Draper ընկերութեան արհեստագէտները ստեղծած են նոր ապարանջան մը, որու միջոցով կարելի է կատարել հոգեկան հիւանդութիւններու ախտաճանաչումը: Ապարանջանը կը կոչուի SysteMD (System with Sensors to Evaluate Mental Disorders – մտային խանգարումներու ախտաճանաչման համակարգ):
Fitness ապարանջանները այսօր շատ տարածուած են աշխարհի մէջ: Այս կաճէթները կրնան հետեւիլ եւ արձանագրել երակներու զարկին, քայլերու եւ այրած քալորիներու քանակը: SysteMD-ն, սակայն, բոլոր ապարանջաններէն կը տարբերի եւ կրնայ ախտճանաչել հոգեկան բեկումի եւ տագնապային (depression) վիճակի նշանները:
Այս համակարգի ամբողջական աշխատանքին համար նաեւ կը պահանջուի գլխուն հագցնել յատուկ սարք մը, որ կը նմանի թեթեւ սաղաւարտի կամ մազակալի: Իսկ ապարանջանները պէտք է հագցնել դաստակին եւ կոճին, ինչ որ առիթ կու տայ միաժամանակ հետեւելու սրտի զարկին, քրտինքի արտադրութեան քանակին, շնչառութեան եւ նոյնիսկ բիբի տրամագծին:
Այս ցուցանիշները կը հաւաքուին եւ կը վերլուծուին համակարգիչով, իսկ ախտաճանաճումը կը կատարուի անոնց հիման վրայ:
Ինչպէս գիտենք, հոգեկան հիւանդութիւններու մեծ մասին ախտաճանաչումը չի կատարուիր, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս չեն հասկանար, որ հարց ունին եւ պէտք է դիմեն մասնագէտի: Մինչդեռ depressionի բնորոշ ֆիզիքական նշանները կարելի է դիւրաւ յայտնաբերել, եւ այս սարքը առիթ կու տայ ընելու այդ մէկը: Իսկ ճիշդ ժամանակին սկսած բուժումը առիթ կու տայ depressionի տեւողության կրճատման եւ մարդու կեանքի որակի բարելաւման: