Սուրճի կանոնաւոր օգտագործումը դրական ազդեցութիւն ունի լեարդի առողջութեան վրայ եւ կը նուազեցնէ անոր հիւսուածքներուն կարծրութիւնը, ինչպէս պարզած են ամերիկացի գիտնականները:
Անոնք վերլուծած են 4500 մեծահասակ ամերիկացիներու տուեալները, որոնք մասնակցած են Առողջութեան եւ սնուցման ազգային հետազօտութեան (NHANES) եւ ենթարկուած էլասթոմեթրիա ախտորոշիչ քննութեան, որ կը ճշդէ լեարդի նեարդացման աստիճանը` չափելով անոր հիւսուածքին առաձգականութիւնը:
Գիտնականները կապ չեն գտած սուրճի օգտագործման եւ լեարդի ճարպակալման ցուցանիշներուն միջեւ, սակայն ճշդած են այս ըմպելիքին ազդեցութիւնը լեարդի հիւսուածքներու կարծրութեան վրայ: Անոնք, որոնք օրական 3 կամ աւելի գաւաթ սուրճ կը խմեն, 3 անգամ նուազ կարծրութիւն ունեցած են, քան անոնք, որոնք աւելի քիչ սուրճ կը խմեն կամ ընդհանրապէս չեն խմեր: Տակաւին, սուրճի սիրահարներուն մօտ լեարդի զարգացող նեարդացման վտանգը զգալիօրէն ցած է:
Հետաքրքրական է, որ առանց քաֆէինի սուրճին մէջ նման կանխարգելիչ ազդեցութիւն չէ յայտնաբերուած: Ուստի գիտնականները ենթադրած են, որ լեարդին հետ սուրճին կապը զարգացած է քաֆէինի յատկութիւններէն: