ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Տարբեր տեսակի ուտելիքներ դարերու ընթացքին մեծ տառապանք պատճառած են շատերու: Ոմանց տառապանքը հետեւանք է այն միջավայրին, ուր մարդիկ ապրած են, մինչդեռ այլոց՝ զուտ ժառանգական: Ուտելիքի հետեւանքով յառաջացած երեք հիմնական հիւանդութիւններն են` ալերժին, ինքնաախտամերժութիւնը («autoimmunity») եւ անհանդուրժողականութիւնը («intolerance»).
- Ալերժի. ուտելիքի ալերժին վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ երբ շարժի, մահը երկվայրկեաններու հարց կը դառնայ: Ալերժին կը յառաջանայ, երբ ուտելիքի որոշ տեսակ մը պատճառ կը դառնայ մարմնի ախտամերժ համակարգի չափազանց ներգործութեան՝ արտադրելով «IgE» կոչուած հակամարմինը, որ յատուկ է միայն ուտելիքի: Հոս «սխալը» այն է, որ մեր ախտամերժ համակարգը պարզ ուտելիքը կը շփոթէ կասկածելի բանի մը հետ ու կը հակազդէ անոր եւ օրկանիզմը կը պատրաստէ անոր դէմ: Եթէ պատահի որ նոյն կերակուրը նորէն ուտուի (անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ ետք), ապա զօրաւոր, եւ խորքին մէջ անտեղիօրէն կը հակազդէ:
Ալերժի պատճառող ուտելիքներու ընդհանրացած օրինակներ են գետնանուշը, ելակը, կովի կաթի սպիտակուցը («Casein»): Մանկաբոյժները այժմ այդ ուտելիքները մանուկներուն կը թելադրեն որոշ տարիքէ մը ետք միայն՝ նուազեցնելու օրկանիզմին ոչ անհրաժեշտ հակազդեցութիւնները: Եթէ ալերժի յառաջանայ, առաջին հակազդեցութիւնը (առաջին շփումը) որոշ անհանգստութիւն կը պատճառէ: Յաջորդ հակազդեցութիւնը զօրաւոր կ’ըլլայ, երբ լեզուն կրնայ ուռիլ, կոկորդի լորձաթաղանթը կրնայ ուռիլ` խանգարելով շնչառութիւնը: Քորթիզոնի արագ ներարկումը շատ շուտ կը նուազեցնէ այս չափազանցուած հակազդեցութիւնը:
Շնչառական հակաալերժի դեղերը այս պարագային չեն օգներ, որովհետեւ ալերժին շնչուղիներուն մէջ չէ:
Արեան ընդհանուր քննութիւնը «ուտելիքներու ալերժիի» համար սովորական քայլ մըն է` պարզելու ալերժիի առկայութիւնը բնակած երկրի եւ շրջակայքի սովորական ուտելիքներուն նկատմամբ:
- Ինքնաախտամերժ հիւանդութիւններ. անոնք հիմնականօրէն ծինային են, այսինքն` ընտանիքի անդամ մը նախապէս ունեցած է զայն: Անոնք իսկապէս շատ նեղութիւն կը յառաջացնեն, բայց կտրուկ մահ չեն պատճառեր, ինչպէս ալերժին: Տարածուած են Celiac՝ մարսողական, եւ աղիքներու բորբոքային հիւանդութիւննները: «Celiac»-ը ծինային հիւանդութիւն մըն է, որ դիմադրողական հակազդեցութիւն կը յառաջացնէ սնձանին («gluten») նկատմամբ՝ սպիտակուց («protein») մը, որ կը գտնուի ցորենի, հաճարի եւ գարիի մէջ: Տարիներու ընթացքին աղիքները դանդաղօրէն կը բորբոքին՝ անբաւարար կլանում յառաջացնելով: Հետեւանքը՝ թերսնուցում, եւ պատշաճ աճի անբաւարարութիւն: Բուժման հիմնական ձեւը սննդականոնէն սնձանին վերացումն է (առանց սնձանի հաց/մաքարոնեղէն/թխուած-քաբլիթներ): Արեան սովորական քննութիւն մը «Celiac»-ի համար կրնայ կանուխէն երեւան հանել հիւանդութեան հաւանականութիւնը, այնպէս որ ճիշդ սննդականոնով առաջքը կ’առնուի աղիքային լուրջ խնդիրներու:
Աղիքներու բորբոքային հիւանդութիւնը («In-flammatory Bowel Disease-IBD») ծինային հիւանդութիւն մըն է, որուն պարագային հիւանդը ցաւեր եւ փորհարութիւն կ’ունենայ օրուան մեծ մասը` խաթարելով կեանքի բնականոն ընթացքը: Տաքութիւնը շատ հաւանական չէ, որովհետեւ փորքշուքը վարակիչ չէ: Աղտոտութեան նոր քննութիւն մը՝ Calprotectin, կը յայտնաբերէ բորբոքման տարրերը եւ ցոյց կու տայ «IBD»-ի առկայութիւնը:
- Ուտելիքի անհանդուրժողականութիւն կը զարգանայ պարզապէս երբ աղիքներու պաքթիրիաները չեն սիրեր ձեր ընդունած սնունդը: Նկատի ունենալով, որ մարսողութեան գործընթացին մեծ մասը տեղի կ’ունենայ աղիքային պաքթիրիաներու հետ, անոնց պատշաճ թիւով քանակը կարեւոր է: Եթէ անոնց թիւը շատ քիչ է, ապա այլ «ոչ բարեկամական» մանրէներ կը յառաջանան եւ կ’ուտեն ձեր կերակուրը: Անոնք կրնան արտադրել թթուներ եւ կազեր, զորս մեր սովորական պաքթիրիաները չեն արտադրեր: Հիւանդը անհանգիստ կը զգայ՝ ցաւերու, փքածութեան եւ փորքշուքի պատճառով: Որոշ ուտելիքներ կրնան աւելի անհանգստութիւն յառաջացնել, քան միւսները: Անթիպիոթիքներու անտեղի գործածութիւնը կը սպաննէ մեզի բարեկամ պաքթիրիաները: Տակաւին, նորածինները կուրծքով կերակրելը կը նկատուի բնական միջոց մը ճիշդ ուտելիքով մարմնին բարեկամ պաքթիրիաներ փոխանցելու համար՝ միաժամանակ ապահովելով շատ կենսական ախտամերժութիւնը: Կան նաեւ տուեալներ, որ կուրծքով կերակրուող երեխաները ընդհանուր առմամբ նուազ հակամէտ են ալերժի զարգացնելու:
Ուստի, ուտելիքի անհանդուրժողականութիւն հիմնականօրէն կը զարգանայ երբ, ա) սխալ ուտելիք կ’ընդունիք ձեր բնական պաքթիրիաներուն համար, կամ բ) կ’ուտէք ճիշդ, բայց աղիքային մանրէներու խանգարուած համակարգի մը համար: Հակառակ անոր որ արեան քննութիւններ կան, բայց անոնք աւելի սուղ են, քան վերը նշուածը, եւ ընդհանրապէս անհանդուրժողականութիւն ունեցող պարագաները արդէն գիտեն, թէ ի՞նչ պէտք չէ ուտել՝ փորձելով ժամանակի ընթացքին: Անհանդուրժողականութիւնը չի սպաններ:
«Այս ուտելիքը փքածութիւն եւ տհաճութիւն կը պատճառէ ինծի», յաճախ կը լսենք: Ծանօթ ուտելիքներն են հում սխտորը, կաթնաշաքար կաթը («lactose-milk»), սոխը եւ հացագործին թթխմորը: