ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Մեր կերած բոլոր ուտելիքներուն մէջէն ամենէն վնասակար ազդեցութիւնը մեր ակռաներուն վրայ ունի շաքարը: Ատամնաբոյժները միշտ կը թելադրեն, մանաւանդ փոքրիկներուն, շաքար պարունակող ուտելիքներ կարելի եղածէն չափ քիչ օգտագործել, իսկ ուտելէն անմիջապէս ետք բերանը ցօղուել, որպէսզի շաքարը չկպչի ակռաներուն ու չվնասէ անոնց:
Իսկ ինչո՞ւ շաքարը աւելի վնասակար է մեր ակռաներուն, քան որեւէ ուրիշ ուտելիք: Ինչպէս գիտէք մեր բերանին մէջ կան մեծ թիւով մանրէներ (Միքրոպ) որոնք կը բաժնուին երկու խումբի՝ օգտակար եւ վնասակար մանրէներ: Օգտակար մանրէները կը նպաստեն մեր բերնի առողջութեան պահպանումին, իսկ վնասակար մանրէները մեր կերած ուտելիքներուն հետ խառնուելով կը փակին ակռաներուն ու կը յառաջացնեն բարակ թաղանթ մը, որ կը կոչուի ատամնափառ (Dental plaque): Այդ ատամնափառին հիմնական բաղկացուցիչ մասը՝ մանրէներուն հետ միասին կը կազմեն տարբեր տեսակի շաքարները, ինչպէս՝ glucose, lactose, fructose, որոնք մանրէներուն նախասիրած սնունդն են: Մանրէները բոլոր սննդանիւթերէն աւելի կը նախընտրեն այդ շաքարները, որովհետեւ անոնք աւելի դիւրին եւ արագ կը քայքայուին եւ մեծ քանակութեամբ ուժ կը պարունակեն, ինչ որ անհրաժեշտ է մանրէներուն գոյատեւման ու բազմացման համար:
Ատամնափառին մէջ գտնուող այդ շաքարները քայքայելու եւ իւրացնելու համար, մանրէները կ՚արտադրեն յատուկ նիւթ մը, որ խառնուելով շաքարին, կը յառաջացնէ թթուային (acidic) նիւթեր, ինչպէս օրինակ՝ կաթնաթթու (lactic acid): Այս թթուային նիւթերը եթէ երկար ժամանակ ակռաներուն վրայ մնան, ժամանակի ընթացքին կը քայքայեն ակռաներուն դուրսի կարծր շերտը, որ կը կոչուի enamel ու կը պաշտպանէ ակռաները եւ փայլք կու տայ անոնց: Երբ enamel-ը սկսի քայքայուելու, անոր վրայ կը յառաջանան փոսիկներ:
Սկզբնական շրջանին, թուքին մէջ գտնուող հանքային նիւթերը (calcium, phosphorus եւն…) կը փորձեն լեցնել այդ փոսիկները ու վերականգնել enamel-ը, սակայն եթէ երկար ժամանակ ատամնափառը չհեռացուի ակռաներուն վրայէն, անոր մէջի մանրէները շատ արագ կը բազմանան ու անոնց կողմէ շաքարի քայքայումը կը շարունակուի աւելի մեծ թափով եւ աւելի մեծ քանակութեամբ թթուային նիւթեր կ՚արտադրուին: Այս պարագային, հանքային նիւթերը չեն հասնիր վերականգնելու enamel-ը եւ անոր վրայ յառաջացած փոսիկները խորանալով կը հասնին ակռաներուն երկրորդ կարծր շերտին, որ կը գտնուի enamel-ին տակ ու կը կոչուի dentin: Dentin-ը enamel-ին չափ կարծր չէ ու անոր քայքայումը արդէն վերականգնելի չէ, ուստի երբ այս շերտը սկսի քայքայուելու, ակռան կը փտի ու անոր վերականգնումը կարելի կ՚ըլլայ միայն ատամնաբոյժի միջամտութեամբ:
Այսպիսով շաքարը ըլլալով կպչուն նիւթ մը, շատ դիւրութեամբ կը փակչի մեր ակռաներուն ու երկար ժամանակ մնալով այնտեղ, մանրէներու միջոցով կը վերածուի թթուային նիւթի մը ու կը փճացնէ ակռաները: Նկատի առնելով որ քաղցր ուտելիքները համեղ են ու հաճելի եւ ամբողջութեամբ անոնցմէ հրաժարիլը դժուար է, քանի մը կարեւոր թելադրանք կատարելով կարելի է միեւնոյն ժամանակ թէ՛ քաղցր ուտելիքներուն հաճոյքը վայելել եւ թէ ակռաները առողջ պահել:
Առաջին թելադրանքը բնականաբար շաքարի նուազ օգտագործումն է: Պէտք է ամէնօրեայ սնունդին մէջէն կարելի եղածին չափ պակսեցնել շաքար պարունակող ուտելիքներն ու զովացուցիչ ըմպելիքները: Կարելի է նաեւ քիչ մը նուազեցնել սուրճին ու թէյին մէջի շաքարը:
Երկրորդ՝ քաղցր ուտելիք մը ուտելէն անմիջապէս ետք ցօղուել բերանը, իսկ եթէ ուտելիքը կպչուն է ու ցօղուելով չի մաքրուիր, անպայման վրձինով մաքրել:
Երրորդ՝ եթէ սովորութիւն ունիք օրուան ընթացքին յաճախակի քաղցրաւենիք ու քաղցր ըմպելիքներ օգտագործելու (sugary snacks), այդ սովորութենէն պէտք է հրաժարիք ու աւելի օգտակար snack մը գտնէք, օրինակ՝ խնձոր մը կամ ստեպղին մը ուտէք:
Չորրորդ՝ կարելի է շաքարը փոխարինող տարբեր նիւթեր օգտագործելով պատրաստել քաղցրեղէններ ու քաղցր ըմպելիքներ ու անոնցմով գոհացնել քաղցրի պահանջը:
Ինչպէս որ ըսի, քաղցր ուտելիքներէն ամբողջութեամբ հրաժարիլը թէեւ դժուար է, սակայն առողջութիւնը աւելի կարեւոր է: Անուշ ըլլայ, կերէ՛ք քաղցրեղէն, սակայն՝ չափաւոր, ու լաւ խնամեցէք ձեր ակռաները: