ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Ոսկորի Պատուաստումը կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել ոսկոր ցանելը ատամնաբուժութեան մէջ անհրաժեշտ կը դառնայ, երբ ծնօտներու ոսկորներուն մէջ տարբեր պատճառներով ոսկորի մաշում կամ կորուստ տեղի ունենայ:
Ոսկորի պատուաստումը ընդհանրապէս կը կիրարկուի արուեստական ակռաներ կամ ատամնաշարեր տեղադրելու պարագային՝ ոսկորին հաստութիւնը աւելցնելու կամ ծնօտներու ոսկրային վնասուածքները դարմանելու համար:
Ի՞նչ է ոսկրային պատուաստանիւթը.
Ոսկրային պատուաստանիւթը կրնայ ըլլալ բնական, կիսարուեստական կամ ամբողջովին արուեստական:
Բնական պատուաստը, որ կը կոչուի «allograft», պատուաստումի ժամանակ կ’առնուի անհատի ծնօտին կամ մարմնի այլ մասերու ոսկորներէն ու կը տեղադրուի մաշած կամ վնասուած ոսկրային հատուածին մէջ: Բնական ոսկրային պատուաստ կրնայ տրամադրել նաեւ անհատ մը ուրիշ անձի մը՝ դառնալով ոսկրային նուիրատու («donor»):
Կիսարուեստական ոսկրանիւթը, «xenograft», կ’առնուի կենդանիներու ոսկորներէն եւ ջերմային ու քիմիական մշակման ենթարկուելէ ետք` կը յարմարեցուի մարդու ոսկորին:
Ամբողջովին արուեստական ոսկրանիւթը, «alloplast», կը պատրաստուի քիմիական կրածին նիւթերով, ինչպէս՝ «hydroxiappatite», «calcium» եւ այլն…
Ոսկրային պատուաստանիւթը, ծնօտի ոսկրային վնասուած կամ մաշած հատուածին մէջ տեղարդուելէ ետք, կը խառնուի արեան հետ եւ կամաց-կամաց կը վերածուի միաձոյլ զանգուածի մը, որ ժամանակի ընթացքին (2-էն 3 ամիս) կը կարծրանայ ու կը միանայ ծնօտի ոսկորին:
Ո՞վ կարիքը ունի ոսկրային պատուաստանիւթի.
Կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ ո՞վ պէտք է ոսկոր ցանէ:
Բոլոր անոնք, որոնց ծնօտներուն մէջ որեւէ պատճառով տեղի ունեցած է ոսկրային մաշում կամ վնաս, կարիքը ունին ոսկրային պատուաստումի:
Ոսկրային պատուաստումը թելադրելի է յատկապէս.
– Ակռաներու հեռացումէն ետք, երբ անոնց շուրջի ոսկորը բաւական վնասուած է:
– Ակռայ ցանելու պարագային («implant»), դարձեալ երբ ոսկորը վնասուած կամ մաշած է:
– Արուեստական ատամնաշարեր տեղադրելէ առաջ, ծնօտները ամրացնելու եւ հաստութիւն ապահովելու համար:
Ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ ոսկրանիւթի տեղադրութիւնը.
Նախ եւ առաջ ատամնաբոյժը կը կատարէ բերանի ամբողջական քննութիւն մը` ստուգելով լինտերուն, ակռաներուն եւ ծնօտներուն առողջական վիճակը: Կը կատարուին նաեւ տարբեր տեսակի ճառագայթային նկարահանումներ («X-rays, panoramic pictures, scanners»), որոնց հիման վրայ կ’որոշուի բուժման միջոցն ու ընթացքը:
Գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ ատամնաբուժական դարմանատան մէջ: Ատամնաբուժը թմրանիւթով կ’անզգայացնէ այն հատուածը, ուր պիտի տեղադրուի ոսկրանիւթը, ապա ճեղքելով լինտը կը բանայ ոսկորը ու լաւ մը մաքրելէ ու ախտահանելէ ետք` կը տեղադրէ զայն: Յաճախ, երբ վնասուած հատուածը բաւական լայն ըլլայ, ոսկրանիւթը տեղադրելէ ետք, անոր վրայ կը դրուի ոսկրային թաղանթ մը («Bone Membrane»)` աւելի լաւ ապահովելու ու ամրացնելու համար տեղադրուած ոսկրանիւթը: Ապա ատամնաբոյժը կը գոցէ ճեղքուած լինտը ու կարելով դարձեալ կ’ամրացնէ զայն:
Ոսկորի պատուաստումէն ետք, քանի մը օր ցաւ զգալը շատ բնական է, կրնայ նաեւ ըլլալ քիչ մը ուռեցք: Ատամնաբոյժը անպայման կը թելադրէ ցաւազրկիչներ եւ հակամիքրոպային դեղեր, ինչպէս նաեւ կը բացատրէ ինչպէս պէտք է խնամել վէրքը:
Կարեւոր են հետեւեալ խորհուրդները ոսկրային պատուաստումէն ետք.
– Առաջին օրը քանի մը ժամ գործողութեան ենթարկուած կողմի այտին վրայ սառ տեղադրել, կարելի եղածին չափ նուազեցնելու ուռեցքը եւ արիւնահոսութիւնը կանխելու համար:
– Երբեք չողողել բերանը նուազագոյնը երեք օր: Նկատի ունենալով, որ ոսկրային պատուաստանիւթը շատ մանր աղի նման փոշիի կը նմանի, ողողման ժամանակ կրնայ դուրս գալ ու պարպուիլ:
– Բնաւ չծխել, որպէսզի չբորբոքի ու չփճանայ ոսկրանիւթը:
– Տաք ուտելիքներ եւ խմիչքներ չօգտագործել:
– Չօգտագործել նաեւ ալքոլային ըմպելիքներ, որովհետեւ ալքոլը կրնայ բացասական շատ մը հետեւանքներ յառաջացնել` պատճառ դառնալով բորբոքումի, ցաւի, ինչպէս նաեւ` ալերժիք երեւոյթներու:
– Բժիշկին թելադրած դեղերը առնել ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ ժամանակին, այլապէս բորբոքումի պատճառով ոսկրանիւթը կրնայ չամրանալ ու ձախողիլ:
Եթէ վերոնշեալ խորհուրդները ճիշդ ձեւով կատարուին, շատ քիչ է հաւանականութիւնը ոսկրային պատուաստի ձախողութեան: Տասէն տասնհինգ օր ետք բժիշկը կը հանէ լինտերուն կարերը, ու երեքէն վեց ամիս ետք արդէն ոսկորը կ’առողջանայ ու կ’ամրանայ, որմէ ետք կարելի է անոր վրայ արուեստական ատամնաշար դնել կամ ակռայ ցանել, ապա հանգիստ ճաշակել համադամ, բայց կարելի եղածին չափ օգտակար ուտելիքներ: