Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (WHO) տուեալներով` բնակչութեան 5%-էն աւելին կամ 466 միլիոն հոգի (432 միլիոն չափահաս եւ 34 միլիոն փոքրիկ) ունի լսողութեան կորուստ:
Մինչեւ 15 տարեկան փոքրիկներու լսողութեան կորուստի պարագաներուն 60%-ին պատճառներէն են.
- Վարակները` կարմրուկ, կարմրախտ, խոզուկ, մենինժիթ, միջին ականջի քրոնիկ բորբոքում (31%),
- Սաղմի ասֆիքսիա ծնունդ, կանխահասութիւն, ցած կշիռք, դեղնուկ, ծննդաբերական բարդութիւններ (17%),
- Լսողութեան գործողութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն ունեցող դեղերու գործածութիւն յղութեան ժամանակ (4%),
- Այլ (8%):
Ըստ WHO-ի` կանխարգելիչ միջոցառումներն են`
– Փոքրիկներու մօտ ախտամերժութեան զարգացումը կարմրուկի, կարմրախտի, խոզուկի, մենինժիթի դէմ,
– Դեռահաս եւ վերարտադրողական տարիքի աղջիկներու եւ կիներու պատուաստումը կարմրախտի դէմ մինչեւ յղութիւն,
– Ականջի համապատասխան խնամքի պահպանումը,
– Բարձր աղմուկի ազդեցութեան նուազեցումը,
– Միջին ականջի բորբոքման հսկողութիւնը եւ համապատասխան դարմանումը,
– Լսողութեան համար վտանգ ներկայացնող դեղերու կիրառման բացառումը կամ սահմանափակումը,
– Նորածնային screening-ը,
– Իրազեկման ստեղծում դեռահասներու մօտ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի առողջապահական նախարարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, խնդիրներու կանուխ յայտնաբերումն ու համապատասխան միջոցառումներու կիրառումը հիմնական գործօններն են, որոնք կրնան նուազեցնել լսողութեան կորուստի ազդեցութիւնը փոքրիկին զարգացման եւ յառաջադիմութեան վրայ: Մինչեւ փոքրիկի մը խօսքի զարգացման խնդիրը յայտնաբերելու, լսողական սարքով ապահովելու կամ վիրահատութիւն կատարելու պարագային` կարելի է ապահովել փոքրիկին խօսքի զարգացումը եւ հետագային ընկերային յարմարեցումը: