ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Տարի մը առաջ, 26 յունուար 2020-ին, գրած էի պսակաձեւ ժահրի` Չինաստանի մէջ յայտնաբերումին եւ անոր վտանգաւոր զարգացումներուն մասին: Այդ գրութեամբ անդրադարձած էի պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան պատմականին եւ անակնկալ, արագընթաց ու վտանգաւոր համաճարակի վերածուելու հաւանականութեան: Նոյնիսկ հաստատած էի, որ մարդկութիւնը կը գտնուի առողջապահական աննախընթաց պատերազմի մը` «Երրորդ համաշխարհային պատերազմի» առջեւ: Այդպէս եղաւ եւ ամբողջ աշխարհ տարիէ մը ի վեր դէմ յանդիման կը գտնուի պատմական աննախընթաց իրողութեան մը` համատարած պսակաձեւ ժահրի եւ անոր հիւանդութեան համաճարակին դիմաց:
Պսակաձեւ ժահրի հիւանդութիւնը այդ թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր դարձած է ամբողջ աշխարհի պատուհասը: Պսակաձեւ ժահրը կայծակի արագութեամբ հասած է աշխարհի բոլոր ծայրամասերը: Կան հարիւր միլիոնէ աւելի վարակեալներ, երկու միլիոնէ աւելի մահեր: Ան անդամալուծած է համայն մարդկութիւնը: Երկիրներ, քաղաքներ եւ գիւղեր անդամալուծուած են: Ստեղծուած է կեանքի նոր ապրելակեպ, նոր կենցաղ եւ նոր մտածելակերպ: Փոխուած են ընկերային փոխյարաբերութիւնները, ժողովուրդներու ընկերային շարժումները, կրթական, դրամատնային, առեւտրական հաստատութիւններուն, գործարաններուն, օդանաւային ընկերութիւններուն, մշակութային եւ արուեստի կեդրոններուն գործելաձեւը: Տեղի կ՚ունենան համաշխարհային տնտեսական ծանր իրավիճակ, շրջափակում-արգելափակում, ճամբորդութիւններու առկախում, կրթական հաստատութիւններու փակում, գեղարուեստականմշակութային ձեռնարկներու եւ կրթական համակարգի նորաձեւութիւն` առցանց ուսումնառութիւն, նոյնպէս` երգահանդէսներու, նուագահանդէսներու, ցուցահանդէսներու առցանց կատարում եւ ներկայացում: Ապրելակերպի նորաձեւութիւն մը պարտադրուած է համայն մարդկութեան: Կեանքի նոր համակարգ մը պարտադրուած է բոլորիս: Համակարգ մը, որ չի խնայեր ոեւէ մէկը: Հարուստը աղքատին հետ, մեծը պզտիկին հետ, խելացին անմիտին հետ, ուսեալը տգէտին հետ, կամայակամայ ընդունած են ապրիլ այս նոր համակարգին մէջ, որովհետեւ այլընտրանք չունին: Այս ժահրը սահմաններ չի գիտեր, ան մտած է ամէն տեղ` առանց արտօնագիրի: Ան աներեւոյթ թշնամի մըն է, որ կը հարուածէ բոլորը: Ան շատ աւելի վտանգաւոր է երեւելի թշնամիներէն:
Տարի մը առաջ, համաճարակի սկզբնաւորութեան, ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը 1500 էր, իսկ այսօր` հարիւր միլիոնէ աւելի: Այդ օրերուն մահ չէր արձանագրուած, իսկ այսօր մահացածներուն թիւը անցած է 2 միլիոնը: Այս թիւերուն դիմաց մարդկութիւնը շուարած է, անճրկած եւ յուսահատ: Ամէն տեղ խուճապ եւ անորոշութիւն կը տիրէ ապագայի հաշուոյն: Գոյատեւելու պայքար մը կը մղուի ամբողջ մարդկութեան կողմէ պատերազմի մը դէմ, որ ռազմական չէ, այլ` ժահրային: Անկաշկանդ կը հնձէ միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Այսօր բոլորս կ՚ապրինք պսակաձեւ ժահրի արհաւիրքով: Ան մեր առօրեային մաս կը կազմէ: Շարունակ կը հետեւինք պետական եւ առողջապահական պատասխանատու անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններուն: Մեծ յոյսով կը սպասենք լաւատեսութեան նշոյլներ:
Այս քստմնելի իրավիճակը նկատի ունենալով եւ հիմնուելով նոր տուեալներու վրայ` կ՚ուզեմ կրկին եւ մանրամասնօրէն անդրադառնալ առեղծուածային ժահրին եւ հիւանդութեան:
Covid-19 ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը coronaviridae ժահրն է: Այս ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1960-ին: Ան ունի պսակի (crown) կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով:
Պսակաձեւ ժահրը կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ` չղջիկները, օձերը եւ շատ մը ընտանի անասուններ: Վարակումը այս անասուններէն մարդուն շատ դիւրին է անասուններով, հաւերով եւ օձերով խճողուած շուկաներու մէջ, ինչպէս նաեւ` մորթուած անասուններու վաճառման շուկաներու եւ սպանդանոցներու մէջ:
Պսակաձեւ ժահրը կ՚ապրի վարակեալին քիթին, կոկորդին, բերնին, խռչափողին, շնչափողին եւ թոքին մէջ, այլ խօսքով` քթախլնահեղուկին, լորձունքին, եւ շնչառական վարի խողովակներու խլնահեղուկին մէջ:
Պսակաձեւ ժահրը կը յառաջացնէ փորհարութիւն եւ շնչառական վերին ու վարի խողովակներու հիւանդութիւններ: Մարդիկ հազուադէպօրէն կը վարակուին պսակաձեւով: Մարդոց սկզբնական վարակումը տեղի կ՛ունենայ վարակուած անասուններուն դպչելով եւ կամ անոնց կղկղանքին, մէզին եւ լորձունքին ենթակայ ըլլալով:
Պսակաձեւ ժահրերը, հակառակ մանրէներուն, մարմնէն դուրս չեն բազմանար, սակայն երկար կ՚ապրին: Անոնք մարմնէն դուրս աւելի կ՚ապրին, երբ շրջապատուած ըլլան լորձունքով եւ քթախլնային հեղուկով:
Պսակաձեւ ժահրը անձէ անձ կը փոխանցուի վարակակիրին օդին մէջ տարածած կա-թիլիկներուն (droplets) ներշնչումով: Վարակակիրը կաթիլիկները իր շուրջը կը տարածէ հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը նաեւ կը վարակուի, երբ ան դպչի վարակեալին ձեռքերուն, երեսին եւ անոր գործածած իրեղէններուն, ուր տեղ գտած կ՚ըլլայ պսակաձեւով հարուստ քթախլնային հեղուկը կամ լորձունքը: Վարակումը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ նեղ, գոց եւ վատ օդափոխուող վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` խճողուած, բազմամարդ հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ` մարզասրահ, ժողովասրահ, համերգասրահ, երաժշտանոց, ճաշարան, մարզադաշտ, մեծ վաճառատուն, եկեղեցի կամ համագումարներու, նուագահանդէսներու, երգահանդէսներու եւ խրախճանքներու ընթացքին:
Պսակաձեւ ժահրին օդին մէջ տարածուիլը կամ հեռաւոր տեղեր փոխադրուիլը տակաւին յստակ չէ, օրինակ` անոր տարածումը տան մէջ մէկ սենեակէ միւսը կամ տան օդափոխման (ventilation) խողովակներու միջոցով:
Ժահրին փոխանցումը սննդեղէններու, կղկղանքի եւ մէզի միջոցով չէ փաստուած մինչեւ օրս: Հակառակ այդ իրողութեան` շուկայէն գնուած բոլոր պտուղները եւ բանջարեղէնները լուալու ենք մաքուր ջուրով:
Պսակաձեւ ժահրը կը պատահի որեւէ տարիքի եւ որեւէ եղանակի, սակայն առաւելաբար` ամրան: Պսակաձեւ ժահրը առաւելաբար կը հարուածէ տարեցները եւ մասնաւորապէս 70 տարեկանէն վեր, երկարատեւ եւ մնայուն հիւանդութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ՝ տկար ախտամերժութիւն (immunity) ունեցող անձերը: Երեխաները հազուադէպօրէն կը վարակուին:
Պսակաձեւ ժահրի հիւանդութիւնը ընդհանրապէս պարզ հարբուխի նշաններով կը յայտնուի: Սկզբնական ախտանշաններն են քթահոսք, կոկորդացաւ, մեղմ ջերմ, դող, յոգնածութիւն, գլխացաւ, առաւել` փորի ցաւ, փսխունք եւ փորհարութիւն: Այս ախտանշանները կը տեւեն ընդհանրապէս քանի մը օր, եւ վարակեալը շուտով կ՚ապաքինի: Վարակեալներուն տասը տոկոսը ապաքինման ընթացքէն կը շեղի եւ կ՚անցնի հիւանդութեան յաջորդ փուլ, ուր կ՚ունենայ բարձր ջերմ, համի եւ հոտի կորուստ, մկանային սաստիկ ցաւ, հազ եւ շնչառական վարին ու վերին խողովակներու լուրջ բորբոքումներ` քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), խռչափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ (trachiitis), ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (broncheolitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Ծայրայեղ պարագաներու կրնան պատահիլ լեարդի եւ երիկամի մտահոգիչ բորբոքումներ: Երեխաներ կ՚ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան տկարութիւն: Տարեցներ, տկար ախտամերժութիւն, մարդկային ախտամերժողականութեան ժահր (HIV) ունեցողները եւ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) հիւանդութենէ տառապողները աւելի հակամէտ կ՚ըլլան ունենալու վերոյիշեալ ծանր հիւանդութիւնները:
Վարակեալը կրնայ ախտանշաններ ունենալ կամ ոչ: Ախտանշանները կը սկսին վարակումէն անմիջապէս ետք կամ յաջորդող 14 օրերու ընթացքին: Վարակեալը, որ ախտանշաններ չունի, կրնայ վարակել առողջ անձ մը:
Վարակուած ըլլալը փաստելու միակ միջոցը ժահրին քիթին եւ կամ կոկորդին մէջ ըլլալու քննութիւնն է, այլ խօսքով, քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումն է (culture): Դրական արդիւնքի պարագային, վարակեալը պէտք է մեկուսանայ տան մէջ, ախտանշան ունենայ կամ ոչ: Մեկուսացումի ընթացքին ախտանշան չունեցողը, եթէ ախտանշաններ ունենայ, պէտք է մեկուսանայ 14 օր` ախտանշանները սկսելէ ետք:
Պսակաձեւ ժահրի ախտաճանաչումը կը կատարուի քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումով, արեան քննութիւններով եւ թոքի Ք-ճառագայթային նկարումով: Ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք վարակեալը պէտք է ինքնամեկուսացումի դիմէ տան մէջ:
Պսակաձեւ ժահրի դարմանումը, պարզ պարագաներուն, կը կատարուի տան մէջ հանգիստ ընելով, սննդարար կերակուրներ ուտելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաները եւ բարդութիւններ ունեցողները պէտք է խնամուին հիւանդանոցի մէջ եւ ենթարկուին լուրջ դարմանական միջոցառումներու` Dexamethasone եւ հակաջերմ դեղեր, թթուածին, օժանդակ շնչառութիւն եւ ներերակային հեղուկներ:
Պսակաձեւ ժահրի այլափոխուած տեսակներ երեւան եկած են կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Հարաւային Ափրիկէ, Անգլիա եւ Պրազիլ: Կը կարծուի, որ այս նոր տեսակի ժահրերը աւելի վտանգաւոր են: Անոնք արդէն յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:
Հակառակ պսակաձեւ ժահրի յարձակողական եւ անկաշկանդ շարժման ու տարածման` բժիշկներ եւ գիտնականներ տարիէ մը ի վեր, համաճարակի ամբողջ ընթացքին զգուշաւորութեան եւ կանխարգիլման քարոզչութիւն կատարեցին` հիմնուելով ժահրին փոխանցման եւ տարածման յատկութիւններուն վրայ:
Պսակաձեւ ժահրի կանխազգուշական եւ կանխարգիլման հիմնական միջոցները հետեւեալներն են.
Ա.- Դիմակի գործածութիւն: Այսօր դիմակի գործածութիւնը պարտաւորիչ է վարակակիրին եւ ոչ վարակակիրին համար: Դիմակի գործածութիւնը արգելք կը հանդիսանայ վարակեալին քիթի եւ բերնի պսակաձեւ ժահրով հարուստ խլնահեղուկին օդին մէջ տարածման: Իսկ անոր գործածութիւնը առողջ անձի մը կողմէ կը պաշտպանէ զայն եւ արգելք կը հանդիսանայ օդին մէջ գտնուող ժահրի մուտքին անոր քիթէն եւ բերնէն ներս, այսինքն ան դժուար թէ վարակուի:
Գոյութիւն ունին տեսակաւոր դիմակներ:
1.- Պարզ բժշկական դիմակներ: Անիկա կը գործածուի բժիշկներու, հիւանդանոցի անձնակազմին եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ: Անիկա կը գործածուի միայն մէկ անգամ:
2.- N95 դիմակ: Ասիկա աւելի պաշտպանողական է: Բժշկական անձնակազմը առաւելաբար կը գործածէ այս տարբերակը: Հակառակ անոր, որ ան ալ մէկ անգամ գործածուելու համար պատրաստուած է, սակայն ներկայիս փորձեր կը կատարուին հականեխելէ ետք կրկին գործածելու համար:
3.- Կտաւէ կամ տարբեր տեսակ լաթերէ պատրաստուած դիմակ: Ասիկա կազմուած պէտք է ըլլայ երկու կամ երեք խաւերէ: Ան կը ծծէ անհատին արտահանած լորձունքը եւ քթախլնահեղուկը. այսպիսով, անոնք առիթ չեն ունենար օդին մէջ տարածուելու: Այս տեսակի դիմակը կը լուացուի եւ կրկին կը գործածուի:
Շնչահեղձութիւն ունեցող անձեր, անգիտակից հիւանդներ եւ մինչեւ երկու տարեկան մանուկներ պէտք չէ գործածեն դիմակ:
Դիմավահանը (*)-face shield-ը քիթը եւ բերանը չի ծածկեր, հետեւաբար քիթը եւ բերանը անմիջական կապ կ՚ունենան շրջապատին հետ: Անիկա առանձնաբար պէտք չէ գործածուի: Ան կը գործածուի դիմակին հետ միատեղ:
Ակնապահպանակը (*)-googgle-ը կը պաշտպանէ միայն աչքերը, հետեւաբար անոր գործածութիւնը արգելք չի հանդիսանար լորձունքի եւ քթախլնահեղուկի տարածման:
Բ.- Երկու մեթր հեռաւորութիւն` երկու անձերու միջեւ: Նոյնիսկ արտօնուած վայրերու մէջ մարդոցմէ երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելու է, որպէսզի վարակումի կարելիութիւնը նուազի:
Գ.- Ձեռքերը յաճախ օճառջուրով լուալ 20 երկվայրկեան:
Լաւատեսութեան նշաններ
Կարելի է ըսել, որ անցնող ամիսներուն, յոռետեսութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլ մը երեւան եկաւ մեր երկնակամարին վրայ: Տարի մը առաջ, պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան դէն պատուաստ գոյութիւն չունէր: Սակայն այսօր, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, շատ մը երկիրներու մէջ դեղաշինութեան զանազան ընկերութիւններու գիտնականներ տքնաջան աշխատանքի լծուեցան, պետութիւններ հսկայական նիւթական ներդրումներ կատարեցին, եւ մեծ թիւով փորձարկութիւններ կատարուեցան կամաւոր անհատներու վրայ, եւ, ի վերջոյ, գտնուեցաւ «հրաշք» պատուաստը: Ներկայիս բազմաթիւ պատուաստի տեսակներ պատրաստութեան մէջ են տարբեր երկիրներու մէջ:
Պատուաստին որոշ տարբերակներ արդէն որդեգրուած են շատ մը երկիրներու պետական առողջապահական մարմիններու կողմէ, եւ պատուաստումը սկսած է աւելի քան ամիսէ մը ի վեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործածուի Ամերիկեան Moderna-ի Covid 19 պատուաստը: Քանատայի պարագային, պետութիւնը ներկայիս որդեգրած է պատուաստին երկու տարբերակները` Moderna Covid 19 պատուաստը եւ PfizerBionTech Covid 19 պատուաստը:
Moderna պատուաստը կը տրուի 18 տարեկանէն վեր անձերու: Այս պատուաստը կը սորվեցնէ մեր բջիջներուն ինչպէս արտադրել բնասպիտ մը (protein), որ ախտամերժութիւն կը յառաջացնէ առանց կենդանի ժահրը ստանալու: Պատուաստումէ ետք մարմնին մէջ կը պատրաստուին հակամարմիններ (antibodies), որոնք կը պայքարին ապագայ վարակումի դէմ, այսինքն` մարմնէն ներս մուտք գործող ժահրին դէմ: Պատուաստումը կ՚ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի պզտիկ ասեղով մը բազուկի մկանէն կը սրսկուի 0,5 մլ հեղուկ պատուաստը: Երկու փուլերը կը կատարուին մէկ ամսուան ընթացքին: Երկրորդ փուլի պատուաստէն 14 օր ետք Moderna Covid 19 պատուաստը 94,1 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար պսակաձեւ ժահրի հիւանդութիւնը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՚ըլլայ երկրորդ պատուաստէն 14 օր ետք: Այս պատուաստը կողմնակի մասնաւոր բարդութիւններ չի ստեղծեր, սակայն որեւէ մէկ պատուաստի նման` ան կրնայ յառաջացնել մեղմ ջերմ, ցաւ, դող, յոգնածութիւն: Հազուադէպօրէն կը պատահի մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն: Անոնք, որոնք բացայայտ մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն ունին, շատ զգոյշ ըլլալու են կամ պէտք չէ ստանան այս պատուաստը:
PfizerBioNTech Covid 19 պատուաստը կը գործածուի 16 տարեկանէն վեր անձերու: Ան հիմնականօրէն կը պարունակէ mRNA-ը, որ Ribonucleic acid-ն է: Պատուաստումը այս պարագային դարձեալ կ՚ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի կը սրսկուի 0,3 մլ հեղուկ պատուաստը` պզտիկ ասեղով մը, բազուկի մկանէն: Երկու փուլերը կը կատարուին 21 օրերու ընթացքին: Երկրորդ փուլէն շաբաթ մը ետք այս պատուաստը 95 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար պսակաձեւ ժահրի հիւանդութիւնը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՚ըլլայ երկրորդ պատուաստէն շաբաթ մը ետք: Այս պատուաստը կը գործէ նախորդին նման:
Երկու պատուաստներն ալ ապահով են եւ վաւերացուած են Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան կողմէ եւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու առողջապահական մարմիններուն կողմէ: Մանուկներ եւ ընդհանրապէս յղի կիներ պէտք չէ ստանան պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան դէմ որեւէ տեսակի պատուաստ:
Անոնք, որոնք անցեալին վարակուած են այս հիւանդութեամբ, կրնան ստանալ պատուաստը: Իսկ անոնք, որոնք Tylenol, Motrin եւ Advil կը գործածեն, պատուաստը ստանալէ երկու օր առաջ պէտք է դադրին այս դեղերը գործածելէ, որովհետեւ անոնք արգելք կը հանդիսանան հակամարմիններու կազմութեան մարմնին մէջ:
Վերոյիշեալ երկու պատուաստներէն անկախ, արդէն երեւան եկած են այլ պատուաստներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` Novavax եւ Johnson and Johnson adeno-26 պատուաստները: Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ Չինաստան եւ Ռուսիա ունին իրենց առանձնայատուկ պատուաստները, որոնք կը կիրարկուին իրենց ժողովուրդին:
Հարկ կը զգամ անդրադառնալ պսակաձեւ ժահրի առնչութեամբ կանխազգուշական կարգ մը կարեւոր ուղեցոյցներու եւ ցուցմունքներու, որոնք կը միտին բոլորին առողջութեան եւ ապահովութեան: Այսպէս, ուրեմն`
– Հետեւիլ պետականառողջապահական կեդրոններու ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն, ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն:
– Զանգահարել առողջապահական յատուկ գրասենեակ, երբ ճամբորդութենէ նոր վերադարձած ենք եւ ջերմ ունինք:
– Կատարել պսակաձեւ ժահրի քննութիւն` վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք: Դրական պատասխանի պարագային, պէտք է մեկուսանանք 14 օր:
– Դիմակ գործածել հանրութեան մէջ, վարակուած ըլլանք կամ ոչ եւ երկու մեթր հեռաւորութիւն պահել ուրիշներէ:
– Հաւանական ախտահարուածները, որոնք ախտանշաններ չունին, հարկ է որ ինքնամեկուսանան:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը պարտաւորիչ չէ: Նոյն ձեռնոցը մէկ անգամ գործածել:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը օգտակար է պաշտպանուելու համար ժահրով ծածկուած կամ կասկածելի իրերէ, առարկաներէ եւ մակերեսներէ: Անոր գործածութիւնը ըլլալու է շատ ուշադրութեամբ: Ձեռնոցը գործածելէ ետք չշփել երեսը, քիթը, բերանը եւ աչքերը: Ինքնապաշտպանութեան ձեռնոցը զգուշութեամբ հանել ձեռքէն, որպէսզի թագաժահրերը չփոխադրուին մեր ձեռքին վրայ:
– Վաճառատուն մտնելու եւ ելլելու պահուն հականեխել ձեռքերը:
– Վաճառատան մէջ շատ ապրանքներու չդպչիլ:
– Վաճառատունէն տուն վերադառնալէ ետք ձեռքերը շատ լաւ լուալ:
– Հետեւիլ առողջութեան` ֆիզիքական եւ մտային մարզանք ընել, սննդարար կերակուր ուտել եւ առատ ջուր խմել:
– Կատարել սովորական եւ ընթացիկ առողջապահական միջոցառումներ`
– Կատարել ինքնամեկուսացում,
– Ձեռք չսեղմել, չհամբուրուիլ, երեսերեսի հպում չունենալ,
– Բարեւել ձեռքի եւ գլխու շարժումով կամ արմուկները իրարու դպցնելով,
– Ձեռքերը յաճախ լուալ ջուրով եւ օճառով կամ շփել նուազագոյնը 60 տոկոս ալքոլ պա-րունակող հեղուկներով,
– Ձեռքերը աչքերուն, քիթին եւ բերանին չտանիլ,
– Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ կամ թուղթէ թաշկինակի մէջ ու թափել թաշկինակը անմիջապէս աղբամանին մէջ,
– Չմօտենալ հազացող եւ փռնգտացող անձերու,
– Օրական քնանալ 6-8 ժամ եւ ամէն օր լոգնալ տաք ջուր-օճառով,
– Հում միս չուտել,
– Ուտել բնասպիտով հարուստ եւ քիչ շաքար պարունակող կերակուր, ինչպէս նաեւ` գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէններ,
– Բանջարեղէնները եւ պտուղները լաւ լուալ, ապա ձեռքերը օճառով լուալ,
– Բաւարար Տի. կենսանիւթ (vitamin D) խմել, արեւու ճառագայթէն օգտուիլ օրական 30 վայրկեան,
– Աւելորդ կենսանիւթեր չգործածել, որովհետեւ անոնք յատուկ դերակատարութիւն չունին թագաժահրէ պաշտպանուելու համար,
– Լողաւազաններու մէջ յարգել երկու մեթր հեռաւորութեան պայմանը,
– Հաւաքական լողաւազաններու մէջ առանձին բաղնիք եւ լուացարան գործածել,
– Ինքնամեկուսացումի ընթացքին ընկճուածութենէ եւ ճնշուածութենէ հեռու մնալու համար կատարել ֆիզիքական եւ մտային զանազան մարզանքներ` կարդալ, գրել, գծել, երաժշտութիւն ունկնդրել, հեռատեսիլի հետեւիլ, հարազատներու հետ հեռաձայնով խօսիլ եւ մարմնամազանքի հետեւիլ,
– Լաւատես, համբերատար, հանդարտ եւ խոհեմ ըլլալ,
– Խուճապի չմատնուիլ, դրական կեցուածք ունենալ կեանքի հանդէպ,
– Անհատապէս եւ հաւաքաբար, այս ծանրակշիռ օրերուն, ըլլալ շրջահայեաց, կատարել անհատական ինքնապաշտպանութիւն եւ հաւաքական պաշտպանութիւն` ի շահ մեր անձին եւ մեր շուրջիններուն:
***
Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան 2 փետրուար 2021-ի տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ օրս վարակուած են 103 միլիոն անձեր, եւ մահացած են 2.232.000 ուրիշներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուած են 26 միլիոն եւ մահացած են 437.964 անձեր.
Քանատայի մէջ վարակուած են 778.972 եւ մահացած են 20.032 անձեր.
Ֆրանսայի մէջ վարակուած են 3 միլիոն եւ մահացած են 76.114 անձեր:
Սպանիոյ մէջ վարակուած են 2,7 միլիոն եւ մահացած են 57.806 անձեր:
Իտալիոյ մէջ վարակուած են 2,5 միլիոն եւ մահացած են 88.845 անձեր:
Հայաստանի մէջ վարակուած են 167.231 եւ մահացած են 3089 անձեր:
Լիբանանի մէջ վարակուած են 303.072 եւ մահացած են 3142-5 անձեր:
Կը մաղթեմ լաւագոյնը ամբողջ մարդկութեան:
(*) Դիմավահան եւ ակնապահպանակ բառերը յօդուածագրին կողմէ առաջարկուած են: