Բժիշկները եւ ընկերաբանները մտահոգուած են՝ տարուէ տարի մեծնալը տեսնելով անձնասպանութիւն գործողներուն թիւին:
Հոգեբանական այս աղէտին մասին կատարուած են որոշ հաստատումներ: Դիտուած է որ խաղաղութեան շրջանին, անհատական մտահոգութիւնները կը գերակշռեն՝ հաւաքական մտահոգութիւններուն վրայ. պատերազմներու ընթացքին, անձնասպանութիւններու թիւը էջքի մէջ է:
Ինքնասպաններուն երեք քառորդը այրեր են ու մէկ քառորդը՝ կիներ:
Ինքնասպանները աւելի հարուստ ու միջակորեար դասակարգէն են, քան աղքատներէն:
Ինքնասպան եղողներուն մեծ մասը ամուրիներ են կամ՝ ամուսնալուծուածներ:
Ինքնասպան եղողները յաճախ անգործներ են կամ՝ անաշխատ կեանք վարողներ:
Թէ Օգոստոս ամսուան մէջ չի պատահիր անձնասպանութեան դէպք:
Անձնասպան եղողները հոգեպէս ընկճուածներ են: Անոնց հոգիին մէջ, կենսունակութեան ջահը ինկած է ու մարած, եւ կը մխայ, ներաշխարհը լեցնելով ծուխերով ու ամպերով, եւ մարելով յոյսի ճրագները: Խաւարի մէջ են, ու խաւարը քաոսն է: Եւ քաոսի մէջ եղողը կ՚իյնայ կամայ ակամայ:
***
Կեանքը կ՚անուշնայ պատերազմի ընթացքին, որովհետեւ վտանգներուն դէմ դիմադրութեան կը դիմէ մեր հոգին: Խաղաղութեան ժամանակ նոր պայքարներ անհրաժեշտ են կեանքը համովցնելու համար: Ա՛նշուշտ այդ պայմաններէն մին կարելի չէ համարել պաղ պատերազմը, որ պաղ օձի պէս մեր կեանքը կը թունաւորէ: Ոչ ալ հայկական ներքին պայքարը, որ մեր կեանքը կ՚անհամցնէ:
Ուրեմն մարդ պատերազմի ու պայքարի մէջ է որ չի խորհիր ինքզինքը սպաննել, այլ սպաննել… ուրիշը:
Կեանքը կ՚անուշնայ նաեւ աղքատութեան մէջ: Անօթութիւնը կամ անկէ յառաջացած վախը՝ մեր ուղեղին մէջ մէկ մտածում միայն կը տնկէ.- կշտանալ: Անօթի մարդը կը մտածէ իր ու իրեններուն հացին մասին: Դիտուած է դարերէ ի վեր, որ անհատ կամ հաւաքականութիւն երբ աղքատ են, չեն դիմեր անձնասպանութեան: Նոյն անհատը կամ հաւաքականութինը հարստանալով է որ կը սկսին բուսնիլ միտքերու մէջ, ինքնասպանութեան տատասկները:
Հին Հռոմի մէջ, ազնուականներն էին որոնք կ՚ըլլային անձնասպան, բանալով իրենց բազկերակը. մինչդեռ գերիները, հակառակ իրենց տառապանքին, պինդ փարած էին կեանքին, երազելով իրենց ազատութիւնը:
Սպանիոյ մէջ, սպաննել չկար ինքզինքը. սակայն, երբ Ամերիկայի գիւտով հարստացան սպանացիները՝ սկսան գործել ինքնասպանութիւն: Բացառութեամբ Ճափոնի, պատկերը նոյնն է այսօր, ամենուրեք: Աղքատ երկիրներուն մէջ չկան անձնասպանութիւն գործողներ, մինչդեռ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ անձնասպաններու թիւերը կ՚աճին միշտ, մեծ մտահոգութիւն պատճառելով:
Կիները ընդունակ են կեանքը քաղցրացնելու եւ դարձնելու տանելի: Կիները ատակ են պզտիկ բաներով երջանկանալու, առանց մոռնալու մեծ բաները: Կնոջ մը համար կտաւ մը, կօշիկ մը, գլխարկ մը, գոհար մը, ծաղիկ մը կամ անուշահոտ մը՝ երջանկութիւններ են, որոնք կեանքը կը քաղցրացնեն: Կիներուն գինին է գոհարեղէնը, արիւնն է անուշահոտութիւնը, կիներուն մեղրն է մետաքսը, կիներուն հացն է հագուստը եւ կարկանդակն է կօշիկը, իսկ գուլպան՝ գինեբաժակը: Կիները եթէ նոյնիսկ ունենան երկու կեսուր՝ դարձեալ քաղցր կը գտնեն կեանքը, կը բաւէ որ իրենց ամուսինը զիրենք գգուէ ու գովէ: Այս մարզին մէջ կիները աւելի իմաստուն են այրերէն: Տակաւին աւելի Աստուածավախ են, ու չեն դիմեր անձնասպանութեան:
Կեանքը կ՚անուշնայ նաեւ ամուսնացածներուն համար: Ամուսնալուծուածներն ու ամուրիներն են առաւելապէս անձնասպան եղողները: Ոմանք կրնան մտածել որ ամուսնացած այր մը արդէն ինքնասպանութիւն գործած է. մասամբ ճիշդ է, եթէ ամուսնացածը հայ է ու կողակիցը՝ օտար:
Ամուսնացածն է որ կը ճանչնայ կեանքը ու կը ճանչցուի կեանքէն: Մանաւանդ զաւակներու տէր մէկն է, որ կը մտերմանայ կեանքին, ու կը կապուի անոր. կեանքն ալ կը գրկէ ու կը գգուէ զինքը: Ամուսնացածին մէջ, կ՚աւելնան կեանքին կապուելու թելերը: Ինք կը սիրէ կեանքը, կեանքն ալ իրեն կ՚օգնէ, կ՚օրհնէ, կը պատնէշէ, կը պաշտպանէ: Կեանքին հետ կատարեալ ծանօթութիւնը անհրաժեշտ է, ու այդ կ՚ըլլայ ամուսնութեամբ: Ամուրին անծանօթ է կեանքի բոլոր ցաւերուն ու ցնծութիւններուն, կեանքի բոլոր երեսներուն, ինչպէս նաեւ խորքին: Ամուրին տեսակ մը չէզոք է կեանքի մէջ: Ու չէզոքը կրնայ ջնջուիլ, կամ ոչնչացնել ինքզինքը:
Կեանքը կ՚անուշնայ աշխատողներուն համար, որոնք կը շինեն, կը ծնին, կը ստեղծագործեն մանաւանդ անո՛նք, որոնք կը ծառայեն կեանքի կոչումներուն: Անաշխատ մարդուն համար իմաստէ զուրկ է կեանքը, եւ անաշխատ մարդը մակաբոյծ մըն է: Աշխատութիւնը փայլ ու փեթակ կ՚ընծայէ կեանքին: Աշխատիլը աղօթել է, իսկ աղօթելը խօսիլ է Աստուծոյ հետ: Ներքին ու արտաքին աշխատանքներ կատարողները յարաժամ յարաբերութեան մէջ են Արարչութեան հետ:
Անաշխատ մարդուն միտքին կամ փորին մէջ է որ կրնայ մտնել Սատանան, ու զայն մղել անձնասպանութեան: Իւրաքանչիւր ինքնասպան հպատակ է Սադայելին:
Կեանքը կ՚անուշնայ Օգոստոսին, քանի որ այդ ամսուան մէջ չկան անձնասպանութիւն գործողներ, ինչպէս ցոյց կուտան վիճակագրութիւնները: Ինչպէս կ՚երեւի՝ Օգոստոսն է օգոստափառ ամիսը, որ ամէնուն առաւել կամ նուազ կը պարգեւէ թագաւորութիւն, ու մարդիկ արքաներու պէս կը զբօսնուն, մերթ ալ զբօսաշրջիկ դառնալով: Օգոստոսն է արդար անգործութեան, հանգիստի, հաճոյքի ու լաւատեսութեան ամիսը: Այն երկիրներուն մէջ ուր տարին տասներկու ամիս ներկայ է Օգոստոսը, անձնասպանութիւնը միտքէ իսկ չանցնող, անծանօթ մեղք մըն է:
***
Փա՜ռք Աստուծոյ, անձնասպանութիւնը հայկական հիւանդութիւն մը չէ:
Հայը ցաւի մէջ ըլլայ թէ ցնծութեան, հարուստ ըլլայ թէ հէք, կապուած է կեանքին… ոսկեշղթաներով: Հայը չի սպաններ ինքզինք. ուրիշներ են որ զինքը կը սպաննեն: Հայը պայքարող է, մերթ տխմարաբար: Հայը կը նախընտրէ տառապիլ ու ապրիլ: Հայը յուսահատիլ չի գիտեր: Հայուն գլխուն մէջ գտնուող կուտը որքան ալ ծռի, դժուար թէ դիմէ անձնասպանութեան:
Անձնասպանութիւնը յաճախ ժամանակաւոր խելագարութիւն մըն է: Հին հարց մըն է թէ՝ անձնասպան եղողները քաջե՞ր են թէ վատեր, վախկոտներ: Անձնասպան եղողները կեանքէն վախցողներ են, որոնք խենթի քաջութեամբ կը դիմեն մահուան:
Ուրեմն անձնասպանութեան մահացու մեղքը չգործելու համար պէտք է պայքարի մէջ ըլլալ, պէտք է ըլլալ աղքատիկ, պէտք է ըլլալ ամուսնացած, պէտք է հոգիին մէջ ունենալ Օգոստոսի արեւ, պէտք է ըլլալ… Հայ:
***
Այս առիթով անձնասպանութեան մասին մանրավէպ մը.
Լճակի մը անմարդաբնակ մէկ եզերքէն՝ մարդուն մէկը ջուրը կը նետուի, անձնասպան ըլլալու համար:
Այնտեղ գտնուող միակ անձը, խելագար մը, անմիջապէս լիճին մէջ ցատկելով՝ կ՚ազատէ ջրամոյն ըլլալ ուզողը:
Քիչ յետոյ, սակայն, ինքնասպանութեան որոշում տուողը կրկին կը նետուի ջուրը: Խենթը, որ քաջ լողացող մըն է, անգամ մը եւս լիճը մտնելով՝ անգամ մը եւս կ՚ազատէ յամառօրէն ինքնասպան ըլլալ ուզողը:
Երկու անգամ փրկուած մարդը՝ փոխանակ շնորհակալութիւն յայտնելու իր ազատարարին, կը սկսի խէթ խէթ նայիլ անոր, ու ապա կը յառաջանայ լճափէն:
Խենթը կը հետեւի անոր:
Մահուան թեկնածուն կը հանդիպի ծառի մը, կը մաքլցի, գօտին հանելով կը կապէ ճիւղի մը, իսկ միւս ծայրը օղակ մը շինելով կ՚անցընէ վիզին ու կը կախուի:
Խենթը կը նստի ծառին տակ ու կը նայի կախուածին:
Քիչ յետոյ, կը հասնին անցորդներ ու տեսնելով որ մէկը կախուած է ծառէն, բացատրութիւն կ՚ուզեն խենթէն, որ կը պատմէ ամէն ինչ:
Ու մէկը կը հարցնէ.
– Քանի որ երկու անգամ ջուրէն ազատեցիր, ինչո՞ւ ծառէն կախուելուն ալ արգելք չեղար…
Ու խենթը կը պատասխանէ.
– Ես կարծեցի որ շատ թրջած ըլլալուն համար է որ ճիւղէն կախուեցաւ, որպէսզի վրանգլուխը չորցնէ…: