ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
50 տարի առաջ, կարելի չէր դիւրութեամբ ուռի մը ախտաճանաչումը կատարել: Ուռերուն մեծ մասը ազդարարներ չունէին եւ նոյնիսկ քաղցկեղի բնախօսութիւնը այդքան ծանօթ չէր:
Բժշկութեան մարզին մէջ կատարուած զարգացումները միաժամանակ նպաստած են ախտաճանաչման գիտելիքներու զարգացման: Հիմա կրնանք կատարել արեան հերթական քննութիւններ՝ վերահսկելու, ախտաճանաչումը կատարելու, հետեւելու կանխատեսումին եւ նոյնիսկ որոշ քաղցկեղներու պարագային՝ օգտակար դառնալու բուժման:
Քաղցկեղներուն մեծ մասը ունի յատուկ ներբջիջային բնասպիտներ (intra-cellular proteins) կամ «հակածիներ», որոնք կրնան օգտագործուիլ վերահսկելու համար եթէ որոշ հիւսկէն մը (tissue) քաղցկեղային բջիջներ կը պարունակէ կամ ոչ: Այս հակածիները հետեւողականօրէն կ՛օգտագործուին վերահսկելու այս հաւանական ուռերը (բայց չեն օգտագործուիր իբրեւ յատուկ ախտաճանաչման միջոց): Հետագայ երկար ցանկը կը պարունակէ օգտակար միջոցներ.
– PSA (Prostatic Serum Antigen) շագանակագեղձի (prostate gland) համար՝ հետեւողականօրէն վերահսկելու 50 տարեկանէն վեր անձերը: PSA-ը կ՛օգտագործուի նաեւ մանրամասն կարծիք մը ունենալու եւ զանազանելու քաղցկեղը վարակումէն:
– CA-15-3 կիներու կրծքագեղձին համար: Աւելի օգտակար իբրեւ կանխատեսման եւ կուրծքի քաղցկեղի հետեւողական բուժման ցուցանիշ: Նոր CA27.29 կուրծքի քաղցկեղի այլ ազդարար մըն է, որ կ՛օգնէ ցոյց տալու հիւանդին հակազդեցութիւնը բուժման նկատմաբ:
– CA 125 իբրեւ ազդարար ձուարաններու/արգանդի ուռերուն համար: CA125 տղամարդոց մօտ կրնայ երբեմն օգտագործուիլ իբրեւ ազդարար ստամոքսային-աղիքային ուռերուն:
– HE-4(Human epidydimal protein 4), որ CA125 հետ միացած կրնայ յառաջացնել ROMA ցուցանիշը, որ օգտակար ազդարար մըն է բացառելու համար արգանդի ներգրաւուածութիւնը:
– CA 19-9 ստամոքսի գեղձի ուռի իբրեւ ազդարար:
– AFP (alpha fetoprotein) կ՚օգտագործուի իբրեւ ազդարար լեարդին համար եւ երբեմն ամորձային ուռի վերահսկողութեան համար:
– Beta-HCG տղամարդոց մօտ, ամորձային ուռի իբրեւ ազդարար:
– CA 72-4 ստամոքսային քաղցկեղի իբրեւ ազդարար:
– CYFRA իբրեւ ազդարար մարդոց մօտ ամէնէն տարածուած քաղցկեղին՝ թոքերու քաղցկեղին:
– Beta-2 Microglobulin իբրեւ ընդհանուր ազդարար աւշաբջիջի գործունէութեան, որ բաւական բարձր կ՚ըլլայ արեան վերաբերող քաղցկեղներու պարագային, ինչպէս Multiple Myeloma եւ lymphomas:
– Արեան մէջ բնասպիտները բաժնելու քննութիւնը եւ արեան մէջ immunoglobulin յայտնաբերելու քննութիւնը կրնան օգտակար դառնալ ախտաճանաչում կատարելու Multiple Myeloma-ի:
– SCC՝ գնահատելու համար թեփոտ մառային քաղցկեղները (պարանոցային, մորթ, եւ այլն)
– M2-PK՝ բացառելու համար աղիքային քաղցկեղի որոշ տեսակներ:
– CEA (carcino-embrynic antigen)՝ գնահատելու համար աղիքային-ստամոքսային ուռերը:
Կան բազմաթիւ տարրալուծարանային այլ ազդարարներ, որոնք կ՛օգնեն բժիշկին ախտաճանաչում կատարելու եւ բուժում առաջադրելու: Անոնք հիմնականին մէջ ծինային կամ հիւսուածաբանութեան վրայ հիմնուած ազդարարներ են, ինչպէս Estrogen եւ Testosterone RECEPTOR ազդարարներ, որոնք օգտակար կը դառնան բժիշկին աւելի լաւ բուժում տալու կուրծքի կամ ամորձային քաղցկեղներուն պարագային: Այլ ազդարարներ, ինչպէս ծինի մը մէջ տեղափոխութիւններու ներկայութիւնը եւ բացակայութիւնը, կրնան նաեւ օգտակար դառնալ բուժման մէջ, ինչպէս t9-21ի (Philadelphia Chromosome) տեղափոխութիւնը՝ բժշկելու համար երկարատեւ Մ. սպիտակարիւնութիւնը (Leukemia), JAK2ը՝ սպիտակարիւնութեան մէջ եւ t(5-11)ը՝ սուր Միելոյտ սպիտակարիւնութեան մէջ:
Չմոռնանք, որ իր արեան քննութիւններով՝ տարրալուծարանը ախտաճանաչման վերջնական պատասխանը չի տար: Ճառագայթային քննութիւնը, համակարգչային շերտագրական նկարահանումը (CT scan) եւ մագնիսարձագանգային նկարահանումը (MRI), Քէ ճառագայթային նկարահանումը (X-Ray) կը մնան արդիւնաւէտ միջոցներ ախտաճանաչումը կատարելու եւ վերահսկելու քաղցկեղները: Որոշ պարագաներու, ինչպէս կուրքծի, մորթի, ոսկորի եւ շագանակագեղձի քաղցկեղները, երբ անոնց կարելի է հասնիլ ասեղով, կենսահերձումը (biopsy) կրնայ մեծ դեր խաղալ, քանի որ ներկայ կասկածելի հիւսկէնը կրնայ վերլուծուիլ ախտաբանութեամբ: Փաստօրէն, ուռերու ախտաբանական վերլուծումը կը մնայ ամէնէն կարեւոր միջոցը իսկական ախտաճանաչում կատարելու: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ քաղցկեղի որոշ տեսակներ դիւրութեամբ հասանելի չեն, եւ քանի որ կենսահերձումները ինքնին ներխուժող են, տարրալուծարանային եւ նկարահանման քննութիւնները աւելի ընդհանրացած են՝ քննելու եւ հետեւողականօրէն հետեւելու հիւանդներուն:
Բայց տակաւին կան արեան ուռի ազդարարներու սահմանափակումներ եւ պէտք է մեկնաբանուին համապատասխանօրէն:
Օրինակ, շագանակագեղձի յատուկ հակածիներու քանակը կը բարձրանայ մանրէներու պատճառած շագանակագեղձի վարակումի պարագային եւ Beta-2 Microglobulin-ը կը բարձրանայ վարակումի մը դիմադրողականութեան հակազդեցութեան պարագաներուն: Ուռերու ազդարարները ախտաճանաչման առանձին միջոցներ չեն: Հոս յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել այն հիւանդներուն, որոնք նայելով իրենց արեան քննութեան արդիւնքներուն, կը նկատեն, որ քիչ մը բարձր ուռի ազդարար ունին եւ անմիջապէս կ՛եզրակացնեն որ իրենք քաղցկեղէն պիտի մահանան: Բժիշկը պէտք է անոնց փոխանցէ, որ ուռի ազդարարը կրնայ բարձրացած ըլլալ ոչ-մտահոգիչ այլ հիւանդութիւններու պատճառով, որոնք կրնան բուժուիլ: Միւս կողմէ, այն պարագաներուն երբ ուռին ամբողջական ախտաճանաչումը կատարուած չէ, ուռի ազդարարը կրնայ շատ բան ըսել, ցոյց տալու եթէ տրուած բուժումը արդիւնաւէտ է:
Վերջաւորութեան, կարեւոր է գիտնալ ո՞ր միջոցները օգտագործել, եւ ուռի ազդարարները մեծ դեր կը խաղան գնահատելու համար ուռերը, սակայն անոնք առանձին բաւարար չեն իսկական նախնական քաղցկեղի ախտաճանաչում կատարելու: