Ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի «Տի» կենսանիւթի պակասը: Իր ամէնէն ծայրայեղ ձեւին մէջ, մանկութեան ժամանակ «Տի» կենսանիւթի երկարատեւ եւ լուրջ պակասը, կոչուած՝ ոսկրաթեքութիւնը (rickets), կրնայ պատճառ դառնալ, որ ոսկորները ուշ եւ բնական ձեւով չաճին:
Այսօր, ոսկրաթեքութիւնը համեմատաբար հազուադէպ է, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ «Տի» կենսանիւթի պակասն ալ այդպէս: Այս պակասի հաւանական հետեւանքները առողջութեան վրայ լուրջ են, քանի որ Տի» կենսանիւթի պակասը կը պատճառէ ոսկրափխրում (osteoporosis), սրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, ինքնադիմադրողականութեան թերաշխատանքային հիւանդութիւններ (autoimmune diseases), բարձր զարկերակային ճնշում եւ յղիութեան վրայ վատ ազդեգցութիւններ:
Երբեմն դժուար կ՛ըլլայ ճշդելը եթէ յաւելեալ «Տի» կենսանիւթի պէտք ունիս: Ստորեւ կը գտնես 15 ախտանշաններ, որոնք քեզի կ՛օգնեն գիտնալու եթէ «Տի» կենսանիւթի պակասը ունիս:
1) Մկանային թուլութիւն
Մկանային թուլութիւնը կրնայ պարզապէս մարմնային յոգնածութիւն ըլլալ: Եթէ աւելի ընդհանուր յոգնածութիւն կը զգաս մարմինիդ վրայ, մկանային թուլութեան հարցերը մարմնի յատուկ մասերուն մէջ կրնան պահուած եւ աննկատ մնալ ամիսներով: Երբ «Տի» կենսանիւթի պակասը վատթարանայ, ախտանշանները աւելի զօրաւոր կը դառնան եւ դժուար կ՛ըլլայ զանոնք անտեսել: Ընդհանուր ցաւերը կը վերածուին մկանային եւ ոսկրային ցաւերու եւ յոգնածութիւնը կը վերածուի մկանային թուլութեան:
2) Ոսկրային ցաւ
Իբրեւ չափահաս, ձեր ոսկորները այլեւս չեն աճիր, բայց նոր ոսկրային հիւսուածքը միշտ կը փոխարինէ հինը: «Տի» կենսանիւթի պակասը կը խոչընդոտէ այդ փոխարինումը՝ պատճառելով չափահասներու ոսկրաթեքութիւն, ինչ որ ցաւ կը պատճառէ եւ կը բարձրացնէ ոսկրափխրումը:
Արեւէն խուսափիլը եւ կաթնեղէն չուտելը կը պատճառէ «Տի» կենսանիւթի պակաս, որ կրնայ ոսկրային ցաւ պատճառել: Դժուար կ՛ըլլայ ատիկա մկանային կամ յօդային ցաւէն զանազանել, բայց ոսկրային ցաւը աւելի խորունկ է եւ մէկ տեղի վրայ չի կեդրոնանար:
3) Շնչառութեան մշտական հարցեր
«Տի» կենսանիւթը օգտակար կ՛ըլլայ պայքարելու շնչառական հիւանդութեան դէմ, յատկապէս երեխաներուն մօտ: Եթէ երեխադ լուրջ մնայուն շնչարգելք (asthma) ունի, պէտք է անոր յաւելեալ «Տի» կենսանիւթ տաս:
4) Քրտնած գլուխ
Եթէ նորածիններու գլուխը բնականէն շատ աւելի կը քրտնի, ուրեմն ասիկա կրնայ շատ նախնական նշան մը ըլլալ «Տի» կենսանիւթի պակասի: Կաթ տուող մայրերը պէտք է իրենց սննդականոնին մէջ ներառեն ուտելիքներ, որոնք հարուստ են «Տի» կենսանիւթով:
«Տի» կենսանիւթով հարուստ ուտելիքներ՝ իւղոտ ձուկ (ինչպէս թունա), նարինջի հիւթ, սոյայի կաթ եւ որոշ արմտեղէն, եւ կաթնեղէն:
Եթէ չափահասներուն ալ ճակատէն քրտինք վազէ բնականոնէն աւելի՝ պէտք է բժիշկին այցելեն:
5) Ընկճուածութիւն
Արեւը կարեւոր է, որպէսզի ժպիտ գծուի երեսիդ վրայ: «Տի» կենսանիւթը յաճախ կոչուած է արեւու կենսանիւթ, քանի որ ատիկա կ՛աշխուժանայ ձեր մորթին մէջ արեւու ճառագայթին միջոցով: Եթէ կ՛ապրիս վայրի մը մէջ, ուր արեւու լոյսը շատ քիչ է, ապա ատիկա կրնայ ընկճուածութիւն պատճառել:
Պակասը կրնայ ժխտականօրէն ազդել տրամադրութեանդ վրայ:
Այս կարեւոր կենսանիւթը կ՛օգնէ ուղեղիդ՝ արտադրելու սերոթոնին, որ կ՛ազդէ քու ուրախութեան զգացումներուդ վրայ:
6) Անպտղութիւն (infertility)
«Տի» կենսանիւթի պակասը կրնայ անպտղութիւն պատճառել:
Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ «Տի» կենսանիւթի պակասը կրնայ պատճառ դառնալ ձուարաններու փոլիկիսթոզ համախտանիշի յառաջացման, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անպտղութեան: Այս համախտանիշի սովորական ախտանիշ կը նկատուին մութ, թաւշեայ մաշկի հետքերը:
7) Երկարատեւ վարակումներ
«Տի» կենսանիւթը ազդեցութիւն ունի մարդկային մարմնի աւելի քան 2000 ծիներու վրայ, ուրեմն զարմանալի չէ, որ մարմնի վարակամերժութեան ուժը կապուած է ձեր առած «Տի» կենսանիւթի քանակին հետ: Երբ «Տի» կենսանիւթի բաւարար քանակ կայ ձեր մարմնին մէջ, ձեր վարակամերժութիւնը զօրաւոր կ՛ըլլայ եւ կրնայ պայքարիլ վարակումներու եւ հիւանդութիւններու դէմ:
8) Սրտանօթային հիւանդութիւն
Սրտանօթային հիւանդութիւնները կը ներառեն վնասուած սրտի անօթներ կամ յաճախակի արիւնակոյտեր: «Տի» կենսանիւթի պակասը կրնայ պատճառել Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած:
Սրտանօթային հիւանդութիւններու կարգ մը ախտանշանները, որոնք կարելի է նկատել, կը ներառեն գլխապտոյտը, ծանր փքուածութիւն (յատկապէս ոտքերուն մէջ), շնչառական հարցեր եւ կուրծքի ցաւ: Եթէ այս ախտանշաններուն մէկը կը զգաս, պէտք է անմիջապէս բժիշկիդ կապուիս:
9) Քորախտ (Psoriasis)
Քորախտը կը դրսեւորուի իբրեւ թեփի կոյտ գլխուդ վրայ կամ մարմնիդ այլ մասերուն վրայ: Ճնշուածութիւնը կրնայ ատիկա սաստկացնել: Հակառակ որ քորախտը միշտ չէ կապուած «Տի» կենսանիւթի պակասին, բայց այդ կենսանիւթը յաճախ կ՛օգտագործուի բուժման ընթացքին: Կ՛ըսուի, որ եթէ «Տի» կենսանիւթի պակաս ունիս, քու մարմինիդ համար աւելի դժուար է պաշպանուիլ քորախտի դէմ:
10) Երկարատեւ ցաւ
Եթէ երկարատեւ ցաւ ունիս մարմնիդ վրայ, պատճառներէն մէկը «Տի» կենանիւթի պակասը կրնայ ըլլալ: Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցուց տուին, որ «Տի» կենսանիւթի ցած մակարդակները կը բարձրացնեն հաւանականութիւնը ունենալու երկարատեւ ցաւ: Դեղահատները յաճախ ատիկա կը բուժեն:
11) Յոգնածութիւն
«Տի» կենսանիւթը այն կենսանիւթիւներէն մէկն է, որուն պէտք ունի քու մարմինիդ աշխուժութիւն տալու եւ անոր բացակայութիւնը կրնայ քեզի յոգնած զգացնել օրուան մեծ մասին ընթացքին:
Երկարատեւ յոգնածութիւնը կրնայ երեւան հանել այլ ախտանշաններ, որոնք պատճառ դարձած են մարմնիդ մէջ «Տի» կենսանիւթի պակասէն: Եբր յոգնած կը զգաս, աւելի քիչ մարզանք կ՛ընես կամ դուրս կ՛ելլես: Մարզանքը կամ արեւը անտեսելով կրնան «Տի» կենսանիւթի պակասի ազդեցութիւնները աւելցնել:
12) Արեան յառաջացած գերճնշում (hypertension)
«Հարվըրտ» համալսարանը կատարած է շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան սրտանօթային հիւանդութեան եւ արեան յառաջացած գերճնշումի արդիւնքը իբրեւ «Տի» կենսանիւթի պակաս: Այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ նաեւ «Տի» կենսանիւթի օգտագործումը իբրեւ բուժում արեան յառաջացած գերճնշումէ տառապողներուն:
Կարեւոր է նշել, որ արեան յառաջացած գերճնշումը կրնայ զգալիօրէն բարձրացնել վտանգը լուրջ առողջական հարցերու, ինչպէս սրտի կաթուած եւ ուղեղային կաթուած:
Եթէ անձկութենէ (anxiety) կը տառապիս, «Տի» կենսանիւթ դեղահատը կրնայ օգտակար դառնալ քեզի:
13) Դիւրագրգռութիւն
Եթէ դիւրագրգիռ կը զգաս, ատիկա կրնայ նշանակել, որ դուն բաւարար չափով սերոթոնին չես արտադրեր: «Տի» կենսանիւթը կ՛օգնէ, որ քու տրամադրութիւնդ հաւասարակշռուած մնայ, ապահովելով, որ ուղեղդ աշխատի այդ նիւթերով, որոնց պէտք ունի աշխուժ եւ կեդրոնացած մնալու: Արեան պարզ քննութիւն մը կրնայ յայտնաբերել եթէ կենսանիւթի պակաս ունիս, եւ պարզ լուծումներ՝ ինչպէս արեւուն տակ կենալ կամ «Տի» կենսանիւթով հարուստ ուտելիքները կրնան օգնել քեզի:
14) Երիկամունքի երկարատեւ հիւանդութիւն
Երիկամունքները կ՛օգնեն աղտոտութիւնը հանելու քու արեանդ մէջէն: Երբ անոնք լաւ չեն աշխատիր, արիւնդ կրնայ լեցուիլ աղտոտութեամբ, ինչ որ լրջօրէն վնաս կը հասցնէ քու առողջութեանդ: Բժիշկները յայտնաբերած են «Տի» կենսանիւթին կարեւորութիւնը՝ երիկամունքներու առողջութեան համար:
Երբ տարիքդ կ՛առնես, երիկամունքները լաւ ձեւով չեն կրնար պահել «Տի» կենսանիւթը: Ուրեմն կե՛ր այդ կենսանիւթով հարուստ ուտելիքներ կամ դեղահատներ ա՛ռ:
15) Նուազող տոկունութիւն
Եթէ մարզիկ ես եւ նկատես, որ քու տոկունութիւնդ կը նուազի ոչ հասկնալի պատճառով, կրնայ ըլլալ, որ «Տի» կենսանիւթի պակաս ունիս:
Բարեբախտանար, եթէ «Տի» կենսանիւթի պակասը կը պատճառէ այս հարցերը, ուրեմն քու տոկունութիւնդ կը վերադառնայ բնականոնին երբ «Տի» կենսանիւթի մակարդակը բնականոն դառնայ:
Ժամանակակից կեանքի անցանկալի ազդեցութի՞ւն
Մեզմէ շատերուն համար գործ կը նշանակէ գրասեղանի ետին նստիլ ամբողջ օրը եւ ժամանց կը նշանակէ հեռատեսիլ դիտել կամ ընկերային ցանցերով զբաղիլ: Շատ ժամանակ կ՛անցնենք ներսը, բայց նոյնիսկ երբ բացօթեայ տեղ ըլլանք, մենք մեծ քանակով արեւէն պաշտպանոելու քրեմ կը դնենք, որպէսզի կանխահաս ծերութենէ եւ մորթի քաղցկեղէ խուսափինք:
Կաթնեղէնը հարուստ է «Տի» կենսանիւթով, բայց մարդիկ շատ աւելի նուազ քանակով կաթնեղէն կը սպարեն, քանի որ անոնք կը հետեւին սննդականոնի, կամ ունին կաթի դիւրազգացութիւն (allergy), կամ կաթնաշաքարի անհանդուրժողականութիւն (lactose intolerance):
Եթէ նկատես որեւէ նշաններ կամ ախտանշաններ, որոնք քեզի կը մտահոգեն, պէտք է խօսիս բժիշկիդ հետ: «Տի» կենսանիւթի պակասը դիւրութեամբ կը ստուգուի եւ դիւրութեամբ կը բուժուի:
ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ ՆԱՐԷ ԳԱԼՄԳԵՐԵԱՆ