Սննդականոնէն աղի քանակութեան սահմանափակումը կը բարելաւէ զարկերակային ճնշումը, ցոյց կու տայ նոր հետազօտութիւն մը, հրապարակուած՝ Circulation ամսագրին մէջ: Հետազօտութեան հեղինակները առաջին անգամ ըլլալով սննդականոնին մէջ աղի (sodium) քանակութեան նուազումին պարագային, կրցած են զարկերակային ճնշման նուազումի յստակ թիւեր հաշուել:
Մարդկային մարմնին մէջ, յաւելեալ աղը պատճառ կը դառնայ արիւնատար անօթներուն մէջ ջուրի յապաղումին, ինչ որ կ՚աւելցնէ սիրտի ու անօթներու վրայ բեռը եւ ժամանակի ընթացքին կրնայ առաջնորդել զարկերակային ճնշումի բարձրացումին: Գերճնշումը իր կարգին սրտամկանի կաթուածի վտանգ կը ստեղծէ:
Մեր սննդականոնին մէջ սոտիումի հիմնական աղբիւրը ճաշի աղն է: Սակայն, աղի զգալի մասը (յաճախ կէսէն աւելին) մենք կը ստանանք ոչ թէ աղամանէն, այլ պատրաստի մթերքներէն:
Գիտնականները վերլուծած են 85 հետազօտութեան արդիւնքները, որոնց մասնակիցներուն հետեւած են 3 տարի: Պարզ կը դառնայ, որ սննդականոնին մէջ սոտիումի նոյնիսկ փոքր քանակութեան սահմանափակումը կը նուազեցնէ զարկերակային ճնշումը: Աւելին, մարդիկ որքան քիչ աղ գործածեն, այնքան ճնշումը կ՚ըլլայ ցած:
Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ սննդականոնին մէջ աղի քանակութեան օրական իւրաքանչիւր 2,3 կրամ նուազեցումը կ՚առաջնորդէ վերին (systolic) զարկերակային ճընշման սնդիկի 5,6 մմ նուազումին, իսկ ստորին (diastolic) ճնշման` 2,3 մմ նուազումին:
Գիտնականներու համաձայն, սննդականոնին մէջ աղի քանակութեան նուազեցման համար ինքնին սննդականոնը պէտք է դարձնել աւելի առողջ: Զարկերակային ճնշման նուազեցման համար մշակուած սննդականոններէն մէկն է DASH սննդականոնը (Dietary Approaches to Stop Hypertension). անոր հիմնական բաղադրիչները կը հանդիսանան պտուղները, բանջարեղէնը, ձուկը, թռչունի միսը, հատիկընդեղէնը եւ ընկուզեղէնը: Կը թելադրուի առաւելագոյնս սահմանափակել կարմիր միսը, քաղցրեղէնը եւ իւղոտ մթերքները: