ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Պատմութեան ամէնէն մահացու համաճարակէն անցած են 103 տարիներ: Այսօր գիտնականները խուճապի մատնուած են լուծում մը գտնելու երկու տարի առաջ բռնկած նմանօրինակ համաճարակի մը: 1918-ի Influenza-ն (կռիփը) սպաննեց տասնեակ միլիոններով մարդիկ եւ քանի մը ամսուան ընթացքին տարածուեցաւ երկրագունդին մէջ:
Այսօրուան «Քորոնա» ժահրի բռնկումը մասնագէտները կը ստիպէ վերլուծելու անցնող համաճարակներու եզրակացութիւնները՝ նպատակ ունենալով, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կեանքը պիտի վերադառնայ իր բնականոն հունին:
Ինչպէ՞ս վերջ գտաւ ամէնէն մահացու համաճարակը, որ արձանագրուած է մեր պատմութեան մէջ:
1918-ին, Influenza-ով վարակուածները ժամանակ մը ետք ձեռք բերին անձեռմխելիութիւն՝ հակամարմիններ ստեղծելով, եւ կեանքը վերադարձաւ իր սովորական ընթացքին, 1920-ի սկիզբները: Ըստ պատմագէտներու եւ բժշկական մասնագէտներու, այդ ժամանակաշրջանի զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ ալիքային սրացումներէն ետք, համաճարակը դարձաւ նուազ մահացու:
Բայց «կռիփ»ի հիւանդութիւնը չանյայտացաւ: Influenza-ի ժահրը յաճախակի փոփոխութեան ենթարկուեցաւ՝ փոխանցուելով մարդոց, խոզերու եւ ուրիշ կենդանիներու:
Հիւանդութեան տարածումը համաճարակի մակարդակին հասնելէ ետք ձեւափոխուեցաւ սովորական եղանակային «կռիփ»-ի:
1918-ի H1N1 ժահրի ժառանգորդներն են այսօրուան Influenza-ի ժահրերը, որոնց դէմ ամէն տարի կը պայքարինք: Փաստօրէն, 1918-ի «կռիփ»ը տակաւին մեզի հետ կը գոյատեւէ. ան երբեք չէ հեռացած հրապարակէն: Յստակ չէ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս 1918-ի Influenza-ն բռնկած է, սակայն որոշ տուեալներով H1N1 ժահրը անցած է թռչուններէն մարդուն:
«Կռիփ»ը քանի մը շաբթուան ընթացքին կը տարածուի ամբողջ քաղաքի մը մէջ: 1918-ի «կռիփ»ը շատ մարդոց համար նորութիւն էր, մանաւանդ արագ տարածուիլը եւ մահերու թիւը: Նոյնիսկ նախագահ Ուիլսոն կը վարակուի Influenza-ով, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան բանակցութիւններու ընթացքին:
Գալով եղանակային Influenza-ին, ան մահացու կրնայ ըլլալ հիւանդացող երիտասարդին կամ տարեցին: Անշուշտ մահերու տոկոսը ջնջին է, համեմատած 1918-ի Influenza-ին:
1918-ին մահացող հիւանդներու մօտաւորապէս կէսը 20-էն 30 տարեկանի միջեւ գտնուող տղամարդիկ ու կանայք էին: Մահը կը հարուածէր մարդկանց լաւագոյն տարիքային փուլին:
Ըստ պատմագէտ Ճոն Մ. Պէրրիի, այդ թուականներու երիտասարդներուն 8-էն 10 տոկոսը մահացած է համաճարակէն: Այս նշուած է իր գիրքին մէջ՝ «The Great Influenza»:
Այս ընթացքին, Առաջին համաշխարհային պատերազմը կը շարունակուէր: Արիւնալի ճակատամարտերը Եւրոպայի տարածքին կը խլէին 8.5 միլիոն զինուորի կեանքը:
Պատերազմը օգնեց ժահրի տարածման, որովհետեւ պատերազմական գօտի դարձած տարածքներուն մէջ, մարդիկ կը խցուէին ապահով անկիւններու մէջ, խուսափելու մահէն: 1918-ի հիւանդութեան բռնկումը կոչեցին՝ «Սպանական կռիփ»: Սպանիան չէզոք մնացած էր պատերազմին, եւ եղաւ առաջին պետութիւնը, որ հրապարակաւ զեկուցեց հիւանդութեան պարագաներու մասին: Չինաստանը, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները արդէն ունէին սոյն կռիփի պարագաներ, բայց պատերազմական դրութեան գրաքննութիւնը այս ժահրի բռնկումը հեռու պահեց օրաթերթերէն: Սպանիոյ թագաւորը՝ Ալֆոնսօ Գ. եւ իր կառավարութեան բազմաթիւ անդամներ վարակուեցան: Այս ցաւալի իրադարձութիւններուն ընթացքը թողուց մնայուն, կապելով երկիրը մահացու ժահրի բռնկման հետ:
Վատ սովորութիւն մը գոյութիւն ունի, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, այդ ալ մեղադրել պետութիւն մը, կամ խումբ մը մարդիկ որպէս համաճարակի պատճառ՝ դարեր շարունակ կրկնուող սովորութիւն:
Ինչ որ վերջերս պատահեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնով՝ չինական ժահրին մասին:
1918-ի «կռիփ»ի համավարակը ի՞նչ կրնար սորվեցնել պետութիւններուն: Ինչպէ՞ս կասեցնել կամ վերսկսիլ կեանքը «քորոնա» ժահրի տարածման ընթացքին:
Influenza-ի ժահրը որքան երկար կը գոյատեւէր որոշ համայնքի մը մէջ, հիւանդութիւնը կը դառնար նուազ մահացու:
«The Great Influenza» գիրքին մէջ կը նշուի, որ ժահրը երբ կը հասնի Միացեալ Նահանգներ, ան կ՚ըլլայ շատ աւելի մահացու ու արագ տարածուող քան որոշ ժամանակ մը ետք, ուր կը նկատուի անոր թուլացումը եւ իր պատճառած մահացութեան տոկոսի նուազումը: Ըստ մասնագէտներու, գոյութիւն ունի ժահրի բնական ընթացք մը, բայց ոչ միշտ այս ընթացքը կը գործէ, ուր ժամանակին հետ զուգահեռ ժահրը կը դառնայ նուազ մահացու:
Այս փոփոխութիւնը ի շահ ժահրին է, որ իր գոյութիւնը կարենայ պահպանել ու անընդհատ տարածուիլ նախքան հիւրընկալող մարմինին (այս պարագային հիւանդին) մահանալը:
Influenza ժահրը բնական ընթացքի մէջ կը մտնէ եւ պարզապէս փոխուելով կը դառնայ եղանակային Influenza՝ աւելի մեղմ, եւ նուազ մահացու:
1920-ի սեմին, Influenza-ի ժահրը տակաւին սպառնալիք կը հանդիսանար, բայց հիւանդութենէն մահացողներու թիւը նուազած էր: Նոյնիսկ որոշ գիտնականներ ժահրի ուսումնասիրութենէն հրաժարելով ուրիշ հետազօտութիւններու կ՚անցնէին:
Յայտնի գիտնական Հենրի Ուէլչ, որ «Ճոն Հոփքինզ կեդրոն»-ի մէջ կ՚ուսումնասիրէր ժահրը, կը նկարագրէ, թէ նուաստացուցիչ է տեսնել, որ ժահրի բռնկումը կը մօտենար իր աւարտին, բայց մասնագէտները չէին հասկցած անոր յառաջացման հիմնական պատճառը: Ինչ որ Ուէլչը չէր կանխատեսած այն էր, որ ժահրը իսկապէս չէր վերացած:
2009-ին, Տէյվիտ Մորէն եւ Ճէֆրի Թուպէնպըրկըր, երկու Influenza-ի մասնագէտներ համահեղինակ դարձան յօդուածի մը, ուր կը նկարագրէին, թէ ի՛նչպէս 1918-ի Influenza ժահրի ժառանգորդները նպաստեցին համաճարակային դարաշրջանի մը զարգացման:
2009-ին արդէն 1918-ի H1N1 Influenza ժահրի չորրորդ սերունդը կը զարգանար:
Այդ թուականէն սկսեալ բոլոր համավարակները՝ 1957, 1968, 2009, բոլորն ալ ածանցեալներն են 1918-ի «կռիփ»ին: Քորոնա ժահրը ուղղակիօրէն կապուած է 1918-ի նախկին ժահրին: Մարդկային ընկերութիւնը զարգացաւ 100 տարուան ընթացքին, բայց ժահրը շարունակեց գոյատեւել նոր ձեւով:
«Մենք կ՚ապրինք համաճարակային դարաշրջան մը, որ սկսած է 1918-ին»,- Ֆաուչի եւ Մորէնս կը գրէին 2009-ին, «New England Journal of Medicine»ի մէջ: 1918-էն ի վեր, այս յամառ ժահրը գոյատեւելու տարբեր զարգացումներ ունեցած է: Մենք կը շարունակենք վերադառնալ 1918-ի համաճարակին բռընկման, որպէս համեմատութեան բնորոշ կէտ:
Հանրային առղջապահական որոշ միջոցառումները, որոնք որդեգրուած են 100 տարի առաջ, այսօր նոյնպէս կ՚օգտագործուին: Քաղաքներ եւ աւաններ քիչ թէ շատ կանգ առին եւ մեկուսացուեցան՝ ժահրին տարածման ալիքը մեղմացնելու նպատակով:
Այսօրուան համաճարակին եւ 1918-ի Influenza-ին միջեւ գոյութիւն ունին նմանութիւններ, որոնց պէտք է անդրադառնանք: Երկուքին աղբիւրն ալ թեւաւոր կենդանիներ են, առաջինը՝ թռչուններ, երկրորդը՝ չղջիկներ: Երկուքն ալ շնչառական ժահրեր են: Երկուքն ալ ստիպեցին մարդոց օգտագործելու դիմակներ հանրութեան մէջ: Երկուքն ալ պատճառ դարձան քաղաքներու եւ դպրոցներու փակուելուն որոշ ժամանակաշրջանով: Եւ վերջապէս, երկու պարագաներուն ալ, պետութիւններու ղեկավարներ պատճառ դարձան ժահրին յաւելեալ տարածման՝ անտեսելով նախազգուշական նշանները:
Հակառակ այս բոլորին, Influenza-ի եւ «Corona»-ի ժահրերը նոյնը չեն: Շատ քիչ բան կարելի է օգտագործել Influenza-ի բուժման եղանակէն որպէս Covid 19-ն դարմանելու միջոց: «Ասոնք իսկապէս տարբեր ժահրեր են». Influenza-ն կայուն եւ յարաբերապէս արագ է բաղդատած «Corona» ժահրին:
Երբ «կռիփ»-ով բռնուի մէկը, նշանները կը սկսի զգալ կամ նկատել վարակումէն մէկէն մինչեւ չորս օր ետք:
Covid 19-ի պարագային, 5-րդ օրը ընդհանրապէս նշանները կը յայտնուին, ու կը շփոթենք «կռիփ»ին հետ, բայց եւ կրնայ պատահիլ, որ նշանները երեւան գան 10 օրէն մինչեւ 2 շաբաթ ետք: «Corona» ժահրը նոյն տեւողութեամբ չի շարժիր, ինչպէս որ էր պարագան 1918-ի Influenza-ին. ամէն ինչ երկար կը տեւէ «Corona» ժահրին հետ՝ նշանները, հիւանդութիւնը եւ նոյնիսկ բարդութիւնները:
Յետոյ ունինք նաեւ առանց նշանի հիւանդութիւնը կրողներ: Այս մանրամասնութիւնը կը դժուարացնէ չափաւորելու կամ մեղմացնելու հիւանդութեան տարածումը՝ պարզապէս անհատներու ջերմութիւնը չափելով. ուրեմն եւ կը շեշտուի PCR-ի կարեւորութիւնը:
Գալով ամէնէն կարեւոր հարցումին, որ 1918-ի համաճարակին բռնկումը ի՞նչ կրնայ յուշել մեզի, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերջանայ այսօրուան համաճարակը: Յստակ է մէկ բան սակայն, որ շատ բան չի կրնար ըսել:
Այս իւրայատուկ համաճարակը պատճառող ժահրին հետ միշտ կը նշուի բառ մը, որ կ՚ամփոփէ անոր զօրութիւնը. «The novel virus», այսինքն՝ նոր եւ տարօրինակ ժահրը: Ամէն օր նոր բան սորվելով հանդերձ «Corona» ժահրին մասին, կու գանք միշտ ըսելու, որ շատ բան չենք գիտեր տակաւին:
Արդեօք այս համաճարակն ալ պիտի մարի՞ ինչպէս՝ 1918-ի համաճարակը, ու գիտնականները անծանօթ ժահրը պիտի թողուն անծանօթ:
Ժամանակը պիտի պատասխանէ թերեւս, բայց կեանքը վստահ պիտի շարունակուի, ու պատմութեան էջերէն մէկուն անկիւնը յիշուի այս համաճարակը: