ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Անգլիացի գիտնական եւ բժիշկ Էտուըրտ Ճէնըրի կատարած պատուաստի առաջին գիւտէն ի վեր, 1796-ին, մարդկութիւնը սկսած է ունենալ միջոցը եւ առաւելութիւնը կանխելու վարակիչ հիւանդութիւնները: 20-րդ դարուն, պատուաստ մշակելու տեւողութիւնը կը գնահատուէր 5-10 տարիով՝ հետազօտութենէն մինչեւ շուկայ: «Շուկայ» ըսելով նկատի ունինք արտադրող տարբեր ընկերութիւններ, որոնք ճշգրիտ նոյն բաղադրութիւնը կը պատրաստեն, եւ հանրութիւնը կը պատուաստուի նոյն փրոթոքոլով (քանի՞ անգամ, ի՞նչ ժամկէտներով): Օրինակ, Հնդկաստանի մէջ պատրաստուած լերդաբորբի (հեփաթիթ B) պատուաստանիւթը կ՚ըլլայ ճիշդ նոյնը, ինչպէս՝ Մ. Նահանգներունը, եւ անիկա կը տրուի նոյն փրոթոքոլով, ինչպէս՝ ամերիկեան արտադրութիւնը:
COVID-19-ն փոխեց այդ բոլորը: Երբ անիկա առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ 2019-ին, աշխարհը արդէն համայնացած էր (Globalized): Ամէն մարդ ամէն տեղ էր, եւ բոլորը կախեալ էին իրարմէ աշխարհով մէկ: Այսպէս, երբ Չինաստան անդամալուծուեցաւ եւ Ասիոյ մէջ դադրեցան գործելէ օդանաւային ընկերութիւնները, ամբողջ աշխարհը ազդուեցաւ այդ վիճակէն: Աւելին, ժահրին քօղարկուած տարածման եղանակը պատճառ դարձաւ բազմաթիւ լուռ ժահր փոխադրողներու շրջագայութեան Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու մէջ ու այլուր՝ ստեղծելով համաշխարհային յաւելեալ տագնապներ: Կառավարութիւններ որդեգրեցին արգելափակման դրութիւններ, ու աւելի քան 100 միլիոն գործառուներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքները: Անոնք, որոնք լուրջի չառին՝ մինչեւ հիմա կը վճարեն անոր գինը: Լուծում էր պէտք. եւ շատ արագ:
Ի՞նչ տարբեր էր այս անգամ. բնականօրէն՝ «RNA պատուաստի» յայտնութիւնը, որ ունի միայն 15 տարուան պատմութիւն: Անոր արտադրութիւնը նուազ ճիգ կը պահանջէ եւ կը նկատուի աւելի ապահով, քան նախկին պատուաստները, որոնք ամբողջ ժահրը կը ներարկեն մարմնէն ներս:
Բայց ի՞նչ է RNA-ը: Կենսաբանական բոլոր էակները՝ ժահրը, պաքթիրէան, մարդը, բոյսերը, ունին DNA՝ բջիջին կեդրոնը գտնուող ժառանգական բաղադրիչը: Նոր գիտութեամբ, պատուաստը ոչ թէ մարդը կը վարակէ նոյնինքն ժահրով, որ անոր հանդէպ ախտամերժութիւն զարգացնէ, այլ ընդօրինակելով ժահրի DNA-ին տեղեկութիւնները՝ զանոնք կը վերածէ RNA-ի (այլ խօսքով՝ պատուաստի նոր գիտութիւնը COPY-PASTE կ՚ընէ DNA եւ կը ստանայ RNA), որ նոյնպէս առկայ է մարդկային մարմնին մէջ: Երբ COVID-19-ի RNA պատուաստի ձեւով կը մտնէ մեր մարմնէն ներս, անիկա կը կատարէ պատգամաբերի (messenger) դերը, որուն միջոցով մեր մարմինը, ենթադրելով որ ժահրը մուտք գործած է, կը սկսի հակամարմիններ (antibodies) շինել անոր դէմ: Հակամարմիններուն դերը մեզ պաշտպանել է ժահրերու դէմ: Մօտ մէկ ամսուան ընթացքին, մեր արեան մէջ այնքան հակամարմիններ կը շինուին COVID-ի դէմ, որ, երբ իսկական ժահրը մտնէ, անիկա անմիջապէս կը պատուի մեր հակամարմիններով, եւ ժահրը կ՚անդամալուծուի ու կը չէզոքացուի:
Ներկայիս գոյութիւն ունին COVID-19- ի համար պատուաստ արտադրող 7 հիմնական ընկերութիւններ: Ոմանք կը պատկանին սովորական «հին դպրոցին», իսկ ուրիշներ կը հետեւին նոր RNA արհեստագիտութեան: Մանրամասնութիւնները՝ ստորեւ:
1- Ամբողջական ժահրը գործածող պատուաստներ՝ չինական SINOPHARM եւ SINOVAC ընկերութիւնները, որոնք կ՚օգտագործեն պսակաձեւ ամբողջ ժահրը իր անկենդան վիճակին մէջ՝ ժահրին բոլոր բաղադրիչներուն նկատմամբ մարմնին ախտամերժային համակարգը շարժելու նպատակով: Պատրաստութեան ձեւը պարզ է եւ կ՚օգտագործուի տարիներէ ի վեր: Անիկա կը հետեւի արդէն իսկ կայացած գիտութեան եւ աւելի կը յանձնարարուի ախտամերժային տկար վիճակ ունեցող անձերուն. կրնայ մինչեւ 85% պաշտպանութիւն ապահովել՝ նայած ենթակային դիմադրողական վիճակին: Յարմար է ամէն տարիքի: Կը ներարկուի 2 անգամով՝ 21 օրուան տարբերութեամբ:
2- RNA պատուաստները՝ PFIZERBION-TECH (Մ. Նահանգներ, Գերմանիա), MODERNA (Մ. Նահանգներ). անոնք կ՚օգտագործեն մերկացած COVID-19-ի RNA-ը, ներարկուած՝ այնպէս ինչպէս որ է: Պատուաստը պէտք է պահուի զերօ աստիճանէն (0 C) վար՝ RNA-ը պահպանելու նպատակով: RNA-ը արագօրէն կը քայքայուի մարմնին մէջ, հետեւաբար անհրաժեշտ է կրկնել զայն: Անոր միակ անպատեհութիւնը այն է, որ անիկա կը հետեւի նոր արհեստագիտութեան եւ կրնայ ախտամերժային չնախատեսուած հակազդեցութիւններ պատճառել (ալերժի), նաեւ՝ որոշ ցաւ ներարկման վայրը: Սակայն մէյ մը որ RNA-ը սկսի ճանչցուիլ մարմնին կողմէ, անիկա կը դառնայ շատ ապահով ու արդիւնաւէտ՝ մինչեւ 95% համեմատութեամբ: Իբրեւ նոր արհեստագիտութիւն, անիկա կը տրուի ՄԻԱՅՆ չափահասներու, այսինքն՝ 18 տարեկանէն վեր անձերու: Կը տրուի երկու անգամով, գրեթէ մէկ ամսուան ընդմիջումով:
3- Vector RNA պատուաստները՝ ASTRAZENECA (Մեծն Բրիտանիա), SPUTNIK-V (Ռուսիա), որոնք COVID-19 RNA-ը կը տեղաւորեն մեղմացած ու անվնաս դարձած COVID ժահրի մէջ (adenovirus), որ RNA-ը կը փոխադրէ մեր մարմնին մէջ՝ հակամարմիններ յառաջացնելու նպատակով: Կը պահուի մինչեւ չորս աստիճան տաքութեամբ (4 C): Կիրարկուած գիտութիւնը աւելի բարդ է, եւ եթէ պատահի որ անձ մը ախտամերժութիւն չունի «ատենովայրըս»-ին դէմ, ապա ներարկուած COVID-RNA-ը կրնայ քայքայուիլ իր նպատակին ծառայելէ առաջ: Անոր մշակումը քիչ մը աւելի դժուար է, հետեւաբար՝ արտադրութիւնը աւելի ժամանակ խլող: Պէտք չէ զայն ներարկել տկար ախտամերժութիւն (immunity) ունեցող անձերու: Կը պաշտպանէ մինչեւ 90% համեմատութեամբ: Անհրաժեշտ է ներարկել երկու անգամով:
4- Vector DNA պատուասը՝ Johnson & Johnson (Մ. Նահանգներ) կ՚օգտագործէ նոյն մեղմացուած ժահրը «ատենովայրըս»-ը՝ աւելի կայուն DNA տեղափոխելու համար, որ մարմնին մէջ հակամարմիններու յառաջացման պատճառ կը դառնայ: DNA-ը աւելի կայուն ըլլալով, կարելի է զայն փոխադրել կամ պահել մինչեւ 8 C աստիճանի մէջ: Պաշտպանութեան համեմատութիւնը, սակայն, նուազ է՝ մինչեւ 75% համեմատութեամբ, որովհետեւ DNA պատուաստները իրենք աւելի դանդաղ կը ներգործեն, ուրեմն, անհրաժեշտ կը դառնայ զայն ներարկել 3 անգամով:
5- Զտուած սպիտակուցային ներարկումով պատուաստ՝ NOVAVAX (Մ. Նահանգներ), որ կը ներարկէ միայն հակամարմիններ յարուցող զտուած սպիտակուցներ. ո՛չ ժահր, ոչ ալ RNA: Հակառակ անոր, որ անիկա կը նկատուի շատ ապահով եւ կայուն է, սակայն զտուած յարուցիչ սպիտակուցներու արտադրութիւնը բարդ գործընթաց մըն է, հետեւաբար՝ ժամանակ խլող: Առաւելութիւն է այն, որ առանց RNA-ի ըլլալով, զայն կարելի է փոխադրել եւ պահել նոյնիսկ բնական ջերմաստիճանի մէջ: Կարելի է ներարկել ամէն տարիքի մարդոց, բայց ունի պաշտպանութեան համեմատաբար աւելի ցած համեմատութիւն քան միւսները, առաւելագոյնը 90%: Անհրաժեշտ է տալ 2 կամ 3 անգամով:
Այս պատուաստներուն մեծ մասը կը խթանէ անհատին ախտամերժութիւնը: Կը ծագի, սակայն, հետեւեալ կարեւոր հարցը. «Ես վարակուած ու ապաքինած եմ COVID-էն, եւ շատ հաւանաբար հակամարմիններ զարգացած արեանս մէջ, պէ՞տք է պատուաստուիմ»: Այս հարցը ունի շատ պարզ պատասխան մը. փաստելու համար, որ դուք հակամարմիններ զարգացուցած էք, անհրաժեշտ է, որ արեան արագ քննութիւն մը կատարել IgG COVID-ի համար: Այս հակամարմինը կը պաշտպանէ ձեզ ապագայ վարակումներէ, բայց անոնք կը յայտնուին ապաքինումէն շուրջ 1 ամիս ետք:
Եթէ IgG COVID 19-ի արդիւնքը դրական է, ապա առայժմ դուք միայն 1 անգամ պատուաստ կը ստանաք եւ ոչ թէ՝ երկու կամ երեք:
Պատուաստումներուն նպատակն է որեւէ երկրի բնակչութեան առնուազն 70%-ին մէջ հակամարմիններ զարգացնել: Այս նպատակը իրականացած կը նկատուի միայն այն պարագային, երբ հաւաքական ախտամերժութիւն (herd immunity) կարելի կ՚ըլլայ յառաջացնել, եւ այն ատեն COVID-19 համաճարակը կը նկատուի աւարտած: Մինչ այդ, շեշտելով կը յիշեցնենք, որ որեւէ պատուաստ կրնայ ձեր մէջ ախտամերժութիւն զարգացնել: Պատուաստուեցէ՛ք անպայման: ՈՐԵՒԷ պաշտպանութիւն միշտ աւելի լաւ է, քան ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: Ուստի, երբ որ անիկա տրամադրելի է՝ պատուաստուեցէք անպայման: Որքան շուտ պատուաստուիք, այնքան շուտ կ՚աւարտի այս համաճարակը:
Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՂ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
1- PCR Covid19-ը այն քննութիւնն է՝ ճշդելու, թէ արդեօք այդ պահուն վարակուա՞ծ էք այդ ժահրով: Այդ անիծուած ժահրը որսալու համար լաւագոյն պահը պիտի ըլլայ PCR-ը կատարել ժահրին ենթարկուելէ 5 օր ետք՝ յատուկ ցպիկով մը քիթին ընդերքէն առնուած հեղուկին ճամբով: Արժէքը՝ 100,000 Լ.Ո., պետական հիւանդանոցներու մէջ, իսկ 150,000 Լ.Ո.՝ անձնական հիւանդանոցներու եւ տարրալուծարաններու մէջ:
PCR-ի CT ցուցանիշը կը վերաբերի վարակումի օրերուն, այսինքն՝ քննութենէն քանի՞ օր առաջ առած էք ժահրը. օրինակ՝ CT 14-ը կը նշանակէ 5 օր առաջ է, իսկ CT 35-ը՝ վարակիչ չէ, եւ պատահած է 12 օր առաջ:
2- COVID Rapid antigen. 15 վայրկեան տեւող քննութիւն մը՝ ստուգելու, թէ արդեօք կը կրէ՞ք պսակաձեւ ժահրը: Կարելի է օգտագործել PCR- ի փոխարէն, բայց կրնայ միայն յայտնաբերել մինչեւ CT26 եւ չի յաջողիր՝ CT27-35 միջեւ պարագաներուն: Արագ քննութիւնները օգտակար են ախտանիշներ ունեցող հիւանդներու պարագային (ջերմութիւն, գլխացաւ, հարբուխ, կոկորդի ցաւ), որովհետեւ անոնց CT-ն սովորաբար 26-էն պակաս կ՚ըլլայ: Անիկա աւելի աժան է, բայց կարելի չէ զայն օգտագործել ճամբորդութեան կամ աշխատանքային նպատակներու համար:
3- Covid Antibody test. կը կատարուի տեսնելու համար, թէ արդեօք ՆԱԽԿԻՆ վարակումին կամ պատուաստին հանդէպ ախտամերժութիւն ունի՞ք: IgG եւ IgM հակամարմինները կը սկսին զարգանալ վարակումէն 2-4 շաբաթ ետք: Այսպիսով, երբ վարակէն բուժուելէ ետք, PCR-ը կը դառնայ ժխտական, հիւանդը հակամարմիններ կը զարգացնէ 2 շաբաթէն 1 ամիսի միջեւ: Որքան աւելի ծանր էր վարակը, այնքան աւելի բարձր կ՚ըլլայ հակամարմիններու թիւը:
Եթէ անձ մը բաւական բարձր թիւով հակամարմիններ ունի, մասնաւորաբար՝ IgG, ապա միայն 1 չափ պատուաստը, տրուած մէկ անգամ, բաւարար կը նկատուի: Կրնաք հարցնել ձեր բժիշկին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, որովհետեւ օրէ օր նոր տուեալներ կը հաւաքուին:
Հակամարմիններու արագ քննութիւն ալ գոյութիւն ունի, որ ընդհանրապէս կը կատարուի դեղարաններու մէջ: Անոնք ճիշդ թիւ չեն տար, բայց օգտակար են ձեզի գիտնալու, որ հակամարմիններ զարգացուցած էք կամ ոչ: Ոչինչ աւելի: