Տուրմը (Շոքոլան) կրնայ բարձրացնել ձեր տրամադրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ տրիփթօֆան՝ նիւթ մը, որ կը նպաստէ էնտորֆիններու (ծանօթ իբրեւ «երջանկութեան հորմոններ») արտադրութեան, կը նշէ բժիշկ-սննդաբան, Ռուսիոյ բժշկական-կենսաբանական գործակալութեան փրոֆէսոր Մարգարիտա Քորոլեօւա:
Անոր համաձայն, տուրմին միայն անունը լսելը բաւարար է մարդոց օրկանիզին մէջ էնտորֆիններ արտադրելու: Ուտելով այս քաղցրաւենիքը` մարդ ուրախութիւն եւ հաճոյք կը ստանայ բերանի խոռոչի ընկալուչներուն միջոցով, որմէ ետք գրգիռը կարճ ճամբով կը շարժի դէպի հաճոյքի կեդրոն, ինչ որ կը յանգի էնտորֆիններու արտադրութեան:
Ինչպէս նշած է մասնագէտը, շոքոլան աւելի լաւ է պահել բերանին մէջ, անոր համը ամբողջովին վայելելու համար:
Այս ուտելիքը «ամէնօրեայ ուրախութեան գործօն է», սակայն չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ վտանգաւոր դառնալ: Մասնագէտը կ՚առաջարկէ օրական երկու-երեք կտոր շոքոլա ուտել տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար:
Ան նաեւ խորհուրդ կու տայ ընտրել առնուազն 70-80 տոկոս քաքաոյի պարունակութեամբ շոքոլա: «Շոքոլայի չափէն աւելի օգտագործումը պատճառ կը դառնայ կշիռքի յաւելումին, կամացկամաց կը սկսի ձեւաւորուիլ ինսուլինի դիմադրութիւն, սննդականոնը բաւարար պիտի չըլլայ նպաստելու աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարին»,- կ՚ըսէ մասնագէտը: