10-րդ դարու չինական եւ հնդկական աղբիւրներ վկայութիւներ կու տան «բնական ծաղիկի» դէմ պատուաստումի մասին. այդ ժամանակներէն ի վեր մարդիկ ըմբռնած էին մնայուն ախտամերժութեան պաշտպանական յատկութիւնները: Այն փաստը, որ բնական ծաղիկը յաղթահարած մարդիկ հետագային նորէն չէին վարակուեր, միջնադարեան բժիշկները մղած է մտածելու պատուաստումի եղանակներու մասին:
Մեծ տարածում ունեցող վարակիչ այս հիւանդութիւնը շուրջ 40% մահացութեան համեմատութիւն ունէր:
Ծանօթ է, որ 17-րդ դարերուն հիւանդ մարդու մաշկին վրայ գոյացած բշտիկներու արտադրութեամբ ներծծուած որեւէ կտաւ կը տեղադրուէր առողջ մարդու քթանցքին մէջ կամ մաշկին տակ: Այս ձեւով կը ստեղծուէր հիւանդութեան աւելի թեթեւ ձեւը՝ ծաղկապատուաստ (variolia) ստացած մարդը հետագային նորէն չէր հիւանդանար:
Մեզի հասած եւ իր շառաւիղներուն ուղղուած չինացի Քանկ Չի կայսեր (1661-1722) նամակին մէջ, ան կը խրախուսէր բնական ծաղիկի կանխարգելման այս մեթոտը եւ հպարտութեամբ կը նշէր, որ ինք իր զաւակները եւս պատուաստած է:
Հայկական միջնադարեան ձեռագիրներուն մէջ (Շիրակացի, Հերացի) եւս կան վկայութիւններ այս հիւանդութեան գոյութեան մասին հին Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մէջ բնական ծաղիկի լայն տարածման մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ 7-րդ դարու արաբ բժիշկ Էլ Ռազին: Հայերը եւս ծաղկապատուաստի իրենց սեփական եղանակը մշակած էին հիւանդին մորթին վրայի բշտիկներու արտադրութիւնը կը լեցնէին չամիչի մէջ եւ կը կլլէին:
Լէյտի Մէյրի Մոնթէկիւ
Եւրոպայի մէջ, բժշկական միջոցառումի այս եղանակը առաջին անգամ յայտնի կը դառնայ Անգլիոյ մէջ՝ անգլիացի գրող Լէյտի Մէյրի Մոնթէկիւի (1689 – 1762) միջոցով: Իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Բրիտանական կայսրութեան դեսպանին կինը,1715-ին, ան Թուրքիոյ մէջ կը ծանօթանայ ծաղկապատուաստումի գործածութեան, որ շատ տարածուած էր տեղացիներուն մէջ:
Լէյտի Մէյրին կը պատուաստէ իր վեցամեայ զաւակը, իսկ Անգլիա վերադառնալէ ետք, նոյն միջոցառումը կը կրկնէ նաեւ իր փոքր աղջկան վրայ՝ գործնապէս նպաստելով այս մեթոտի տարածման:
Ազդեցիկ գրողին ջանքերը ապարդիւն չեն մնար, եւ շուտով Անգլիոյ մէջ եւս այս միջոցառումը ընդհանուր գործածութեան կը դրուի: Սակայն, այս մեթոտը նաեւ վտանգաւոր էր, որովհետեւ 2% մահեր կը պատահէին:
Դարավերջին, Անգլիացի բժիշկ Էտուարտ Ճէնէր՝ լսելով, որ կթուորուհիները բնական ծաղիկով չեն վարակուիր, քանի մը տարի կ՚ուսումնասիրէ այդ երեւոյթը, իսկ 14 Մայիս 1796-ին, պատմական փորձարկում կը կատարէ: Ճէնէր կթուորուհի Սարա Նելմզի ձեռքի բշտիկներէն մէկը կը ծակէ բժշկական դանակով եւ մէջէն դուրս եկած հեղուկը կը փոխանցէ ութամեայ Ճէյմս Ֆիփսին՝ միեւնոյն դանակով անոր ձեռքին փոքր կտրուածքներ բանալու եղանակով: Հետագային, տղան բնական ծաղիկով վարակելու Ճէնէրի բոլոր փորձերը կը ձախողին՝ փաստ պատուաստումին արդիւնաւէտութեան:
1801-ին, մեծ յաջողութիւններ գտնելով Եւրոպայի մէջ, պատուաստի այս եղանակը կը հասնի Մ. Նահանգներ, ուր նախագահ Թոմաս Ճեֆըրսըն կը ներկայացնէ պատուաստումի ազգային ծրագիր մը:
Իսկ 1805-ին, Սպանիոյ Չարլզ 4-րդ թագաւորը կը ձեռնարկէ մարդասիրական արշաւի մը՝ նպատակ ունենալով պատուաստը հասցնել հարաւամերիկեան գաղութներ: Պատուաստանիւթը տեղ հասցնելու նպատակով, նաւով 22 որբ սպանացի երեխաներ (8-10 տարեկան) կը տանին՝ զանոնք կարգով վարակելու եղանակով պատուաստանիւթի փոխանցման բնական շղթայ մը կազմելով:
Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Առողջապահական թերթ»ի 1884-ի 4-րդ եւ 5-րդ միացեալ համարին մէջ, բժիշկ Ա. Միրիմանեանի «Ծաղպատուաստի օգուտը» յօդուածին մէջ կը նշուի, որ հիւանդութիւնը կը շարունակէ ամէն տարի գլուխ բարձրացնել, թէեւ պատուաստին յայտնաբերումէն յետոյ արդէն բաւական ժամանակ անցած է, սակայն նոյնիսկ զարգացած մարդոց շրջանակներուն մէջ, տակաւին շատ են նախապաշարումները, եւ այդ պատճառով՝ պատուաստէն խուսափողները:
Յօդուածին հեղինակը կը մէջբերէ վերջին տարիներուն Անգլիոյ մէջ ծաղիկի պատճառով մահերու կրճատման ցուցանիշները եւ կը նշէ, որ որոշ պարագաներու կը կիրարկուի կրկնակի պատուաստումի ձեւը:
Բայց եւ այնպէս, պատուաստին յայտնաբերումէն գրեթէ մէկ դար անց, անվստահութիւն եւ նախապաշարումներ ունենալու հարցին մէջ հայերը միակը չէին: Նոյն թերթին 1881-ի 4-րդ համարէն ի յայտ կու գայ, որ ֆրանսական հասարակութեան մէջ եւս քիչ չէին անհիմն վարկածները:
«Առողջապահական թերթ»ը մասնաւորաբար թարգմանաբար հրապարակած է Փարիզի մէջ հրապարակուող «La medecine populaire» թերթի 1880-ի 8-րդ թիւին մէջ լոյս տեսած «բժիշկին նամակը իր աղջկան» նիւթը` «տոքթ. Պէսսյէր»ի ստորագրութեամբ: Բժիշկը կը պատմէ, որ Ֆրանսայի մէջ շատերը կը կարծեն, թէ ծաղիկի դէմ պատուաստը կը յառաջացնէ շարք մը այլ հիւանդութիւններ, որոնց շարքին ժանտատենդ (typhoid), բարակացաւ, սուրաւանդ (sclerosis) եւ կը նուազացնէ մտային կարողականութիւնը:
Պատուաստներու պատմութեան մէջ յաջորդ մեծ յայտնաբերումը կը պատկանի ֆրանսացի գիտնական Լուի Փասթէօրին, որ 6 Յունիս 1885-ին կը փորձարկէ կատաղութեան դէմ առաջին պատուաստը՝ զայն ներարկելով ինը տարեկան Ժոզէֆ Միսթէրին: Կատաղած շուն մը խածած էր տղան, եւ ներարկումին շնորհիւ կարելի եղած էր փրկել անոր կեանքը: Փասթէօրի եւ Ռոպըրթ Կոխի (յայտնաբերած է հիւծախտի յարուցիչը) նուաճումներուն շնորհիւ մանրէաբանութիւնը շուտով մեծ վերելք կ՚ապրի, եւ 1930-ականներուն կը ստեղծուին տիֆթերիայի, հիւծախտի, anthrax-ի, քոլերայի, ժանտախտի եւ այլ հիւանդութիւններու պատուաստները:
Պատուաստներու պատմութեան մէջ անհրաժեշտ է առանձնացնել նաեւ ամերիկացի մանրէաբան Մորիս Հիլլըմանի անունը, որուն մասնագիտական գործունէութիւնը ամէնէն արգասաբերը կը նկատուի: Հիլլըմանի յայտնաբերումներու շարքին են կարմրուկի, խոզուկի, հեփաթիթ А-ի, հեփաթիթ B-ի, ջրծաղիկի, մենինժիթի, թոքերու բորբոքման եւ հեմոֆիլուսային կռիփին դէմ պատուաստները:
Պատուաստներու ստեղծման պատմութեան մէջ, հետաքրքրական մէկ այլ դրուագ ալ կապուած է ամերիկացի գիտնական Ճոնըս Սոլքի իրագործման հետ: Սոլք ստեղծած է փոլիոյի առաջին արդիւնաւէտ պատուաստը, որ անվտանգ յայտարարուեցաւ 12 Ապրիլ 1955-ին եւ լայն կիրարկութեան մէջ մտաւ: Թէեւ այդ ժամանակներու չափանիշներով հսկայական գումարներ ծախսուած էին պատուաստներու ստեղծման եւ փորձարկումին համար, Ճոնըս Սոլք չի փափաքիր իր անուան արտօնագրել իր յայտնաբերումը: Հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ լրագրողը հարց կու տայ Սոլքին, թէ որո՛ւն կը պատկանի արտօնագրման իրաւունքը, գիտնականը կու տայ հետեւեալ պատասխանը.
«Ժողովուրդին, ես կ՚ըսէի. արտօնագիր պիտի չըլլայ: Միթէ կարելի՞ է արտօնագրել արեւը»: