Սեխը օգտակար սնունդ է, սակայն ոչ ամէն մարդ կրնայ ուտել զայն, կը պնդեն կարգ մը մասնագէտներ:
Օրինակ, պէտք չէ սեխ տալ մինչեւ 2 տարեկան երեխաներուն, որովհետեւ անիկա կրնայ ստամոքսի խանգարում յառաջացնել անոնց մօտ: Նաեւ, կը թելադրուի սեխ չուտել աղիքաստամոքսային հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի պարագային:
Յատուկ վտանգ կը ներկայացնեն մեծ պարունակութեամբ բորակատ (nitrate) պարունակող սեխերը, որոնք կը զանազանուին կոշտ երակներով: Նման պտուղներ ընդհանրապէս վտանգաւոր են երեխաներուն, տարեցներուն, քրոնիք հիւանդութիւններէ տառապող մարդոց, յղիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն համար:
«Մարդկային մարմնին մէջ բորկատը կը վերափոխուի բորակային կազի (nitrites) կ՚ըսեն մասնագէտները: Բորակային կազը կ՚արգելափակէ արենագնդինը (hemoglobin), որ կը մատնուի անգործութեան, եւ հիւսկէնները կը դադարին շնչելէ: Կը խախտի նիւթափոխանակութիւնը»:
Մասնագէտները միաժամանակ կը նշեն, որ սեխը օժտուած է մեծ թիւով օգտակար յատկութիւններով: Սեխը կը պարունակէ քալսիում, փոթասիում եւ մակնիզիում: Անիկա կը մաքրէ մարմինը, եւ կ՚օգնէ վերականգնելու թունաւորումէ յետոյ:
Սեխը նաեւ կը նպաստէ դուրս բերելու ծանր մետաղներու աղերը: Սեխին մէջ առկայ քալսիումը կ՚ամրացնէ սրտին մկանը, մարմինէն դուրս կը հանէ հեղուկի աւելցուկը եւ կը վերացնէ այտուցները: Քալսիումը կ՚ամրացնէ ոսկորները, ակռաները, կը զօրացնէ մազերը եւ եղունգները: Մակնիզիումը կը հանգստացնէ նեարդերը եւ կը լայնցնէ անօթները:
Ֆոլաթթուն (Folic acid), որով հարուստ է սեխը, օգտակար է կիներուն եւ երեխաներուն համար. անիկա կը պահպանէ նեարդային համակարգը, ինչպէս նաեւ՝ կը չէզոքացնէ մարմնին մէջ գտնուող հոմոսիսթէյնի (homo-cysteine) ազդեցութիւնը, որ աւելնալու պարագային կը յառաջացնէ բորբոքային վիճակներ: Սեխին մէջ գոյութիւն ունեցող քարօթէնոյտները (carotenoids) կը բարելաւեն տեսողութիւնը: