Շաքարախտէ տառապողները պարտաւոր են հետեւելու յատուկ սննդականոնի` արեան մէջ շաքարի մակարդակին կործանարար վերիվայրումներէն խուսափելու համար:
Անոնք ստիպուած են հրաժարելու որոշ պտուղներէ, սակայն կան նաեւ այնպիսի պտուղներ, որոնց glycemic indexի համեմատութիւնը ցած է եւ շատ օգտակար են շաքարախտի պարագային:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այն պտուղները, որոնք անպայման պէտք է ներառնել շաքարախտէ տառապողներու սննդականոնին մէջ:
Նուռ
Նուռը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը, յատկապէս տարեցներու մօտ: Նուռը կը պարունակէ antioxidantներ, որոնք կը պաշտպանեն արիւնատար անօթներու ներքին թաղանթը:
Տանձ
Տանձը ունի glycemic indexի շատ ցած համեմատութիւն, հետեւաբար սքանչելի սնունդ է շաքարախտէ տառապողներու համար: Տակաւին, անիկա հարուստ է մակնիզիումով, երկաթով, կալսիումով, ինչպէս նաեւ՝ С, Е ու К կենսանիւթերով:
Դեղձ
Դեղձը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ մանրաթելեր (fiber), փոթասիում եւ A ու C կեն-սանիւթեր: Glycemic index համեմատութիւնը նաեւ բաւական ցած է դեղձին մէջ:
Քանթալուփ (cantaloupe – սեխի տեսակ)
Սեխի այս տեսակը շատ օգտակար է շաքարախտի պարագային: Անիկա հարուստ է փոթասիումով, որ կը նպաստէ զարկերակային ճնշումի կարգաւորման եւ կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը: Քանթալուփը հարուստ է նաեւ վիթամին C-ով ու beta-caroteneով:
Խնձոր
Մանրաթելերով հարուստ այս պտուղը կը պարունակէ նաեւ փեքթին (pectin), որ շատ կարեւոր է շաքարախտէ տառապողներուն համար, որովհետեւ կ՚օգնէ վերահսկողութեան տակ պահելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Տակաւին, այս պտուղը հարուտս է quercetinով, որ կը խթանէ ինսուլինի արտադրութիւնը:
Պանան
Կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ փոթասիում եւ մակնիզիում, որոնք կը նպաստեն զարկերակային ճնշումի կարգաւորման եւ առհասարակ շատ օգտակար են սրտամկանին համար: Պանանը ունի կուշտ պահելու յատկութիւն` կանխելով այլ ուտելիքներու գործածութիւնը, հետեւաբար անիկա հիանալի սնունդ է շաքարախտէ տառապողներուն համար:
Մանկօ
Մանկօն հարուստ է շարք մը օգտակար նիւթերով, ինչպէս C եւ A կենսանիւթերով եւ folate-ով: Այս կարեւոր տարրերուն շնորհիւ անիկա զգալիօրէն կը բարելաւէ շաքարախտէ տառապողներուն ինքնազգացողութիւնը:
Քիուի
Քիուին մէջ գտնուող վիթամին C-ն եւ փոթասիումը կ՚օգնեն բարելաւելու մարմնի դիմադրողական եւ սրտանօթային համակարգերուն աշխատանքը, հետեւաբար, այս պտուղը պէտք է անպայման ներառուի շաքարախտէ տառապողներու սննդականոնին մէջ:
Աւոքատօ
Աւոքատոն հարուստ է monounsaturated ճարպերով, որոնք հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունին: Միւս կողմէ, այս պտուղը գրեթէ շաքար չի պարունակեր, ուստի օգտակար է ո՛չ միայն շաքարախտէ տառապողնե-րուն, այլեւ նիհարնալ փափաքողներուն համար:
Նարինջ
Այս պտուղին օգնութեամբ կարելի է օրգանիզմը յագեցնել վիթամին C-ի օրական չափաբաժինով: Անիկա ունի շատ ցած ջերմուժ եւ glycemic index, հետեւաբար հիւանդները կրնան գրեթէ անսահմանափակ քանակութեամբ նարինջ ուտել: Նարինջ կը պարունակէ նաեւ փոթասիում եւ folate, որոնք կը կանոնաւորեն զարկերակային ճնշումը:
Թուրինջ
Թուրինջը կը պարունակէ վիթամին C: Օժտուած է նաեւ արեան մէջ շաքարի մակարդակը կարգաւորելու յատկութեամբ, հետեւաբար շատ օգտակար է շաքարախտի պարագային:
ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ ՆԱՐԷ ԳԱԼՄԳԵՐԵԱՆ