ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հին յունարէնով scoliosis կը նշանակէ շեղութիւն կամ ծռութիւն:
Ողնայարի կողմնածռութիւնը-ողնկողմնածռութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ կ’ընդգրկէ նեարդամկանակմախքային համակարգը (neuromusculskeletal): Անոր հետեւանքով տեղի կ’ունենայ ողնայարի յարաճուն (progressive) կորութիւն եւ ոլորում (twisting): Ողնայարը կը ստանայ երեք ուղղութեամբ անբնական երեւոյթ, այլ խօսքով՝ պարուրաձեւութին (helical): Յաճախ ողնայարը կը նկարագրուի որպէս գալարաձեւ եւ պարուրաձեւ սանդուղ (spiral stairs): Ողնկողմնածռութիւնը տեղի կ’ունենայ մէկէ աւելի ողնոսկրներու (vertebrae) հաւաքական ծռութեամբ: Ան տեսնուած երեւոյթ մըն է բոլոր տարիքներու մէջ, առանց սեռի խտրութեան, բայց առաւելաբար աղջիկներու մօտ:
Ողնկողմնածռութիւնը կը յայտնուի տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ, այսպէս. մանուկներու մօտ՝ երեք տարեկանէն առաջ, երեխաներու՝ 4-10 տարիքին, պատանիներու՝ արբունքի սկզբնաւորութեան եւ երիտասարդութեան ընթացքին: Անիկա առաւելաբար կը յայտնուի 10-16 տարեկան պատանիներու մօտ, որոնց 60-80 տոկոսը կ’ըլլան աղջիկներ:
Ողնկողմնածռութիւնը կը յառաջանայ երեք ախտապատճառեալ ձեւերով.
- Ժառանգականծինային (hereditary-genetic) պատճառներ, որոնց հետեւանքով ողնկողմնածռութիւնը կը յայտնուի ծնունդէն անմիջապէս ետք, այսինքն՝ որպէս ընդոծին (congenital) երեւոյթ:
- Երկրորդական հիւանդութիւններու եւ ախտապատճառներու հետեւանքով: Այս հիւանդութիւններէն կարեւորագոյններն են՝ ուղեղային անդամալուծութիւն, նեարդամկանային հիւծում (atrophy), ողնայարի ֆիզիքական հարուած-վնաս, ողնայարի ոսկրային ուռ, ողնայարի վիրահատում, ոսկրափխրում եւ կարգ մը համախտանիշներու (syndromes) արտայայտութիւն:
- Ինքնախտային (idiopathic) ձեւով, այսինքն անյայտ պատճառներով:
Ողնկողմնածռութեան պարագաներուն 65 տոկոսը կը պատահի անորոշ պատճառներով, 15-25 տոկոսը՝ ընդոծին ձեւով եւ 10 տոկոսը՝ երկրորդական պատճառներով:
Ողնկողմնածռութեան ախտանշաններն են.
- Մարմինի տձեւութիւն (deformity).
- Ողնայարի ծռութիւն դէպի աջ կամ ձախ, դէպի առաջ կամ ետ.
- Անհամաչափ ուսեր եւ կողոսկրներ (ribs).
- Միակողմանի ցցուն ուս եւ կողոսկրներ.
- Անհաւասար կոնքեր, բազուկներ եւ սրունքներ.
- Անհամադաս մկանային կազմուածք ողնայարին երկու կողմերը.
- Կռնակի եւ կուրծքի մկաններու տկարութիւն եւ պրկուածութիւն.
- Մորթային որոշ անբնական երեւոյթներ:
Ողնայարի լանջային (thoracic) բաժինի կորնթարդ (convex) ծռութիւնը դէպի աջ կը յառաջացնէ աջ ուսի ցցուածութիւն-բարձրացում: Իսկ գօտկային (lumbar) բաժինի կորնթարդ ծռութիւնը դէպի ձախ կը յառաջացնէ նոյնպէս աջ ուսի ցցուածութիւն:
Ողնկողմնածռութենէ տառապող անհատները կռնակի եւ սրունքներու առաւել ցաւ կ’ունենան, քան առողջ անհատներ:
Յառաջացած կողմնածռութենէ տառապող անհատը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ, յատկապէս՝ շնչահեղձութիւն թոքերու ճնշումով, թոքերու ծաւալի նուազում, սիրտի ճնշուածութիւն եւ մարմնական շարժումներու սահմանափակում: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ ողնայարի կորնթարդ ծռութիւնը ճնշում կը բանեցնէ թոքերուն, սիրտին եւ կրծքավանդակի մկաններուն վրայ եւ արգելք կը հանդիսանայ անոնց ազատ եւ բնական կծկումներուն եւ աշխատանքին:
Ողնկողմնածռութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս առաջին անգամ ծնողքին կողմէ: Անոնք կը նշմարեն իրենց զաւակին մարմինի անբնական դիրքորոշումը, կուզութիւնը եւ ուսի ցցուածութիւնը, մանաւանդ երբ ան կը ծռի դէպի առաջ: Մանկաբոյժը երկրորդ անձն է, որ իր բժշկական քննութեան ընթացքին կը նշմարէ մանուկի մը մարմինի անբնական կազմուածքը, անհամադասութիւնը եւ ողնկողմնածռութիւնը:
Վերջնական եւ ամբողջական ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ: Ան կը կատարէ մարմնական ընդհանուր քննութիւն, նեարդամկանային համակարգի քննութիւն եւ ողնայարի ամբողջական Ք ճառագայթային նկարում, ներառեալ՝ համակարգչային շերտագրական (CT scan) եւ մակնիսարձագանգային (MRI) նկարումներ:
Ողնկողմնածռութեան դարմանումը բաւական բարդ է: Անիկա կը պահանջէ երկարաշունչ եւ հետեւողական խնամք: Ծնողներէն կը պահանջուի գործակցութիւն, հասկացողութիւն, համբերութիւն եւ հետեւողականութիւն: Ողնկողմնածռութեան դարմանումը կախեալ է ողնայարի ծռութեան տարողութենէն, չափէն: Թեթեւ պարագաներուն, որպէս դարմանամիջոց յանձնարարելի են՝ մարզանք, ջերմութեան կիրարկում զանազան ձեւերով, սեղմիրանի (corset) գործածութիւն եւ յատուկ անկողինի եւ բարձի գործածութիւն: Մարզանքը կը զօրացնէ կռնակի մկանները, որոնք կ’օգնեն ողնայարի ուղիղ դիրքորոշումին եւ արգելք կը հանդիսանան ողնայարի յաւելեալ ծռութեան: Այս անհատները պէտք է մնան բժշկական հետեւողական հսկողութեան տակ: Անոնք պէտք է ենթարկուին վեցամսեայ բժշկական քննութեան եւ միամեայ Ք ճառագայթային նկարումներու: Բժիշկը կը հետեւի եւ կ’արձանագրէ տեղի ունեցած իրանի դիրքորոշումի փոփոխութիւնները եւ նոր զարգացումները: Որեւէ մէկ յաւելեալ ծռութեան պարագային, բժիշկը անմիջապէս կ’որոշէ՝ դարմանումի եղանակը եւ ժամանակը:
Մանուկներու պարագային ողնկողմնածռութեան սկզբնաւորութեան կը յանձնարարուի բռնակի (brace) գործածութիւնը՝ որպէս նեցուկ իրանի դիրքորոշման: Յառաջացած ողնկողմնածռութեան պարագային կը կատարուի վիրաբուժական գործողութիւն մը:
Չափահասներ, որոնք կը տառապին յառաջացած ողնկողմնածռութենէ, որոշապէս պէտք է ենթարկուին վիրաբուժական գործողութեան:
Այս գործողութիւնը նուրբ գործողութիւն մըն է: Վիրաբուժական գործողութիւնը կը կատարուի մասնագէտ ոսկրաբոյժ-վիրաբոյժ բժիշկին միջոցաւ: Գործողութիւնը կը միտի շտկել ողնայարին կորնթարդ ծռութիւնը:
Այս մէկը կ’իրականանայ վիրաբուժական երկու տարբեր միջամտութեամբ.
- Վիրաբոյժը ծուռ ողնոսկրներէն որոշ մասեր կը հատէ եւ անոնց տեղ կը ներմուծէ մարմինին այլ մասերէն հատուած առողջ ոսկորներու կտորներ: Այս միջոցառումով տեղի կ’ունենայ ողնոսկրներու միաձուլում (fusion) եւ անշարժութիւն: Յաճախ վիրաբոյժը կը գործածէ մետաղային որոշ սարքեր՝ փոխան մարմինի այլ մասերէն վերցուած ոսկորի:
- Վիրաբոյժը կը հատէ ծռած կողոսկրներէն քանի մը հատը, որպէսզի ծռած ողնոսկրները ժամանակի ընթացքին վերագտնեն իրենց բնական ձեւը եւ դիրքը:
Շատ մը պարագաներու, վիրաբուժական այս երկու միջամտութիւնները կը կատարուին միատեղ: