ՏՈՔԹ. Յ.Գ.
Պանանին օգտակարութեան մասին հակասական կարծիքներ կը տիրեն ժողովուրդին մօտ: Ոմանք դժուարամարս եւ պնդութեան պատճառ կը նկատեն ու բերան չեն դներ զայն: Ուրիշներ, գնահատելով հանդերձ համն ու սննդական արժէքը՝ միայն մէկ կամ երկու հատ կ՚ուտեն անկէ, ճաշէն ետք:
Կեդրոնական Ամերիկայի, Ովկիանիոյ կղզիներէն շատերուն, Ափրիկէի եւ Ասիոյ հասարակածային շրջաններուն մէջ, ժողովուրդին կենսական սնունդն է պանանը, ինչպէս բրինձը՝ դեղին ցեղի պատկանող ժողովուրդներուն համար:
Վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ, պանանին ամէնօրեայ սպառումը զարմանալի կամ արհամարհելի չէ երբեք: Եւրոպացի յայտնի բժիշկներ եւ կենսաբաններ, տարրալուծական եւ այլ փորձերէ վերջ՝ բարձր կը գնահատեն պանանին սննդական արժէքը եւ իրենց հրատարակած տեղեկագիրներուն եւ գիրքերուն մէջ կը յայտարարեն, թէ «կենսատու տարրերով պանանը աւելի հարուստ է քան գետնախնձորը եւ նոյնքան կենսատու է՝ որքան իր ծանրութեամբ միսը»:
Պանանը հարուստ է «Էյ», «Պի» եւ «Սի» կենսանիւթերով (վիթամին): Կը պարունակէ նաեւ նկատելի քանակութեամբ շաքար, նաեւ երկաթ, ֆոսֆոր եւ հանքային աղեր, այսինքն՝ մարդկային մարմնին անհրաժեշտ գրեթէ բոլոր նիւթերը: Հետեւաբար, հիանալի կազդուրիչ մըն է տկարակազմերուն, ապաքինողներուն, մտային եւ մկանային շատ աշխատանք կատարողներուն համար: Մեծապէս կը նպաստէ ոսկորներու աճման, ատոր համար ալ ջերմօրէն յանձնարարելի է մանուկներուն եւ պատանիներուն: Օգտակար է նոյնպէս յօդացաւէ տառապողներուն:
Պանանին շատ հարուստ սնանիւթ մը ըլլալը ընդգծելով՝ չենք ուզեր ըսել անշուշտ, որ կարելի է ապրիլ միմիայն պանան ուտելով: Սակայն, եթէ պանանով հաց կամ երկու պանան եւ գաւաթ մը կաթ առնէ մէկը որպէս ճաշ կամ ընթրիք՝ կրնայ վստահ ըլլալ, որ իր սննդառութիւնը լրիւ է եղած:
Բայց՝ ուշադրութի՛ւն: Որպէսզի պանանը ունենայ սնուցիչ իր բոլոր յատկութիւնները՝ պէտք է ըլլայ հասո՛ւն, այսինքն կեղեւին գոյնը ըլլայ դեղին, սրճագոյնի զարնող կէտերով ծածկուած:
Խակ ըլլալու պարագային է միայն, որ պանանը կ՚ըլլայ դժուարամարս եւ կու տայ պնդութիւն:
Հասուն պանանը երբ լաւ ծամուի՝ հանդուրժելի է ամէնէն փափուկ ստամոքսներուն անգամ եւ յանձնարարելի բոլորի՛ն, բացի շաքարախտաւորներէն, որոնց կը վնասէ պանանին պարունակած շաքարի քանակը:
Բնականէն պնդութեան ենթակայ անձերն ալ նախընտրելի է, որ քիչ ուտեն պանան, կամ անոր հետ՝ ուտեն նաեւ ջրոտ այլ պտուղներ, որպէսզի իրենց ստամոքսը մնայ աւելի հանգիստ: