Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ընկերակցութեամբ, վերջերս այցելած է վարակումներու յատուկ «Նորք» հիւանդանոցը:
Շնորհիւ հիմնադրամի Մոնրէալի տեղական մարմնին նիւթական օժանդակութեան եւ համագործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, հիւանդանոցին տրամադրուած են թոքերու արուեստական շնչառութեան համակարգ մը եւ թուայնացած շարժական X-Ray սարքաւորում մը:
Վարակումներու «Նորք» հիւանդանոցին տնօրէն Մհեր Դաւիթեանց՝ Արսէն Թորոսեանին եւ Հայկակ Արշամեանին ներկայացուցած է սարքերու գործածութեան մարզերը:
Նախարարը իր խօսքին մէջ նշած է, որ թուայնացած շարժական X-Ray սարքաւորումը շատ կարեւոր է հիւանդանոցին համար, անոր կարիքը կար տարիներէ ի վեր: «Շատ կարեւոր է, որ հիմա` ձմեռնային եղանակին ստացանք այդ սարքերը եւ ոչ թէ աւելի ուշ, որպէսզի այս եղանակին բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցենք մեր բնակչութեան»,- ըսած է նախարար Թորոսեան: Նախարարը շրջած է հիւանդանոցին զինուորական բաժանմունքը, ուր կը գործէ նաեւ սնունդի մատակարարման նոր եւ որակեալ ծառայութիւնը: Նախարարը միաժամանակ ծանօթացած է բաժանմունքին մէջ մատուցուող միւս ծառայութիւններուն:
Նախարարը ապա շրջած է հիւանդանոցին մանկական բաժանմունքը, որ վերակահաւորուած է «Focus on Children Now» բարեգործական կազմակերպութեան շնորհիւ: Արդիական գոյքերով վերակահաւորուած են հիւանդներու եւ բուժքոյրերու սենեակները: Արսէն Թորոսեան գոհունակութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքին համար:
Հայկակ Արշամեան նշած է, որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը պիտի շարունակէ համագործակցիլ առողջապահութեան նախարարութեան հետ: «Պիտի փորձենք նաեւ բժիշկներու վերապատրաստութեան ծրագիր մը մշակել` «Առողջութիւն Հայաստանին» (Health for Armenia) խորագիրով»,- ըսած է հիմնադրամին տնօրէնը:
Մհեր Դաւիթեանց շնորհակալութիւն յայտնած է առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հերթական օժանդակութեան համար:
Նշենք, որ հիմնադրամին ֆինանսաւորումով, 2006-ին, հիմնովին նորոգուած էին հիւանդանոցին վերակենդանացման, աղիքային վարակումներու եւ վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքները: