Կրծքավանդակի ցաւը կրնայ կապուած ըլլալ սրտանօթային հիւանդութիւններու, բայց միշտ չէ, որ ան լուրջ հիւանդութեան ազդանշան կրնայ ըլլալ:
Նոյնիսկ եթէ կրծքավանդակի ցաւը զօրաւոր է, ան կրնայ կապուած ըլլալ այնպիսի վիճակներու, որոնք լուրջ սպառնալիք չեն ներկայացներ: Մասնաւորապէս, ան կրնայ տեղի ունենալ սթրեսի, տագնապայնութեան եւ երկարատեւ ջղային խախտումներու հետ:
Ինչպէ՞ս գիտնալ, որ կրծքավանդակի ցաւը վտանգաւոր է
Տեւողութիւնը.- Զօրաւոր կայուն ցաւը ազդանշան է բժիշկին դիմելու անհրաժեշտութեան, կ’ըսեն «Times of India» պարբերականին բժշկական փորձագէտները: Անոնք խորհուրդ կու տան դիմելու օգնութեան, եթէ ցաւը հինգ վայրկեան ետք տակաւին չէ անցած:
Ախտանշանները.- Եթէ կրծքավանդակի ցաւը լուրջ հարցեր կը ստեղծէ, ապա կը նշմարուին նաեւ՝
– հեւոց
– պաղ քրտինք
– սրտխառնուք
– յոգնածութիւն
– թուլութիւն, վատ զգացողութիւն
– խառնափնթոր գիտակցութիւն
– ձեռքերու, մէջքի, ծնօտի ցաւեր:
Ինչի՞ նշան է կրծքավանդակին մէջ յառաջացած ժամանակաւոր անհանգստութեան զգացողութիւնը
Երբ ծակող ցաւը առաջ եկած է յանկարծակի եւ շատ կարճ տեւողութեամբ (ակնթարթ), ան կրնայ բացատրուիլ կողերու վնասուածքով կամ մկաններու պրկուածութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ կրծքավանդակի բորբոքումով, ֆիպրոմիալճիայով (fibromyalgia) կամ գօտեւորող քարաքոսով` հիւանդութիւն մը, որ կը նմանի ջրծաղիկին:
Կրծքավանդակի ցաւ աջ կողմը.- Ան յաճախ կապուած է թոքերու խնդիրներուն, օրինակ` առաջ կու գայ թոքաբորբի կամ թոքային մէկ այլ վարակի պարագային եւ «asthma»-ի նոպաներու ժամանակ:
Կերակրափողի պրկումներ (spasm).- Գոյութիւն ունի խանգարում մը, որուն պարագային առաջ կու գան կերակրափողի անբնական վիճակներ. մարդը յանկարծակի զօրաւոր կրծքավանդակի ցաւ մը կը զգայ, որ կը տեւէ քանի մը վայրկեանէն մինչեւ քանի մը ժամ: Այդ ցաւը դիւրութեամբ կարելի է շփոթել սրտի տագնապի հետ: