Միսը սխալ պահելը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, ուստի շատ կարեւոր է կիրարկել անոր պահպանման բոլոր կանոնները:
Մ. Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու (CDC) մասնագէտները խորհուրդ կու տան արդէն պատրաստուած միսը պահելու մի-այն կտրատուած վիճակի մէջ. միսի մեծ կտորները` տապկուած կտորները, թէ ամբողջական հնդկահաւը, խորհուրդ կը տրուի բաժնելու ոչ մեծ չափերու` աւելի արդիւնաւէտ սառեցման համար:
Ինչպէս կը գրէ Eat This, Not That! պարբերականը, մասնագէտները խորհուրդ կու տան պատրաստուած միսը սառնարանին մէջ ձգել 4 աստիճանի պայմաններուն մէջ: Անիկա պէտք է սառնարան դնել 2 ժամուան ընթացքին: Եթէ ուտելիքը արդէն մնացած է ինքնաշարժին մէջ կամ արեւին տակ, զայն պէտք է սառեցնել մէկ ժամուան ընթացքին կամ թափել:
Միսը սառեցնելը կը դանդաղեցնէ անոր մէջ մանրէներու առաջացումը, որոնք յետոյ կրնան վարակել մարդը:
Մասնագէտներու համաձայն` աղիքային ցուպիկը եւ սալմօնելան ծանօթ մանրէներ են, զորս կարելի է գտնել միսին մէջ: Եթէ անձ մը միս ուտելէ ետք, վարակուած է անոնցմէ որեւէ մէկով, անոր մօտ կրնայ սննդային թունաւորում յառաջանալ:
Օրինակ, աղիքային ցուպիկը կրնայ յառաջացնել ծանր հիւանդութիւններ` լուծ, միզուղիներու վարակներ, շնչուղիներու հիւանդութիւններ եւ վարակներ արեան շրջանառութեան ուղիներուն մէջ:
Գիտնականներու համաձայն, պատրաստի baconը կամ երշիկը կրնան ապահով մէկ շաբաթ պահուիլ սառնարանին մէջ` 4 եւ աւելի ցած աստիճաններու պարագային: Տաւարի միսը կամ թռչնամիսը սառնարանին մէջ կարելի է պահել միայն 3-4 օր: