Նախաձեռնութեամբ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ գործակցութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, 11 մարտ 2019-ին, Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ նիստքննարկում մը` արծարծելով այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս երկրի մը հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան սեռերու հաւասարութիւն յառաջացնել:
Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿ-ի բաժանմունքներու եւ զանազան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց երկշաբաթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներուն, ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը` սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին:
Առաջին զեկուցաբերը` Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանեան կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սե-ռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ: Երկրորդ խօսողը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ատենապետ, ճարտարագէտ Մարիա Մեհրանեան տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցի զարգացման աշխատանքներուն: Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման:
Վերջին զեկուցաբերը` Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետուհի դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄ-ի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզին մէջ: Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան ծրագիրներուն գործադրութիւնը` ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներուն միջեւ, որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներն ու կարիքները:
Աշխատանիստը վարեց ՀՕՄ-ի` ՄԱԿ-ի մէջ աշխատանքները համադրող Քրիստինա Մեհ-րապոտ, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն ու յիշեցուց, թէ Հայ օգնութեան միութիւնը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը եւ Համաշխարհային դրամատունը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ ճիգ չեն խնայեր պաշտպանելու կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները:
Այս տարուան երկշաբաթեայ Կիներու յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է «կիներու հզօրացումը` պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւններուն եւ հիմնակառոյցին ընդմէջէն»: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 9000 ներկայացուցիչներ, որոնք Նիւ Եորք եկած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն ՀՕՄ-ը առողջապահական յանձնախումբին հետ պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄ-ի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու:
1910-ին հիմնադրուած ՀՕՄ-ը կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական աշխատանք տանելով անխտիր հայ թէ օտար համայնքներու մէջ: Նուիրուած իր առաքելութեան եւ բազմաթիւ մարդասիրական ծրագիրներու գործադրման, միութիւնը զօրավիգ կանգնած է կիներուն` իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերելու իրենց գաղութներու հզօրացման, դաստիարակչական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն մէջ: Տարիներէ ի վեր, ՀՕՄ-ը` իբրեւ լիիրաւ անդամ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC), գործունեայ կը մնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: