Աւելորդ կշիռքէ խուսափելու կամ անիկա բնական սահմաններուն մէջ պահելու համար, մարդիկ յաճախ բաւական լուրջ ճիգ կը թափեն, մինչդեռ գերմանացի մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ կան առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կը նպաստեն հասնելու փափաքելի արդիւնքի, առանց մեծ ջանքերու: Մասնագէտներ լուսարձակի տակ կ՚առնեն 6 սովորութիւն, որ կը պաշտպանէ աւելորդ կշիռքէ:
Առողջ քուն
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կը գիրնան քունի պակասին հետեւանքով: Բացատրութիւնը այն է, որ քունի պակասին պարագային, կը բարձրանայ սթրեսի հորմոնին՝ քորթիզոլի մակարդակը, որ նաեւ կը խթանէ ախորժակը: Մասնագէտները կը պնդեն, որ մարդը պէտք է քնանայ աւելի քան 7 ժամ, սակայն ոչ աւելի քան 10 ժամ: Լաւագոյն տարբերակը օրական 8-9 ժամ քնանալն է:
Արեւու լոյսը
Արթննալէ ետք, շատեր կը խուսափին վառ լոյսէն, սակայն գիտնականները կը պնդեն, որ գեղեցիկ ու սլացիկ կազմուածք ունենալու համար, մարդ պէտք է կարելի եղածին չափ շատ լոյս ստանայ: Արեւուն լոյսը կ՚աշխուժացնէ նիւթափոխանակութիւնը եւ քալորիներ այրելու գործընթացը: Օրական 20-30 վայրկեան բնական լոյս ստանալը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ օրկանիզմին վրայ, ուստի անհրաժեշտ է բանալ պատուհանները:
Կոկիկութիւն
Ամերիկացի գիտնականներու հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ առաւօտեան աշխատանքի երթալէ առաջ, անկողինը հաւաքող մարդիկ աւելի լաւ կը հակակշռեն օրուան ընթացքին առնուած սնունդին քանակը: Ընդհանուր առումով, գիտնականները կ՚ընգծեն, որ կոկիկ ու մաքրասէր մարդիկ սովորաբար աւելի սլացիկ կազմուածք մը կ՚ունենան:
Կշիռքի հսկողութիւն
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ամէն օր կշիռքը ստուգելու սովորութիւնը շատ արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն է աւելորդ ծանրութեան դէմ պայքարելու համար: Մասնագէտները խորհուրդ կու տան ամէն օր կշռուիլ առաւօտեան նախաճաշէն առաջ:
Նախաճաշել
Ամբողջական նախաճաշը շատ կարեւոր է կշիռքի պահպանման եւ ախորժակը հակակշռելու հարցին մէջ: Անիկա կը ճնշէ ախորժակը եւ անօթութեան հորմոնին՝ կհրելինին ազդեցութինը՝ թոյլ չտալով օրուան ընթացքին բնականէն շատ ուտել:
Բաւարար քանակութեամբ ջուր խմել
Աւելորդ կշիռքէ խուսափելու համար, մասնագէտները խորհուրդ կու տան առաւօտեան, արթննալէն անմիջապէս ետք, մեծ գաւաթով ջուր խմել, ինչպես նաեւ՝ բաւարար քանակութեամբ ջուր խմել օրուան ընթացքին: Ջուրը կ՚օգնէ օրկանիզմէն դուրս բերելու թոյները, կը խթանէ նիւթափոխանակութիւնը եւ կ՚արագացնէ մարսողութիւնը եւ առ այդ՝ կը պայքարի աւելորդ կշիռքի դէմ: