Որոշ մասնագիտութիւններ առանձնապէս մարդիկ խոցելի կը դարձնեն COVID 19-ի դէմ, կը պնդեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական գիտութիւններու հիմնարկին գիտնականները:
Ինչպէս որ կը նախատեսուէր, առաջին տեղը կը գրաւեն բժշկական-առողջապահական մարզին մէջ աշխատողները: Անոնք ամէնօրեայ շփումի մէջ են հիւանդներու հետ, եւ առաջին հերթին անոնք ենթակայ են վարակուելու վտանգին, նաեւ՝ հետագայ բարդութիւններուն:
Երկրորդ տեղը կը գրաւեն ուտեստեղէնի եւ գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ աշխատողները: Բաղդատած մահացութեան սովորական մակարդակին, այս մարզերուն մէջ այս համեմատութիւնը աճած է 39 առ հարիւրով: Ապա, յաջորդ տեղը կը գրաւեն փոխադրամիջոցներու եւ պարէնաւորումի մարզին մէջ աշխատողները: Այս մարզին մէջ մահացութեան համեմատութիւնը աճած է 28 տոկոսով:
Վտանգաւոր մարզ կը նկատուի ճարտարարուեստն ու արդիւնաբերական մարզը (27 տոկոս):
Գիտնականները նման թիւերու յանգած են վերլուծելով Քալիֆորնիոյ մէջ Մարտէն Հոկտեմբեր 2020 COVID 19-ով վարակուած հիւանդներու տուեալները: Ընդհանուր առմամբ, այս ժամանակահատուածին մէջ, նոյն շրջանին մէջ մահացութեան մակարդակը աճած է 22 տոկոսով: