Այս մեթոտը որքան ալ արագ յաջորդէ սեռային մերձեցմանը՝ վստահելի չէ, այս պատճառով նախընտրելի է իգափողի լուացումին հետ համատեղել յղութիւնը կանխարգիլող միւս միջոցներուն հետ:
* Castration. Ժամանակին Իտալիոյ մէջ պատանիները արբունքի չհասած կը կտրէին եւ կը հեռացնէին անոր ամորձիքները, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ երգելու համար անոնք պահպանէին իրենց զիլ ձայնը: Կտրումը կը գործադրուէր նաեւ հարեմներու մէջ, ներքինիներ պահելու համար:
** Ջերմաստիճանի ցուցանիշը ոչ միայն հնարաւորութիւն կու տայ կիներուն՝ որոշելու բեղմնաւոր օրերը, այլեւ անոնք կրնան նաեւ գիտնալ թէ յղիացա՞ծ են թէ ոչ (եթէ գալիք դաշտանէն առաջ ջերմութիւնը չ՚իջներ, կը նշանակէ, որ կինը յղի է): Կարելի է պատկերացում ունենալ ձուարանի գործունէութեան մասին, օրինակ, եթէ դաշտանի ընթացքին ջերմաստիճանը չի բարձրանար, կը նշանակէ ձուաբջիջ չէ անջատուած, հակառակ անոր որ ենթական կ՚ունենայ բնական դաշտանային շրջան: Դաշտանային կրաֆիք պահելու պարագային, պէտք է հաշուի առնուի, որ մարմնական հիւանդութիւնները կ՚ազդեն կնոջ ընդհանուր ջերմութեան վրայ: