ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Վերջին տասնամեակներուն, սեռային դաստիարակութեան հարցը ամէնէն այժմէական հարցերէն մէկը կը նկատուի արդի ընկերութեան համար: Ան ոչ միայն բժիշկներու, ուսուցիչներու, այլ նաեւ պետութեանց մտահոգութեան հարց է, քանի որ սեռային գետնի վրայ ճիշդ դաստիարակուած սերունդը ապագային կը կազմէ կայուն եւ երջանիկ ընտանիք մը, որ իր կարգին կը հանդիսանայ հզօր պետականութեան հիմքը:
Լաւ կամ վատ, անկախ մեր ցանկութենէն, սեռային դաստիարակութիւնը ինքնաբերաբար տեղի կ՚ունենայ շրջապատի, ընթերցանութեան, շարժապատկերի, հեռատեսիլի կամ համացանցի միջոցով: Սեռային դաստիարակութեան իմաստը շատ լայն է, ան շրջապատին՝ ընտանիքին, դպրոցին, փողոցին, ազդեցութիւնն է անհատին վրայ, այլ խօսքով՝ բոլորը կը դաստիարակեն, բայց կարեւորը այն է, թէ ո՞վ եւ ի՞նչպէս կը դաստիարակէ:
Սեռային դաստիարակութեան առաջին դպրոցը տունն է, իսկ առաջին ուսուցիչը` ծնողքը: Ծնողներէն շատերը այն կարծիքին են, որ իրենք ընդունակ չեն երեխաներուն համապատասխան բացատրութիւններ տալու, իսկ մէկ մասին կարծիքով ալ սեռային դաստիարակութիւնը պէտք է սկսիլ աւելի ուշ: Տակաւին այն կարծիքը պաշտպանողներ ալ կան, որ սերունդներ հասունցած են առանց սեռային դաստիարակութեան եւ երեխան կարելիին չափ հեռու պէտք է պահել սեռային հարցերէն, պահպանելու համար անոր մանկական անմեղութիւնը: Ընդհակառակն, սեռային դաստիարակութիւնը պէտք է սկսիլ կանուխ, համապատասխան երեխայի տարիքին եւ հասունութեան, որպէսզի ժամանակ ունենանք զինք նախապատրաստելու հետագայ լուրջ զրոյցներու:
Սեռային դաստիարակութիւնը բարոյական դաստիարակութեան հիմնական մասը կը կազմէ եւ կը դժուարանայ այն ժամանակ, երբ զայն կ՚անջատենք դաստիարակութեան միւս ճիւղերէն: Այդ պատճառով դաստիարակելով երեխային մօտ ազնուութիւն, աշխատասիրութիւն, անկեղծութիւն, ուղղամտութիւն, ճիշդ խօսելու սովորութիւնը, կը դիւրացնենք նաեւ սեռային դաստիարակութիւնը: Կարեւոր է նաեւ մանկութենէն երեխաներու մօտ դաստիարակել սէր եւ հոգատարութիւն ծնողներու, եղբայրներու, քոյրերու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ ուշադրութիւն եւ օգնելու պատրաստակամութիւն շրջապատին հանդէպ:
Ի՞նչու համար կարեւոր է սեռային դաստիարակութիւնը .-
Սեռային դաստիարակութիւնը կ՚օգնէ, որ պատանին եւ պարմանուհին արբունքը թեւակոխեն որոշակի սեռային գիտելիքներով: Ան կը նպաստէ դեռահասի ֆիզիքական եւ բարոյական աճին, կ՚օգնէ անոր` ձերբազատելու հասունութեան շրջանի բարդութիւններէն, կը նպաստէ անձնատուր չըլլալու սեռային մոլութիւններու եւ հակառակ սեռին հետ մշակելու յարգալից յարաբերութիւններ:
Սեռային դաստիարակութեան շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ դեռահասը ազատել ամօթխածութեան կեղծ զգացումէն: Անոր մօտ դաստիարակելով յարգանք կեանքի ամէնէն կարեւոր հանգրուանին՝ այր մարդու եւ կնոջ յարաբերութեան հանդէպ, որպէսզի ան մեծնայ որպէս անհատ ու ատակ ըլլայ հետագային ընտանիք կազմելու:
Կարեւոր նախապայման է, որ սեռային դաստիարակութեան ընթացքին, ամէն ինչ ըլլայ «չափի մէջ», երեխային տարիքին համապատասխան, որպէսզի անիկա դեռահասներուն մօտ չարթնցնէ աւելորդ հետաքրքրութիւն եւ սեռային ցանկութիւն: Երբ առկայ է վստահութեան մթնոլորտ եւ երեխան համարձակութիւն ունի ծնողքին կամ ուսուցիչին հետ խօսելու արգիլուած նկատուող նիւթերու մասին, ուրեմն առնուած է մեծագոյն քայլը դաստիարակութեան դժուարին գործին մէջ:
Որո՞ւն վերապահուած է սեռային դաստիարակութեան դերը
Քանի որ սեռային դաստիարակութիւնը ընդհանուր դաստիարակութեան մէկ մասը կը կազմէ, հետեւաբար մեծ դեր վերապահուած է առաջին հերթին ծնողքին, ապա՝ ուսուցիչին:
Սակայն այնպիսի հարցեր, ինչպէս սեռի կազմութիւնը, առողջապահութիւնը, հիւանդութիւնները, անոնց կանխարգիլումը, կը պահանջեն բժշկական հսկողութիւն:
Սեռային դաստիարակութիւնը կատարել գիրքերո՞վ, ծնողքի՞, թէ ուսուցիչի միջոցով, ասոնք հարցեր են, որոնք վերջնական լուծում չեն գտած ոչ մէկ երկրի մէջ: Իսկ հարցը այժմէական է եւ կարեւոր: Կիրառման եղանակերը եւ միջոցները կապ ունին տուեալ ժողովուրդի սովորոյթներուն, կենսամակարդակին, քաղաքակրթութեան աստիճանին:
Շատ մը երկիրներ, տարիներ առաջ, արդէն սկսած են կիրառել զայն. օրինակ՝ Զուիցերիոյ հանրակրթական դպրոցներու երկսեռ դասարաններուն մէջ, 11-12 տարեկան աշակերտներու սեռային դաստիարակութեան մասին շաբաթական երեք ժամ տեւողութեամբ դասաւանդութիւն կայ: Կը բացատրեն մարդու ծնունդը, սեռը, մարդակազմութիւնը, կը պատասխանեն աշակերտներուն գրաւոր անանուն նամակներուն: Միեւնոյն ժամանակ, լուսաբանելու նպատակով՝ ծնողներուն կը տրուի համապատասխան գիրքերու ցանկ մը: Դասաւանդումը կ՚իրագործուի գիտութեան ուսուցիչին եւ բժիշկին կողմէ: Դասընթացքին երկրորդ բաժինը կը տրուի 15-16 տարեկաններուն. կ՚ուսուցանուին այր մարդու եւ կնոջ զգացական աշխարհները, նաեւ՝ ընկերութեան եւ ընտանիքէն ներս սեռային կեանքին հետ կապուած հարցեր:
Ուշացած կ՚ըլլանք, եթէ սեռային հարցերու մասին բացատրութիւններուն սկսինք արբունքի շրջանին, որովհետեւ անչափահասը զինք հետաքրքրող հարցերուն պատասխանները ստացած կ՚ըլլայ շրջապատի «դպրոցէն»: Ըստ ժամանակակից հոգեբաններու, երբ ծնողները երեխաներուն սեռային դաստիարակութիւնը ձգեն «ինքնահոսի», ապա անոնք ձեւով մը «յանցագործութիւն» կատարած կ՚ըլլան հարազատ զաւկին նկատմամբ:
Դիւրացնելու համար ծնողքի դաստիարակչական մօտեցումը, նախ պէտք է ծանօթանալ, թէ երեխան ծնունդէն ետք մարմնական փոփոխութիւններու հետ հոգեբանական ի՛նչ զարգացում կ՚ունենայ: (Յաջորդ թիւով):