1969-Ի ԽՈՀԵՐ
ՏՈՔԹ. Ս. ՍԻՍԵՌԵԱՆ
«ԲԺԻՇԿ» ԱՄՍԱԹԵՐԹ – ԺԴ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 7
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1969
Հին տարուան վերջաւորութեան եւ նորի սկիզբին, ինչպէս իւրաքանչիւրս կ՚ունենայ խորհրդածութիւններ անցեալի եւ ապագայի մասին, այդպէս ալ ուզեցինք մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ նայիլ գալիք օրերուն, տեսնելու համար թէ մեզի ի՞նչ կը վերապահեն Գիտութիւնը եւ Բժշկութիւնը իրենց յառաջդիմութիւններով, որոնք անկասկած լեցուն են անակնկալներով:
***
Դարերու ընթացքին մարդկութեան արձանագրած յառաջդիմութիւնը՝ այսօր ձեռք կը բերուի տասնեակ մը տարիներու ընթացքին: Մարդկութեան թիւն ալ հետզհետէ կը կ՚աճի:
Քրիստոնէական շրջանի սկիզբը, մարդկութեան թիւը երկուքէն երեք հարիւր միլիոն էր հազիւ: 16-րդ դարուն, այս թիւը կրկնապատկուեցաւ՝ հասնելով 600 միլիոնի: 1850-ին՝ 1 միլիառ, 1930-ին՝ 2 միլիառ, իսկ այսօր, երեքուկէս միլիառ, եւ 2000 թուականին կրկնապատկուելով՝ պիտի ունենանք 7 միլառ:
Գիւտերը արագընթաց իրարու յաջորդելով՝ այս արագութեան մէջ, մարդը իր ապրելակերպը եւ բժիշկը՝ իր դարմաներլու եղանակը յաճախակի փոփոխութիւններու պիտի ենթարկեն եւ անկարելի չէ, որ քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, բժիշկին դերը ըլլայ միայն դատողի դեր մը, զանազան մեքենաներով ստացուած թեքնիք արդիւնքներու վրայ: Ուրեմն, հակառակ մեքենաներու գերազանցումին, բժիշկը մի՛շտ պիտի մնայ անփոխարինելի՝ աշխատելով մարդկային դարձնել բժշկութիւնը, չըսենք գործը, այլ անոր առաքելութիւնը, որովհետեւ բացի մեքենաներու առարկայական մօտեցումէն, մասնագէտ բժիշկներուն ալ չափազանցեալ մասնագիտանալովը՝ հիւանդը կը վերածուի առարկայի մը, որ ինչպէս ինքնաշարժ մեքենայի մը պատրաստութեան պարագային՝ կ՚անցնի զանազան մասնագէտներէ, սենեակներէ ու կը վերածուի խաւաքարտէ ֆիշի մը: Բժիշկը տակաւին հազիւ քանի մը բառ խօսած հիւանդին հետ՝ դեղագիր մը կ՚արձանագրուի եւ դեղարան գործիքը հիւանդանոցի ելքին կու տայ դեղեր, հիւանդին ձեռքը: Հիւանդ եւ բժիշկ իրարու հանդէպ այսքա՛ն օտար, ո՞ւր կը մնան ապա մարդկային սիրոյ եւ միասնականութեան գաղափարները:
2000 թուականին քանի մը տասնեակ տարիներ մնացած, այսօր մեզի կ՚այցելէ այն խորհրդածութիւնը, թէ բժիշկին մտային եւ հիւանդ քննելու պատրաստութիւնները զուգահեռ չեն յառաջանար: Թեքնիք յաջողութիւններու հետ կարեւոր է մարդկայնականութիւնը (հիւմանիզմ), որ պէտք է իր արժանի տեղը գտնէ այս գիտական, մտային ներամբարումին մէջ:
Լուի Արման կ՚ընդգծէ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը հիւմանիստ (մարդասէր) միտքի եւ գիտական միտքի միջեւ, բայց այս միութիւնը այսօր, դժբախտաբար, մասնագիտացումի սպառնալիքին տակն է:
***
Առողջապահական Միջազգային Կազմակերպութիւնը (OMS) առողջութիւնը կը սահմանէ այսպէս.- «Ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային կատարեալ առողջ վիճակ մը եւ ոչ թէ հիւանդութեան կամ կարողութեան մը բացակայութիւնը»:
Ուրեմն, այսօր հիւանդ ըլլալու համար անհրաժեշտ չէ որ հիւանդը ունենայ օրկանային արատներ եւ կամ քննութեամբ հաստատուելիք հիւանդութիւն մը: Ապագայ բժիշկը առաւել չափով պիտի տեսնէ՝
– Քաղաքակրթութեան հիւանադութիւններ (ասթմ, եւայլն):
– Չկարենալ համակերպելու հիւանդութիւններ (ջղային դրութեան հիւանդութիւններ, ալերժի, սրտանօթային հիւանդութիւններ, եւայլն):
– Արկածային վիրաբուժական հիւանդութիւններ (մեքենաներու թիւին եւ տեսակին բազմանալը):
Իսկ ուրիշ հիւանրութիւններ ալ պիտի պակսին.-
– Գիւտերու շնորհիւ համաճարակներ, մանրէական հիւանդութիւններ պիտի պակ-սին, նոյնիսկ ոմանք պիտի անհետանան եւ պատմական դառնան:
– Նորածիններու եւ յղութեան ընթացքին մահացութիւնը եւ ծննդաբերութեան մահացութիւնը պիտի պակսին:
– Քաղցկեղը պիտի սանձուի:
– Սրտանօթային, սննդային հիւանդութիւններ պիտի ունենան իրենց դարմանումը:
Բժշկութիւնը երկու երես պիտի ունենայ. բարձրագոյն թեքնիքնեով բժիշկներ, որոնք առհասարակ գործ պիտի չունենան ուղղակի մարդուն հետ կամ մարդուն հետ պիտի զբաղին իբրեւ առարկայ, լապորաթուարի կենդանի (մուկի կամ կապիկի պէս): Երկրորդ կարգի մարդկային եւ ընկերային հոգեկան բժիշկներ, որոնք պիտի զբաղին հիւանդին հետ՝ մտերիմ եւ յարգալից վերաբերում ցոյց տալով դէպի անոր անհատականութիւնը:
Յառաջդիմութեան անմիջական արդիւնքը՝ մարդը երկար պիտի ապրի: Յարաջիկայ դարուն, հիմակուան 60 ապրողը պիտի ապրի 80 եւ մեքենաները, որոնք օրէ օր աւելի կարող պիտի ըլլան՝ պիտի պակսեցնեն աշխատանքի ժամերը, մարդիկ աւելի պարապ ժամեր պիտի ունենան պարապելու համար աշխատանքէ դուրս ուրիշ զբաղումներով, անշահախնդիր զբաղումներ, ինչ որ պիտի ստեղծէ նաեւ բժիշկին ընկերային խնդիրներ եւ անհրաժեշտութիւնը՝ կազմակերպելու, դասաւորելու գործի ժամերէն դուրս մնացած հանգիստի ժամերը եւ օրերը: Այն ատեն միայն մարդը կրնայ երկար ապրիլ, երբ յաղթէ յոգնութեան, ձանձրոյթին, հիւանդութեան եւ արկածներուն:
ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՂՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Այսօրուան գիւտերը պիտի ազդեն յառաջիկայ 10-20 տարիներու մեր առողջութեան վրայ:
– Միջավայրի առողջապահութիւնը պիտի փոխուի:
– Վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարը աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ:
– Սննդային հիւանդութիւնները պիտի պակսին:
– Քաղցկեղի դէմ պայքարը յաղթանակներ պիտի արձանագրէ:
– Սրտանօթային հիւանդութիւնները լաւագոյն ուսումնասիրութիւնով եւ անոնց մարմնի քիմիաբանութեան հետ ունեցած յարաբերութիւններու լաւագոյն գիտակցութեամբ պիտի կրնանք երեւան հանել զսպելու կարելիութիւնը այս հիւանդութեանց, որոնք մահացուներէն կը համարուին:
– Փնտռտուքներ հիւսկէններու եւ օրկաններու քիմիաբանութեան մէջ, որոնք կրնան լուսաբանել ծերանալու իրողութեան մասին, ինչ որ պիտի թոյլատրէ աւելի հեռացնել ծերունական մահը մեզմէ:
– Պիտի կրնանք աւելի լաւ ծանօթանալ պատճառներուն մտային խանգարումներու եւ պիտի ունենանք ճշգրիտ ախտաճանաչում, տեղին դարմանում, որ աւելի ազդու է:
– Նոր անթիպիոթիքներու (մանրէասպան) գիւտը վիրիւսներու (ժահր) դէմ:
Հակառակ բոլոր վերյոշեալներուն, մարդկութիւնը պիտի ենթարկուի զանազան վնասական ազդեցութիւններու, եւ եթէ ասոնց դէմ արգելք չհանդիսանանք՝ կրնան չէզոքացնել մեր յուսացած յջողութիւնը:
Այս ազդեցութիւնները հետեւեալներն են.-
– Քիմիական նիւթերու ազդեցութիւնը, որոնք մեր մրջապատին մէջ խառնուած են՝
– Մակաբոյծներու դէմ գործածուած նիւթեր:
– Սնունդներու մէջ համ, գոյն կամ պա-հածոյ դարձնելու յատկութիւն ունեցող քիմիական նիւթեր:
– Հիւլէական թափթփուկ, աւելորդ նիւթեր:
– Օդի, հողի, ջուրի եւ ձայնի ապականումներ եւ խաթարումներ:
– Քաղաքազարթման (իւրպանիզմ) անբաւարար ըլլալուն պատճառով վատառողջ վիճակը, ընկերային անհամակերպումը, ժողովուրդի թիւին յաւելումը, թմրեցուցիչ դեղերու գործածութեան աղէտը:
Հակառակ այս վերապահութիւններուն, Տոքթ. Քանտօ կ՚ըսէ. «Այս բոլորին դէմ յանդիման, եթէ նկատի ունենանք ճիգերը դէպի առողջութիւն՝ հաշուեկշիռը կարծեմ պիտի մնայ նպաստաւոր եւ վերջ ի վերջոյ, մարդը պիտի ըլլայ շահողը, ունենալով լաւագոյն առողջութիւն մը, պիտի վայելէ աւելի հարուստ, աւելի լեցուն եւ աւելի երկար կեանք մը»:
Երկարակեցութիւնը մէկուկէս դարու ընթացքին, միջին տարիքի յոյսը մարդու կեանքին, իր ծնունդին, գրեթէ այսօր կրկնապատկուած է: Զարգացած երկիրներու մարդիկ, միջին հաշուով ունին յոյսը, ապրելու 75 տարի եթէ այր են, իսկ 80՝ եթէ կին են, մինչդեռ, նախապատմական մարդը կ՚ապրէր 20-էն 40 տարի:
Յառաջիկայ թեքնիք յառաջդիմութիւնները պիտի շրջեն դերերը. մարդը պիտի ստորագրէ նաեւ իր հրաժարականը գործօն ըլլալէ եւ մեքենան որ ինքը շինած է՝ իր տեղ պիտի գրաւէ օրէ օր, իրեն ձգելով մինակ օժանդակի պաշտօնը, մինչդեռ օժանդակի պաշտօնը նախապէս մեքենան ունէր:
Գիւղերը պիտի պարպուին եւ 21-րդ դարու սկզբին աշխարհի բնակչութեան 3/4-ը քաղաքի եւ անոր անմիջական շրջապատին մէջ պիտի բնակի, որովհետեւ աղմկալից մեքենաները հեղձուցիչ կազերով թունաւորած են մթնոլորտը եւ կանաչ դաշտերը պակսած, որոնք անհրաժեշտ են մարդու աչքերու եւ հոգիի հանգստութեան. ձայները պիտի աւելնան եւ մարդը դիւրագրգիռ արարած մը պիտի ըլլայ: Իր վրայ ազդող դրդապատճառները օրէ օր պիտի զարգանան եւ շեշտուին: Ասոնք են՝
Յոգնութիւնը, աղմուկը, շուրջի ամբոխի ճնշումը, փրոփականտը, փիւպլիսիթէն, հոգեկան լլկումը, անկախականութեան չէզոգացումը:
2000 թուականին, այնպիսի կացութիւն մը պիտի ստեղծուի, որ օրտինաթէօրները, որոնք ոչ կը յոգնին, ոչ ալ անտրամադիր կրնան ըլլալ որեւէ ժամանակ՝ պիտի գլեն անցնին մարդը, որովհետեւ անոնք պիտի կրնան ունենալ մարդու պէս յուզումներ, զգացումներ, նախընտրութիւններ, հոգեր եւ պիտի գիտնան անոնցմէ զերծ մնալ, ունենալ ինքնապահպանման բնազդը, արուեստի զգացումը: Ծննդաբերական բեղմնաւորումներու վրայ պիտի կրնայ ազդել մարդը. մինչեւ յառաջիկայ 10 տարիներուն, պիտի կրնանք ընտրել ծնուելիք մանուկին սեռը, տղայ թէ աղջիկ: Լ.Ս.Տ.ի գործածութեամբ կրնայ ընկերութեան մէկ մասը թերեւս անգործածելի դառնալ, երջանիկ կամ վտանգաւոր:
Օրկաններու փոխպատուաստումը մար-դէ մարդ՝ դժուարին կացութիւններ պիտի ստեղծէ: Օրինակի համար, սեւամորթ իշխանը կրնայ սպաննել որեւէ ժամանակ իր ծառան, հայթայթելու համար սիրտ մը վիրաբոյժին, երեւելի անձնաւորութեան մը սիրտին հետ փոխանակելի: Կամ անդին, երբ երիկամունք մը ներկայանայ, սպասող երկու հիւանդներէն որո՞ւն տալ որ չմեռնի եւ երբ որոշումը վիրաբոյժը առնէ, ինչպէս վերջերս պատահեցաւ, վիրաբոյժ մը երիկամունք մը տուաւ երկու սպասողներէն ճարտարապե-տին՝ ձգելով որ հողագործը մեռնի, դատի ընթացքին երբ հարցուցին իրեն թէ ինչո՞ւ մէկուն տուաւ եւ ոչ միւսին, պատասխանեց թէ ճարտարապետը կեանքի ապահովագրութիւն ունէր, իսկ հողագործը՝ ո՛չ:
Այսպէս անել կացութիւններու ամէն օր պիտի հանդիպինք եթէ թոյլ տանք, ինչպէս վերը ըսի, որ մարդը գերի դառնայ թեքնիքին եւ իրմէ մարդկայինը պակսի: Ճիշդ այս պատճառով ահազանգ պէտք է հնչեցնել, վերադառնալու համար բժշկութեան մարդկային ըմբռնումին: Պէտք է վերամարդկայնացնել մեր բժշկութիւնը, որ օրէ օր կ՚ընթանայ դէպի մեքենայութիւն, անմարդկային, անոգեկան վերաբերում եւ պէտք է բժիշկներու հոգեբանական գիտելիքները զարգացնել:
Ընկերութիւնը զարմանալի կացութեան մը պիտի մատնուի եւ երկրէ երկիր ապրելու նպատակը պիտի փոխուի. օրինակի համար՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատին հաճելի կեանք մը ունենալու համար, մինչդեռ Ճափոնի մէջ կ՚աշխատին կարենալ ապրելու համար:
Ընկերութիւններ, ըստ իրենց ճարտարարուեստի զարգացումին, կարելի է բաժնել երեքի.-
ա. Ընկերութիւններ եւ երկիրներ նախաճարտարարուեստական կեանքով, ուր անձ գլուխ տարեկան մահը հազիւ 600 լիբ. ոսկի է:
բ. Ընկերութիւններ եւ երկիրներ ճարտարարուեստական՝ անձ գլուխ 1300-է 3000 լիբ. ոսկի շահով:
գ. Ընկերութիւններ եւ երկիրնր ճարտարարուեստականութենէն ետք: Ընտանիքի մէջ մէկ անձ կ՚աշխատի միայն, տարեկան 3 ամիս արձակուրդ եւ կը շահի 15-էն 60.000 լիբ. ոսկի:
2000 թուականին վերջին դասուն պիտի պատկանին Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Զուիցերիա, Սքանտինաւեան երկիրներ եւ կարգ մը մշակութային տարբերութիւններով Ճափոնը:
Այս ընկերութիւններուն մէջ պիտի սկսին զարգացնել ժամանցները, ինչպէս ծայրայեղ շարժումներ, որոնք պիտի մշակեն իրենց պարտէզը առանց քաղաքական կեանքի յաւակնութիւններու: Կարգ մը երկիրներու մէջ պիտի ուզեն ձերբազատիլ ճարտարարուեստականութենէն, երբեմն ալ քիչ զարգացած երկիրներու մէջ փիլիսոփայօրէն պիտի ըսեն «կամաց-կամաց, այնքան շատ աճապարող չենք» եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործնական արժէքները պիտի տուժեն ի նպաստ անհատական արժէքներուն:
2000 տարիներուն եւ առաջ, մարդկութիւնը պիտի վերսկսի փնտռել Աստուած եւ նոյնիսկ կղերականը. պիտի փորձեն ըմբըռնելի դարձնել կրօնքը, Աստուածը օրուան մտային կարողութիւններու համեմատ: Ինչպէս կ՚ըսէ Տոքթ. Ռոպինսոն, կղերական մը, «Աստուած պէտք չէ փնտռել դուրսը, բայց ներսը»: Թիլիշ կ՚ըսէ. «Ան որ բան մը գիտէ ներքին խորութիւններէն գիտէ բան մը Աստուծմէ»: Մարդակերպ գաղափարը անջատել Աստուծմէ, որ այսօրուան հաւատացեալներու ձգտումն է, ըսել չէ որ կ՚ուզուի Աստուծոյ անհատականութիւնը ժխտել, այլ Աստուածը զատել, հեռացնել, բարձրացնել մարդակերպ գոյութենէն: Եւ Մարք Օրէզոն կ՚ըսէ. «Կարծեմ մեր ժամանակը տառապալից երկունքով վերագտնելու վրայ է անարտայայտելին, որ աւելի ճշմարիտ է քան արտայայտուածը»:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Իւրաքանչիւր անձ պէտք է ունենայ իր տունը, իր կենսական միջոցը, իր պարտէզը, անհրաժեշտ սենեակներու թիւը, բայց նաեւ իւրաքանչիւրը պէտք է կարենայ ապրիլ որոշ հաւաքականութեան մէջ, որովհետեւ այդ է յատկութիւնը 20-րդ դարու մարդուն: Յառա-ջիկայ տարիներուն, ինչ որ ալ ըլլայ կառավարութեան գաղափարախօսութիւնը, վարչաձեւը, ընկերվարական կամ դրամատիրական, պէտք է տալ իւրաքանչիւրին լաւագոյն երդիքը, ոչ թէ իտէալ երդիքը մի քանիին միայն:
***
Դասական ըմբռնումները կեանքին մասին օրէ օր կը փլին: Ժամանակին Ֆրէօտ կ՚ըսէր. «Քաղաքակրթութիւը կարելի չէ առանց բնազդներու սանձումին, որ մինակը կը թոյլատէ ընկերային կեանքի գոյատեւումը: Մարդը բարեփոխուելու համար պէտք է ընդունի չըլլալ երջանիկ. այս է իր ճակատագիրը»: Այս ճակատագրին դէմ կ՚ընդվզի Մարքիւզ եւ կ՚ըսէ. «Պէտք չէ գերի ըլլալ մարդուն, մեքենային, ազատիլ տնտեսական գերութիւններէ, ազատ ժամանակը որ պիտի թոյլատրէ, մշակոյթը եւ զարգացումը, էրօսը սիրային գործունէութիւններու մէջ»: Ընկերութիւնը իր հաշւոյն կը ճզմէ անհատը, որովհետեւ գիտական միտքի եւ թեքնիքի զարգացումը միշտ կ՚ըլլայ ի վնաս փիլիսոփայական միտքին:
Ճշմարիտ փիլիսոփայութիւնը երկու չափով միջոց ունի, մէկը «ինչ որ է», միւսը «ինչ որ պէտք է ըլլար». իսկ մաթեմաթիկային տրամաբանութիւնը մինակ կ՚ընդունի «ինչ որ է», որովհետեւ գիտութիւնը արժէքին վրայ դատումներ չի տար, մտային միջոցը գիտութեան մէկ չափով է: Այն գաղափարները որոնք չեն ճշդուիր գիտական մեթոտով անիրական են, ինչպէս՝ լաւը, գեղեցիկը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, որոնք տրամաբանական եւ գիտական ակնոցով անձնական նախընտրութիւններէն կախում ունին: Գիտական մեթոտը որքան կը յառաջանայ, երկու չափով միջոցը փիլիսոփայութեան տեղի կու տայ մէկ չափով միջոցին, ուր առարկաները են «ինչ որ են», եւ հոս Մարքիւզ կը նկատէ հետեւեալը, «թէ՝ այն ջղային, հոգեկան հիւանդը կ՚ըսեն թէ այն անձն է որ չէ կրցած համակերպիլ ներկայ ընկերութեան, առանց ինքն իրեն հարցնելու թէ արդեօք այս ընկերութիւնը ինքը չէ՞ ջղային դարձնողը. յանցաւորը ընկերութիւնն է եւ ոչ թէ անհատը»: Այսօրուան ընկերութեան մէջ արեւմըտեան թէ արեւելեան, ազատ մարդ չկայ, ամէնքը գերի են արդիւնաբերութեան. հարուստ կամ աղքատ՝ գերիներ են միայն: Մինչդեռ գիտութիւնը եւ թեքնիքը կրնան մարդը ազատագրել այս կացութենէն, որովհետեւ այսօր գիտութիւնը կրնայ անցնիլ քանակէն դէպի որակը:
***
Ինչո՞ւ ըսինք այս բոլորը, ի՞նչ կապ ունի մեր առաքելութեան հետ:
Ապագայ բժշկութեան հետ, մարդը հոգեպէս եւ ընկերային պահանջներով մեզի պիտի տայ ցաւեր եւ խոհեր, որոնք քսաներորդ դարու վերջաւորութեան պիտի գան զբաղեցնել, տրտմեցնել եւ խորհրդածել տալ այն դասակարգը մարկութեան, որ մարդուն հոգիին եւ ֆիզիքականին հետ գործ ունի, հոգեւոր հայրը, բժիշկը, ընկերաբանը, քաղաքական մարդը, գիտունը: Վերջ ի վերջոյ, բոլորին նպատակը նոյնն է՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»: Ունենալ առողջ հոգի, առողջ մարմին, որոնց յաջողութեան պայմանները իրարու հետ կապուած են անքակատելիօրէն: Այս ուսումնասիրութենէն կարելի է եզրահանել հետեւեալ իրականութիւնները.-
1- Գիտութիւնը կը ձգտի մարդը առողջ եւ ուրախ ընել, բայց առանձին չի կրնար, որովհետեւ առանց հոգիի առողջութեան՝ մարդ երջանիկ եւ առողջ չի կրնար ըլլալ:
2- Բժիշկը մարդուն պէտք է մօտենայ իբրեւ մա՛րդ, մարդու համար գործածուելիք եղանակով, պէտք է բժշկութիւնը վերստին մարդավայել դարձնել, հիւնանդը բժիշկին համար մինակ բժշկական ֆիշ մը պէտք չէ որ ըլլայ:
3- Ընկերային տեսակէտով, առանց բառերուն հետ խաղալու, այսինքն ընկերվարական կամ դրամատիրական, որոնք երկուքն ալ գերի դարձուցած են մարդգործիքը՝ պէտք է ըմբռնեն մարդը եւ դարձնեն մարդավայել արարած, յարգեն անոր անհատականութիւը, ազատութիւնը, տան անոր արժանի բարօրութիւնը, առանց կաշկանդելու անոր երազները:
***
Ինչպէս կ՚ըսէ առածը «Ճշմարիտ խօսքը մանուկի բերնէն առ»: Պէիտ վերջացնենք երկու երիտասարդ երգչուհիներու երգերէն առնուած հետեւեալ մէջբերումներով, որոնք յատկանշական են:
Մէկը կ՚ըսէ. «Երիտասարդ էինք եւ կը հաւատայինք երկինքին». ուրեմն աշխատիլ պահել որոշ երիտասարդութիւն, որ ունենանք հաւատք եւ անոր հետ առողջ հոգի, առողջ մարմնի մէջ:
Գիտութիւնը եւ թեքնիքը զոր մենք գտանք եւ զարգացուցինք պիտի չըլլանք անոնց գերին: Եւ ուրիշ երգչուհի մը կ՚երգէ. «Կառչած ենք այս աշխարհին, որ մենք կերտեցինք եւ մինակ ու մինակ մեզի համար»:
Կապուինք մեր գիւտերուն որպէս տէրը անոնց եւ գործածենք զանոնք մեզի համար, յօգուտ բոլորին: